Դեկտեմբեր 24-ին Տեղի Պիտի Ունենայ Կաղանդ Պապաներու Ամանորեայ Վազքը

Դեկտեմբեր 24-ին ժամը 10:00-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ամանորի բարի վազք» բարեգործական վազքարշաւը:
Ան կը կազմակերպեն Երեւանի քաղաքապետարանը, «Երեւանի կիսամարաթոն»-ի կազմակերպչական խումբը ու «Թրայքլաբ» ակումբը:
Կաղաբդ պապայի տարազով վազորդները «Վազէ՛ եւ օգնէ՛» կարգախօսին ներքոյ Երեւանի կեդրոնական փողոցներով վազելով պիտի անցնին 5 քմ․ տարածութիւն:
Բարեգործական վազքարշաւի նպատակն է աջակցիլ սուրիահայ ընտանիքներուն:
Վազքարշաւին կրնան մասնակցիլ բոլոր ցանկացողները, իսկ երեխաները` միայն իրենց ծնողներուն հետ: Մասնակիցները պիտի ստանան կաղանդ պապայի համազգեստներ:
Վազքը պիտի սկսի Հանրապետութեան հրապարակէն: Մասնակցութեան վճարը 5000 դրամ է: Տեղեկութիւններու համար կրնաք զանգահարել 055 88 66 37 հեռաձայնի թիւին:
Մասնակցութեան յայտերն կ՛ընդունուին մինչեւ Դեկտեմբեր 23:
Վազքարշաւի համար առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ 12:30 պիտի դադրեցուի Հանրապետութեան, Ստ. Շահումեանի եւ Սախարովի անուան հրապարակներու, Վազգէն Սարգսեան, Նալպանդեան, Պուշկին եւ Աբովեան փողոցներու երթեւեկութիւնը: