«Սփիւռքի Կառոյցներու 600 Եւ Աւելի Ղեկավարներ Հաստատած Են Իրենց Մասնակցութիւնը Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ Համաժողովին».Հրանոյշ Յակոբեան

Այսօր տեղի  ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:

Վարչապետի առաջարկով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան տեղեկացուցած է, թէ ինչ աշխատանք  կատարուած է ս.թ. սեպտեմբեր 18-21 տեղի ունենալիք Հայաստան-Սփիւռք հերթական համահայկական համաժողովի նախապատրաստութեան ուղղութեամբ:

«Նախորդ համաժողովը տեղի ունեցած է 2011 թուականին: Այս տարի 600 եւ աւելի սփիւռքի կառոյցներու ղեկավարներ հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը, եւ այդ գործընթացքը կը շարունակուի: Համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ղեկավարութիւնը եւ բոլոր համահայկական կառոյցներու ղեկավարները,  Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, Կաթողիկէ պատրիարքը եւ միւս բոլոր առաջնորդները:

Համաժողովի բացումը տեղի պիտի ունենայ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, բացումը պիտի կատարէ հանրապետութեան վարչապետը:

Տեղի պիտի ունենան երեք լիագումար եւ ըստ ուղղութիւններու չորս նիստեր:

Օրակարգին կ’ըլլան Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առնչուող թեմաները, երկրորդ` սուրիահայերու եւ արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայերու անվտանգութեան հիմնախնդիրները, երրորդ հարցը կը վերաբերի լեզուի պատշպանութեան եւ մամուլին, չորրորդ հարցը` Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան կառուցակարգերու կատարելագործմանը: Այս համաժողովի ծիրէն ներս  տեղի պիտի ունենայ նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու 7-րդ համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին 120 խմբագիր սփիւռքէն եւ Հայաստանի մամուլի ներկայացուցիչները:

Նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները համապատասխան գերատեսչութիւններու, նախարարութիւններու, կառոյցներու հետ մենք կ’իրականացնենք: Կ’ակնկալենք, որ կառավարութեան անդամները, գերատեսչութիւններու ղեկավարները կը մասնակցին համաժողովին եւ քննարկումներուն»,- իր խօսքին մէջ ըսած է  Հրանուշ Յակոբեան:

Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան  մամլոյ ծառայութենէն:

Scroll Up