«Հալէպ» ՀԿ-ը Եւ ՀՀ-ի ՄԷջ Ճափոնի Դեսպանատունը Կը Միաւորեն Ջանքերը Ի Նպաստ Սուրիահայերու Զբաղուածութեան Խնդրի Լուծման

«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը («Հալէպ» ՀԿ-ը) եւ ՀՀ-ի մէջ Ճափոնի դեսպանատունը մարտ 14-ին  ստորագրեցին «Ալեպպօ Քուիզին» կեդրոնին տրամադրուող դրամաշնորհի պայմանագիրը` Մարդկային անվտանգութեան «Grassroots» ծրագիրներուն ուղղուած դրամաշնորհային աջակցութեան ծիրէն ներս: Ինչպէս Հայերն այսօր-ին կը տեղեկացնեն «Հալէպ» ՀԿ-էն:

Արարողութեան ներկայ էին ՀՀ-ի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պարոն Էյճի Տագուչին, Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հասարակական ապահովութեան վարչութեան պետ Ռուզաննա Զաքարեան, ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Քրիստոֆ Պիերուիրթը, Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան «Սուրիացի փախստականներու տնտեսական ներգրաւումը Հայաստանի մէջ» ծրագիրի փորձագէտներ Կարինէ Սիմոնեան եւ Մարտին Հիպշը:

Իր դերով եւ նշանակութեամբ «Ալեպպօ Քուիզին» կեդրոնն առաջին հասարակական ձեռնարկատիրական ծրագիրն է, որուն գործունէութենէն գոյացած ողջ շահոյթը պիտի ծառայէ խոցելի կարգավիճակի մէջ գտնուող սուրիահայերու համար նոր աշխատատեղեր հիմնելուն եւ սուրիահայ ընտանիքներուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելուն:

Նկատի ունենալով սուրիահայերու, մասնաւորապէս սուրիահայ կանանց շրջանին մէջ առկայ գործազրկութեան բարձր մակարդակը եւ հաշուի առնելով անոնց հիմնական կարողութիւններէն խոհարարական հմտութիւններու տիրապետումը` «Հալէպ» ՀԿ-ը կը հիմնէ «Ալեպպօ Քուիզին» արեւելեան խոհանոցը, որ նպատակ ունի ստեղծել աշխատատեղեր սուրիահայ կանանց համար ու նպաստել անոնց տնտեսական ու ընկերային ներգրաւումը Հայաստանի մէջ: Արեւելեան խոհանոցի հիմնումը նպատակ ունի նաեւ խթանել յատուկ կարիքներ ունեցող սուրիահայերու ներգրաւումը քաղաքացիական կեանքին մէջ:

«ՀՀ-ի մէջ Ճափոնի դեսպանատունը միանալով «Ալեպպօ Քուիզին» կեդրոնի հիմքին ինկած գաղափարախօսութեան` այն է ապահովել արժանապատիւ կեանք փախստական դարձած սուրիահայերուն համար, իր աջակցութիւնը կը բերէ կեդրոնի շինարարական աշխատանքներն իրականացնելու եւ տարածքը խոհանոցային միջավայրին համապատասխանեցնելու գործին մէջ` տրամադրելով 40 հազար 635 ԱՄՆ տոլար», – կը նշէ  «Հալէպ» ՀԿ-ի գործադիր տնօրէն Սարգիս Բալխեան:

«Ես ուրախ եմ, որ Ճափոնի կառավարութիւնը համատեղելով իր ջանքերը միջազգային կառոյցներուն հետ կը կարենայ իր ուրոյն նպաստն ունենալ Հայաստանի մէջ գտնուող փախստականերու բարօրութեան ապահովման գործին մէջ: Ալեպպօ Քուիզին սոցիալական ձեռնարկատիրական ծրագրին աջակցիլը  նոր էջ մը կը բանայ մեր գործունէութեան մէջ: Լիայոյս եմ, որ այս նոր էջին մէջ Ալեպպօ Քուիզին կեդրոնը միայն կ’ունենայ յաջողութիւններ», – կը նշէ ՀՀ-ի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պարոն Էյճի Տագուչին:

«Ալեպպօ Քուիզին» սոցիալական ձեռնարկատիրական ծրագրին իրենց աջակցութիւնը բերած են նաեւ ԱՄՆ-ի Տեխաս նահանգի Հիւսթոն քաղաքի Սբ. Գէորգ հայ առաքելական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը եւ Գերմանիոյ Միջազգային Համագործակցութեան ընկերութիւնը:

Մասնաւորապէս, Սբ. Գէորգ հայ առաքելական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի` յանձին ատենապետ Վրէժ Քոլանտճեանի ու Տէր եւ տիկին Օսթերպաուր-Դանիէլեաններու ջանքերու շնորհիւ հանգանակուած է բաւարար գումար, որ թոյլ  տուած է «Հալէպ» ՀԿ-ին գնել արեւելեան խոհանոցի տարածքը: Իսկ Գերմանիոյ Միջազգային Համագործակցութեան Ընկերութեան կողմէ տրամադրուած աջակցութեան շնորհիւ խոհանոցը զինուած է անհրաժեշտ խոհանոցային տեխնիկայով, իսկ նոր ձեւաւորուած աշխատակազմը` համապատասխան գիտելիքներով եւ հմտութիւններով:

Յիշեցնենք` «Հալէպ» ՀԿ-ն իր գործունէութեան առանցքին մէջ ունենալով բարեգործութիւնը` սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով Հայաստանի մէջ ապաստանած 6100 սուրիահայու կը տրամադրէ մարդասիրական օգնութիւն, կը մշակէ եւ կ’իրականացէ տեւական ծրագիրներ, որոնք ուղղուած են Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերու առաջնային խնդիրներուն` բնակարանային եւ աշխատանքի խնդիրներու լուծման: Կազմակերպութեան գործունէութիւնը նաեւ կը նպաստէ սուրիահայերու  սոցիալ-մշակութային, հոգեւոր եւ ֆիզիկական, կրթական, գիտական զարգացման Հայաստանի մէջ:

Scroll Up