Բռնադատուած Հայ Մտաւորականները Յիշատակի Օր Կ’ունենան

Մարտ 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ, ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ էդուարդ Միլիտոնեանը: Նախարարը հետաքրքրուեցաւ ժամանակակից սփիւռքահայ գրականութեան խնդիրներով, անդրադարձաւ սփիւռքահայ գրողներու մեծարման ու հանրահռչակման, յոբելեաններու կազմակերպման ու ստեղծագործութիւններու հրատարակման առնչուող հարցերուն:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձան բռնադատուած գրողներու` Եղիշէ Չարենցի, Ակսել Բակունցի, Վահան Թոթովենցի, Գուրգէն Մահարիի, Զապէլ Եսայեանի եւ այլոց յիշատակի օրը համատեղ` ՀՀ սփիւռքի, մշակոյթի նախարարութիւններու եւ գրողներու միութեան մասնակցութեամբ նշելու կազմակերպական հարցերուն:

Քննարկումներու արդիւնքով որոշուեցաւ բռնադատուած հայ մտաւորականներու, մշակութային գործիչներու յիշատակի օրը նշել ՀՀ օրէնքով սահմանուած` Բռնադատուածներու յիշատակի օրը` յունիս 14-ին:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հալէպահայ գրող, հասարակական գործիչ Թորոս Թորանեանի ծննդեան 90 ամեակին նուիրուած համատեղ ձեռնարկներու կազմակերպման հետ կապուած հարցերուն:

Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ հայ գիրքի, գրականութեան եւ մշակոյթի դերը հայապահպանութեան, երիտասարդ սերունդի հայեցի դաստիարակման գործին մէջ:

Scroll Up