Տեղի Ունեցաւ Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Հերթական Նիստը
Փետրուար 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը:
Օրակարգի առաջին հարցին` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակին եւ հայ համայնքներու խնդիրներուն վերաբերեալ զեկուցումով հանդէս եկաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Պապիկեան: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց քաղաքական իրավիճակը Միջին Արեւելքի մէջ, նշեց, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը դեռ փխրուն է, եւ մեր հայրենակիցներուն համար դեռ վաղ է մտածել վերադառնալու մասին:
ՀՀ ԿԱ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ Մնացական Բիչախչեան զեկուցեց 2016 թուականին ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ կացութեան կարգավիճակ ստացած սուրիահայերուն վերաբերեալ տեղեկատուութեան, ինչպէս նաեւ ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներուն եւ յետագայ ընելիքներուն մասին:
ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիերուիրթը ներկայացուց Սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները եւ նախատեսուող ծրագիրները: Պարոն Պիերուիրթ նշեց. «Դեռ վաղ է Սուրիա վերադառնալու կոչեր ընել եւ ամէն ընտանիք ինք պէտք է հաւասարակշռուած որոշում կայացնէ` հաշուի առնելով բոլոր հանգամանքները: Ձգենք, որ իրենք որոշեն»:
Անդրադառնալով սուրիահայերու` Սուրիա վերադառնալու հարցին` նախարարը շեշտեց. «Մեր պետական քաղաքականութեան մէջ չկայ նրանց վերադարձի խնդիր: Ընդհակառակը, մենք ամէն ինչ պէտք է անենք, որ նրանք մնան, հաստատուեն Հայրենիքում: Սիրիահայերը արժէք են Հայաստանի համար»:
Կատարուած աշխատանքներուն եւ նախատեսուող ծրագիրներուն մասին զեկուցեց Հայաստանի մէջ Գերմանական Կարմիր Խաչի Պատեն-Վիւրտեմբերգի երկրամասային կազմակերպութեան (ԳԽՄ ԲՈՒԵԿ) մասնաճիւղի գրասենեակի տնօրէն Մովսէս Պօղոսեան: Ի թիւս այլ հարցերու` զեկուցողն անդրադարձաւ բարեգործական ճաշարաններուն եւ մանկական սնունդի կէտերուն: Ան նշեց, որ այսօր Երեւանի մէջ կը գործէ տաք սնունդի երեք կէտ: Մանկական սնունդի կէտեր բացուած են սահմանամերձ Կոթի եւ Ոսկեւան գիւղերուն մէջ: Շուտով այդպիսի կէտեր կը պատրաստուին բանալու Ջուջեւան եւ Բաղանիս գիւղերուն մէջ:
Գրասենեակի տնօրէնը ներկայացուց նաեւ «Սիւնիք – Զարգացում» ՀԿ-ի ծրագիրի համակարգող Թիլօ Քրոսէին, որ 2017թ.-ին սուրիահայերուն համար աջակցութեան ծրագիր իրականացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է:
Քննարկուեցան ընթացիկ հարցեր: Ամփոփելով նիստը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց միջազգային, բարեգործական, համահայկական կառոյցներու մասնակցութիւնը սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման գործին մէջ: Ամփոփելով նախորդ ամիսներուն տարուած աշխատանքը` նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր գործընկեր կառոյցներուն եւ նշեց. «Անցած տարուայ վերջում Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան ջանքերով սիրիահայերի համար բացուեց պոլիկլինիկա, որտեղ վեց սիրիահայ բժիշկ է աշխատում: Սիրիահայ երեխաների համար ամանորի հանդէսներ են կազմակերպուել: 2016թ. 2189 սիրիահայ է դիմել Սփիւռքի նախարարութիւն: Նախորդ տարուայ Հոկտեմբերի 1-ից Դեկտեմբերի 27-ն ընկած ժամանակահատուածում Հայաստան է ժամանել 155 սիրիահայ, որից` 29-ը` Դեկտեմբերին, 50-ը` Նոյեմբերին, 76-ը` Հոկտեմբերին:
Հայաստան է տեղափոխուել 129 հոգի, իսկ այս տարուայ Փետրուարի 1-ի դրութեամբ` 10 սիրիահայ ընտանիք: Այսօր Սիրիայում իրավիճակը խաղաղ է, բայց կայ ջրի խնդիր: Գործում են դպրոցները, եկեղեցիները, մանկատունը, ծերանոցը: Հոգեւոր առաջնորդները համայնքի կողքին են»: