Վահրամ Փիրջանեան. «Անմիջական Շփման Ընթացքին Միայն Հնարաւոր Է Ցանկալի Արդիւնքի Հասնիլ»

Սեպտեմբեր 19-20 Երեւանի մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ պիտի  կայանայ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը: Համահայկական կառոյցներու ղեկավարներ եւ անդամներ, լրագրողներ, մշակոյթի, կրթութեան գործիչներ, գործարարներ եւ հոգեւոր դասի շուրջ 700 ներկայացուցիչ` աւելի քան 60 երկրէ, պիտի քննարկեն համահայկական նշանակութիւն ունեցող հարցեր:

Համաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ Հայկական առեւտրային ցանցի (ՀԱՑ) եւ Հայ-քանատական առեւտրի պալատի նախագահ Վահրամ Փիրջանեան: Քանատահայ գործարարը, որ մասնակցած է Հայաստան-Սփիւռք նախորդ 4 համաժողովներուն, ունի յստակեցուած պատկերացումներ, եւ ինչ  կ’ակնկալէ նմանօրինակ համաժողովներէ.

«Մեր ոլորտի մարդոց համար Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին մասնակցութիւնը կարեւոր կը համարուի նախ եւ առաջ համագործակցութեան խնդիրով: Ինչպէս տեղեկացայ ծրագիրէն, համաժողովի ամենակարեւոր հարցը Ցեղասպանութեան 100-ամեակն է, բայց ատոր զուգահեռ օրակարգին մէջ են նաեւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող այլ հարցեր, ինչպէս օրինակ` սուրիահայերու խնդիրը, Հայաստանի հետ համայնքներու համագործակցութեան, ներդրումներու հետ կապուած հարցերը եւ այլն:

Իրականութեան մէջ, Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին ներկայ գտնուելու իմ ամենամեծ պատճառը այն է, որ կարենամ մօտիկէն ծանօթանալ այն երկիրներու աշխատանքներուն, համայնքային կառոյցներուն, ուր Հայկական առեւտրային ցանցը աշխատանքներ կ’իրականացնէ: Օրինակ` եւրոպական կամ ամերիկեան երկիրները,  եւ վստահ եմ, որ այդ երկիրներէն ներկայացուցիչներ պիտի ըլլան համաժողովին: Նախորդ 4 համաժողովներուն ժամանակ ես նկատած եմ, որ մասնակիցներու մեծամասնութիւնը գործարար ոլորտի ներկայացուցիչներ են կամ մարդիկ, որոնք իրենց համայնքներուն, երկիրներուն մէջ նշանակալի դերակատարութիւն ունին, համայնքներու կարեւոր անձերն են:

Դէմ դիմաց նստիլը տարբեր  հարց է, հեռախօսով, նամակագրութեամբ ծանօթութիւնը, շփումը` տարբեր: Անմիջական շփման ընթացքին դուն երկու, հինգ, տաս վայրկեանի ընթացին կրնաս հանգիստ զրուցել եւ ճիշդ ձեւով բացատրել, թէ որն է Հայկական առեւտրային ցանցի գաղափարը, նպատակն ու առաքելութիւնը: Որ եթէ նոյնիսկ իրենք չեն պատասխանատուները, կարենան իրենց համայնքներուն մէջ ճիշդ ձեւով ներկայացնել մեր աշխատանքները,  խօսին պատասխանատու անձերու հետ, որ վերջիններս եւս կարենան մասնակցիլ ցանցի ծրագիրներուն: Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին մասնակցելու իմ հիմնական նպատակը սա է»:

Յ.Գ. Վահրամ Փիրջանեանի հետ «Հայերն այսօրի» հարցազրոյցը կը ներկայացնենք յառաջիկային:

Պատրաստեց Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up