Շահան Գանտահարեան. Բարի եւ անխափան երթ Սփիւռքի նախարարութեան

Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրութեան եօթնամեակին առիթով կը շնորհաւորեմ նախարար Հրանուշ Յակոբեանն ու նախարարութեան ամբողջ անձնակազմը։

Կ՜ուզեմ կեդրոնանալ յատկապէս տեղեկատուական ոլորտի վրայ, ուր հետեւողական, նպատակաուղղուած եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք այսօր կանոնաւոր հերթականութեամբ կը գործէ նախարարութեան կից համահայկական լրատուադաշտի ներկայացուցչիները համախմբած արդէն կայացած կառոյց, որուն գործառոյթները շատ արագ յստակացուած են եւ որուն իբրեւ դրական արդիւնք մի քանի կարեւոր իրագործում կարելի է արձանագրել։ Նախ այն, որ լրագրողներու եւ ընդհարապէս լրատուամիջոցների միջեւ փոխճանաչողականութիւնը բաւական ճանապարհ անցած է։ Համագումարներու առիթով համախմբուած լրագրողական մարդուժը կը շարունակէ իրար միջեւ նիւթեր փոխանակել, քննարկումներ կազմակերպել եւ համագործակցութիւնը ծաւալել։

Համագումարներու միջեւ ինկող ժամանակահատուածին համաժողովները համակարգող խորհուրդը կանոնաւոր հերթականութեամբ գումարած է եւ կը շարունակէ գումարել իր նիստերը, քննել առաջնահերթութիւնները, հետեւիլ հակառակորդներու սանձազերծած ապատեղակատուական արշաւներուն, հակազդել յաճախ եւ այս կարեւոր գործընթացներուն կամուրջ հանդիսանալ հայաստանեան եւ սփիւռքեան լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն միջեւ։

Տեղեկատուական դաշտի համախմբումն ու նպատակուղղուած աշխատանքը առաջնային խնդիր է թէ՜ համահայկական խնդիրներու շուրջ ներազգային միասնականութիւն ձեւաւորելու եւ թէ արտաքին ճակատի վրայ հակառակորդնեու նախաձեռնութիւնները չէզոքացնելու եւ միջազգային հանրային կարծիքը ճիշդ կողմնորոշելու ուղղութիւններով։ Սփիւռքի նախարարութիւնը ամենայն նեցուկ, աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ այս աշխատանքի ճիշդ հունաւորման եւ արդիւնաւէտութիւն ապահովելու համար։ Բարի եւ անխափան երթ Սփիւռքի նախարարութեան։

Շահան Գանտահարեան

“Ազդակ”-ի գլխաւոր խմբագիր

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կից գործող լրագրողներու համահայկական համագումարները համակարգող խորհրդի նախագահ

Scroll Up