Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մասնակցած Է Լիբանանահայ Գործարարներու Հետ Հանդիպման

Մարտ 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ մասնակցած է լիբանանահայ գործարարներու հետ հանդիպման:

Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցած է մտքերու փոխանակում Հայաստանի զարգացման հեռանկարներու եւ առկայ խնդիրներու վերաբերեալ: Երկուստեք կարեւոր համարուած է ուժեղ սփիւռքի առկայութիւնը: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան նշած է, որ մեր հայրենակիցներն անկախ իրենց գտնուելու վայրէն անհանգիստ են իրենց հայրենիքի ապագայի համար:

 

Scroll Up