ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Իրանահայ Ազգային Գործիչ Արշաւիր Քէշիշեանը
Մարտ 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Թեհրանի Հայ ուսումնասիրաց «Չհարմահալ» միութեան կեդրոնական վարչութեան նախագահ Արշաւիր Քէշիշեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարարը բարձր գնահատեց իրանահայ երիտասարդներու շուրջ Մայրենիի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ուղղուած անոր ջանքերը, Իրանի հայ համայնքի զարգացման ուղղութեամբ ծաւալած ազգային-հասարակական գործունէութիւնը, միութեան մէջ մշակութային ծրագիրներու ու ձեռնարկներու կազմակերպումը: Քննարկուեցան նաեւ համայնքային հիմնախնդիրներուն առնչուող շարք մը այլ հարցեր:
Իրանահայ գործիչը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, վստահեցուց, որ այսուհետեւ աւելի պիտի սերտացուի փոխգործակցութիւնը նախարարութեան հետ: Ան նշեց նաեւ, որ սեպտեմբեր 18-20 մասնակցած է Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին, որ, ըստ իրեն, շատ արդիւնաւէտ անցած է:
Հանդիպման աւարին նախարարը յորդորեց, որ իրանահայ համայնքն աշխուժօրէն մասնակցի յառաջիկայ` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100, ինչպէս նաեւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին նուիրուած յոբելենական ձեռնարկներուն: