Տեղի ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարին Կից Հասարակական Խորհուրդի Նիստը

Օգոստոս 31-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարին կից հասարակական խորհուրդի հերթական նիստը:
Հայ համայնքներու կրթամշակութային խնդիրներու լուծման ուղղուած ծրագիրներու մասին զեկուցեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար ֆիրդուս Զաքարեան: Ան նշեց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը հայապահպանութեան ուղղուած գործունէութեան ծիրէն ներս կ’իրականացնէ տարածաշրջանային կրթամշակութային ծրագիրներ: Նախորդ տարիներուն մշակուած եւ յաջողութեամբ իրականացուած են «Աջակցութիւն Մերձաւոր սփիւռքին» (2010-2017թթ), «Հարաւային (Լատինական) Ամերիկայի հայ համայնքներու կրթամշակութային հիմնախնդիրներու լուծման աջակցութիւն» (2009-2012թթ), «Աւստրալիոյ հայ համայնքներու կրթամշակութային հիմնախնդիրներու լուծման աջակցութիւն» (2013-2014թթ), «ԱՊՀ հայ համայնքներուն մէջ կրթամշակութային հիմնախնդիրներու լուծման աջակցութիւն» (2012-2015թթ.), «Կրթամշակութային աջակցութիւն հայ համայնքներուն (Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ հայ համայնքներ)» (2016-2017թթ.), «Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներու հայ համայնքներու կրթամշակութային զարգացման աջակցութիւն» (2016-2017թթ.) ծրագիրները:
Անդրադառնալով հայապահպանութեան եւ հայադարձութեան հարցերուն` նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Այն բոլոր կազմակերպութիւններին, ում հետ աշխատում ենք, առաջարկեցինք հայադարձութեան ծրագիր, որն ընդգրկել ենք մեր հայեցակարգում, ամրացնել կապը համայնքների հետ, խառանամուսնութիւններից ծնուած երեխաների մօտ ուժեղացնել հայկական գենը: Հայադարձութեան ամենագլխաւոր ազդակը, որ ուղարկել ենք աշխարհին, հետեւեալն է. «Հայը նա է` ով իրեն հայ է զգում»: Շատերը յայտարարեցին իրենց հայկական ծագման մասին: Մեր ամենամեծ օգնականները պիտի լինեն Սփիւռքի կազմակերպութիւնները»:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Տեղեկատուական եւ ուսուցողական կայքերու մշակման եւ սպասարկման ծառայութիւններ» ծրագիրի կատարման ընթացքին մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան: Զեկուցողը նշեց ոլորտին մէջ առկայ հիմնախնդիրները` անդրադառնալով սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի պահպանման եւ տարածման օրակարգային խնդրին: «Սփիւռքահայութեան ստուար հատուածը չի տիրապետեր կամ մասնակիօրէն կը տիրապետէ մայրենի լեզուին: Գրականութիւնը յաճախ արեւելահայերէն է եւ աբեղեանական ուղղագրութեամբ, որուն սփիւռքահայութեան ստուար զանգուած մը վատ կը տիրապետէ, որ լրացուցիչ խոչընդոտ է սփիւռքի տարբեր հատուածներու եւ հայրենիքի միջեւ շփման համար: Հայկական սփիւռքի տարբեր հատուածներուն մէջ լեզուապահպանութեան խնդրի լուծման առաջնային միջոցներէն է առցանց բազմալեզու բառարաններու նոր ձեւաչափի ստեղծումը հայերէնի եւ այլ լեզուներու միջեւ: Այս ծառայութիւնները մէկտեղուած են www.translator.am հասցէին գործող համացանցային փոխարկիչ ծրագիրի գործառոյթներուն զուգահեռ», – աւելցուց ան:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գործունէութեան մասին զեկուցեց «Հայերն այսօր» ել. պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Լուսինէ Աբրահամեան: Անդրադառնալով կայքի նպատակներուն, խնդիրներուն` զեկուցողը նշեց, որ պարբերականը Հայաստանի մէջ գործող միակ պետական լրատուամիջոցն է, որն ունի արեւմտահայերէն տարբերակ: Վերջինս միտուած է Սփիւռքի նախարարութեան` արեւմտահայերէնի պահպանութեան քաղաքականութեան իրականացման:
«Նպատակակէտ ունենալով բացառապէս համայն հայութեան գերակայ շահը` «Հայերն այսօր»-ի աշխատանքային կարեւոր սկզբունքը համագործակցութիւնն է Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ գործող մշակութային, գիտական, ուսումնական կառոյցներու, համահայկական կազմակերպութիւններու հետ», – նշեց զեկուցողը:
Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի, Ռուսաստանի հայերու միութեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ յայտարարուած գիտական եւ ստեղծագործական լաւագոյն աշխատանքներու համահայկական հերթական «Մրցանակաբաշխութիւն 2016»-ի արդիւնքներուն վերաբերեալ զեկուցում ներկայացուց համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան փոխնախագահ Վլատիմիր Աղայեան: Զեկուցողը նշեց, որ «Մրցանակաբաշխութիւն 2016»-ը թեմատիկ մրցանակաբաշխութիւն է եւ տեղի կ’ունենայ «Համազգային միասնութիւնը հաւաքական ուժի եւ հզօրութեան գրաւական» նշանաբանով: Այն նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին: Մրցանաբաշխութեան հիմնական նպատակն է նպաստել 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմակայելու գործին մէջ գիտութեան, գրականութեան եւ մշակոյթի դերի բարձրացման, Հայաստանի գիտական եւ ստեղծագործական մտաւորականութեան գործունէութեան աշխուժացման, աջակցիլ երկրի մտաւոր կեանքի աշխուժացման:
Մրցանակաբաշխութեան մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիան, Գրողներու միութիւնը, ՀՀ Երաժշտահաններու միութիւնը, Շարժանկար արտադրողներու միութիւնը, Նկարիչներու միութիւնը եւ Լրագրողներու միութիւնը:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ’ունենայ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի նախարարութիւններուն հետ համագործակցութեամբ:
«Արդիւնքները ցոյց կու տան, որ ներկայացուած գրեթէ բոլոր նիւթերը արտացոլած են Հայաստանի անկախութեան պատմական նշանակութիւնը, մեր հերոսական ժողովուրդի ձեռքբերումները, համայն հայութեան միասնութիւնն ու միաբանութիւնը` հայոց պետականութեան կայացման, համազգային նուիրական նպատակներու իրականացման համար: Աշխատանքներուն մէջ արտացոլուած են նաեւ համազգային շահերու շուրջ հայութեան երեք հատուածներու` Հայաստան, Սփիւռք, Արցախ համախմբման համար անհրաժեշտ խնդիրներու վերլուծութիւնն ու ատոնց լուծման եղանակներու հիմնաւորումները: Մրցանակային ընդհանուր ֆոնտը կազմած է 42 մլն դրամ», – աւելցուց Վ. Աղայեան:
Ամփոփելով նիստը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց սփիւռքեան կառոյցներու եւ անհատներու մասնակցութիւնը նախարարութեան ծրագիրներուն, համահայկական մրցանակաբաշխութեան:
Նախարարն անդրադարձաւ սեպտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ իրականացուող «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» Հայաստան-Սփիւռք հերթական վեցերորդ համահայկական համաժողովի աշխատանքներուն, կազմակերպական եւ բովանդակային հարցերուն:
Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց, որ ընելիքներ շատ կան, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան նպաստող առաջնահերթ խնդիրներէն մէկն ալ հպարտ, յաղթող հայու կերպարի կերտումն է: