Կայացած Է «Սուրիահայերու Միութիւն. Անցած Ու Յետագայ Ուղին» Ամփոփիչ Ձեռնարկը
Փետրուար 15-ին «Անի Պլազա» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան գործունէութեան եւ ձեռքբերումներու ներկայացման ձեռնարկը:
Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան` մասնաւորապէս նշելով Սուրիահայ գործարարներու ներգարաւման եւ կայացման հարցին մէջ «Սուրիահայերու միութեան» կարեւորութիւնը եւ նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ միութեան հետ սերտ ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը:
Ձեռնարկին մասնակցեցան ներկայացուցիչներ ՀՀ Տնտեսական Զարգացման եւ Ներդրումներու, Սփիւռքի նախարարութիւններէն, Հայաստանի Զարգացման Հիմնադրամէն, «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամէն, «Արծիւ» հիմնադրամէն, Ի-Վի քոնսալթինքէն, ՍՄ քոնսալթինգէն, Հայաստանի Աւետարանչական Եկեղեցիէն, ինչպէս նաեւ UNHCR, GIZ, World Vision, Հայկական Կարմիր Խաչ, Հայկական Կարիտաս, VDI/VDE-IT, KAZA, AGBU, ABA, AUA եւ միջազգային ու հայաստանեան այլ կառոյցներէ:
«Սուրիահայերու միութիւնը» կը մատուցէ ծառայութիւններ, որոնք կ’օգնեն գործարարութեան զարգացման: Իր հիմնական նպատակի իրականացման` սուրիահայերու ներգարաւման նպաստելու համար, միութիւնը նախաձեռնած է երկու նոր նախագիծ․
Ինֆոհաբ – մէկ պատուհանի սկզբունքով աջակցման համակարգ, որ բաց է հասարակութեան համար,
Սուրիահայերու արդիւնաբերական գօտի (ՍՀԱԳ) – մասնագիտացուած գործարար ծառայութիւններու հզօր հարթակ` միտուած սուրիահայերու տնտեսական ներգարաւման ընդլայնման:
Ձեռնարկին ընթացքին վերոյիշեալ նոր ծրագիրներու ծառայութիւններէն օգտուելու համար միութեան անդամագրուեցան հրաւիրուած 30 սուրիահայեր:
Տարբեր հարցերու մէջ «Սուրիահայերու միութեան» աջակցութիւն եւ խորհրդատուութիւն տրամադրած է GIZ կազմակերպութիւնը: Եւ այժմ, GIZ ծրագիրի աւարտին, միութիւնն ունի նոր աջակից` UNHCR-ը: «Սուրիահայերու միութիւն»-ը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ՀՀ կառավարութեան, գործընկերներուն, «Սուրիահայերու միութեան» տիկնանց յանձնախումբին, անդամներուն եւ կամաւորներուն` իրենց արժէքաւոր լուման ներդնելու եւ կազմակերպութեան առաքելութեան հաւատարիմ մնալու համար: Հէնց այդ ներդրումներուն շնորհիւ է, որ միութիւնը ոչ միայն ձեւաւորած է տնտեսական ներգրաւման արդիւնաւէտ հարթակ, այլեւ պիտի շարունակէ եւ առաւել ընդլայնէ շահառուներուն մատուցած իր ծառայութիւնները:
Լուսանկարները` Պրեստիժ մեդիա գրուպի եւ Սեդրակ Երեմեանի
Պաշտօնական կայք` www.syrarbi.am