Սուրիահայ Երեխաները Մասնակցեցան Պատանի Երկրապահներու Երդման Արարողութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/03/ս-2.jpg)
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը մարտ 5-ին սուրիահայ խումբ մը երեխաներ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ ներկայ գտնուած են հրամանատարա-սերժանտական դասընթացներ անցած պատանի երկրապահներու երդման հանդիսաւոր արարողութեան: Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուած են ցուցադրական ելոյթներ, շարային երթ, ծաղկեդրման արարողութիւն` երկրապահ ազատամարտիկներու, երիտասարդ եւ պատանի երկրապահներու մասնակցութեամբ:
Աւելցնենք, որ երդման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր Երկրապահ կամաւորականներու միութեան հիմնադիր, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան օրուան կապակցութեամբ Հայաստանի , Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ կազմակերպուած համահայկական ձեռնարկներու ծիրէն ներս: