ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը Հանդիպած Է Եւրոհայկական 23-րդ Խաղերու Մասնակիցներուն Հետ

Մարտ 31-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Աւստրիա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Վիեննայի մէջ  հանդիպած է Եւրոհայկական 23-րդ խաղերու մարզիկներուն հետ: Նախարարը նախ շնորհաւորած է բոլորը սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ եւ կարեւոր համարած աշխարհի 15 երկիրներէ (Հոլանտա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Պելճիգա, Չեխիա, Ռուսաստան, Նորվեկիա, Վրաստան, Անգլիա, Իտալիա, Զուէյցերիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Հայաստան, Թուրքիա, Աւստրիա)  շուրջ 750 մասնակիցներու ներկայութիւնը համահայկական մարզական այս ձեռնարկին` նշելով, որ այն մէկ անգամ եւս կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը:

Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծած է, որ Համաեւրոպական խաղերու կազմակերպումը սոսկ մարզական ձեռնարկ չէ, այլ ազգային համախմբման ուղղուած բացառիկ գործողութիւն:

«Ցանկանում եմ` բոլորդ նոյն խանդավառութեամբ ձեր Հայրենիք գաք` միասին տօնախմբելու Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորման, Մայիսեան հերոսամարտերի 100 եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակներին նուիրուած յոբելեանական միջոցառումները»,-նշած է Սփիւռքի նախարարը:

  Նախարարը սփիւռքահայ երիտասարդներուն յորդորած է կառչած մնալ իրենց արմատներուն, ազգային ինքնութեան, օտար ափերու վրայ սրբօրէն պահպանել Մայրենին եւ սերտացնել կապը Հայրենիքի հետ: Հրանոյշ Յակոբեան նաեւ անոնց հրաւիրած է` մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի   նախարարութեան կողմէ յուլիս 6-8 կազմակերպուող Երիտասարդական համահայկական համաժողովին:

Այնուհետեւ Սփիւռքի նախարարը Եւրոհայկական 23-րդ խաղերուն մասնակցող խումբերուն յանձնած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներ, իսկ Վիեննայի «Արարատ» հայկական միութեան պատուոյ նախագահ Սեպուհ Պաղտոյեանին պարգեւատրած է Երախտագիտութեան մետալով:

Աւելցնենք, որ Համաեւրոպական խաղերն ամէնամեայ են եւ տեղի կ’ունենան եւրոպական որեւէ երկրի մէջ` Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան եւ ատոր նախորդող օրերուն:

 

 

 

 

Scroll Up