Հանդիպում Դամասկոսի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան հանդիպած է Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ արքիեպիսկոպոս Նալպանտեանի եւ Դամասկոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, նախարարը համայնքի ներկայացուցիչներուն տեղեկացուցած է Սուրիա կատարած այցի ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ տարբեր պաշտօնեաներու հետ տեղի ունեցած քննարկումներու արդիւնքներուն մասին: Ան նշած է, որ ուրուագծուած են նախադրեալներ` ստեղծելու համատեղ արտադրութիւններ եւ սուրիացի գործարարներուն հնարաւորութիւն ընձեռելու, Հայաստանի մէջ արտադրութիւն ծաւալելով, մուտք գործել ԵԱՏՄ եւ ԵՄ շուկաներ: Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ նախարարը ներկաներուն հետ քննարկած է համայնքի խնդիրները, ինչպէս նաեւ պատասխանած դամասկոսահայութիւնը յուզող հարցերուն:
Սուրիա կատարած այցի ծիրէ ներս Հայաստանի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ ՍԱՀ ներդրումներու հիմնարկութեան եւ Սուրիոյ առեւտրաարդիւնաբերական պալատին մէջ: