«Լեզուն տօնական զգեստ չէ, որ մէկ օր հագնելէ յետոյ միւս բոլոր օրերուն անխնայ աղտոտես». Ճուլիետ Մարտիրոսեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը միայն Մայրենիի տօնին առիթով չէ, որ կ’անդրադառնայ մեր լեզուի գրական երկու ճիւղերուն, կը մտահոգուի լեզուական աղաւաղումներուն, արեւմտահայերէնը չկորսնցնելու կարեւոր հարցերով, սակայն Մայրենիի օրն առանձնայատուկ կը նշուի շարք մը ձեռնարկներով, ինչպէս նաեւ`«Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականին մէջ հարցազրոյցներ հրապարակելով ճանչցուած լեզուաբաններու, գրականագէտներու, գրողներու, այլ թերթերու ու ելեկտրոնային պարբերականներու ներկայացուցիչներու հետ: Բազմազբաղ ըլլալով հանդերձ` Մայրենիի տօնին առիթով իմ հարցերուս մեծ սիրով ու պատրաստակամութեամբ պատասխանած է նաեւ մեր հանրապետութեան երկարակեաց թերթերէն մէկուն` «Աւանգարդ»-ի պահապան խմբագիր, լրագրող Ճուլիետ Մարտիրոսեան:
– Յարգարժա՛ն Ճուլիետ, տեղեակ եմ, որ Դուք Մայրենիի անխոնջ ջատագովներէն էք, եւ Ձեր ղեկավարութեամբ երկար տարիներ գործող «Աւանգարդ» թերթը, այսօր արդէն` նոյնանուն ելեկտրոնային պարբերականը, գրեթէ զերծ է լեզուական սայթաքումներէ… Ինչպէ՞ս կը հասնիք նման արդիւնքներու:
– Նախ կ’ուզեմ ընդգծել, որ այնչափ գնահատելի են Սփիւռքի նախարարութեան ու անձամբ Ձեր նախանձախնդիր ու մտահոգ ջանքերը` ոսկեղինիկ մեր մայրենին անաղարտ պահելու ուղղութեամբ: Ինչ կը վերաբերի «լեզուական սայթաքումներէն զերծ» մնալուն` Դուք նրբանկատօրէն շա՜տ մեղմ կ’արտայայտուիք: Պարզապէս հայեցի մտածողութիւն ունենալ եւ գրագէտ ըլլալ պէտք է ` չաղճատելու լեզուն, իսկ ատկէ առաջ` ինքնայարգանք եւ մեր ճկուն լեզուն բարբարոսաբար չասպատակելու բարոյականութիւն պէտք է : Այդ պարագային անհնար է որեւէ «սայթաքում»: Մինչդեռ մերօրեայ հեռուստաեթերներէն ու որոշ կաքերէ հնչող հայերէնը լրջագոյն մարտահրաւէր է հայոց լեզուի լինելիութեան:
-Ամէն տարի Մայրենիի տօնի ծիրէն ներս կը խօսուի հայոց լեզուի աղաւաղումներու մասին, ձեռնարկներ կ’իրականացուին, քննարկումներ, սակայն, կարծես թէ, բան մըն ալ չի փոխուիր…ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել մեր լեզուն այս համատարած «ջարդէն»:
– Կը գնահատեմ Ձեր համեստութիւնը, բայց իմ (եւ ո՛չ միայն իմ) տպաւորութեամբ` հայերէնի պահպանման, ատոր անաղարտութեան խնդրով միայն կամ գոնէ ամէնէն աւելի` Սփիւռքի նախարարութիւնը մտահոգ է, այն ալ` ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Սփիւռքի մէջ:
Ունեցածդ պահպանելու բարոյականութիւնը 365-366 օր անգամ մը կոչեր հնչեցնելով չես ներշնչեր: Լեզուն տօնական զգեստ չէ, որ մէկ օր հագնելէ յետոյ միւս բոլոր օրերուն անխնայ աղտոտես:
Մեր լեզուն այսօր ոչ թէ միայն պահպանել, այլ փրկել պէտք է: Գուցէ քիչ մը կտրուկ հնչէ, բայց լեզուապահպան ոստիկանութիւն պէտք է. որոշակի լիազօրութիւններով օժտուած կառոյց մը, որ անզիջում կը պայքարի լեզուահէններու ու լեզուահէնութեան դէմ: Հինաւուրց մեր լեզուին լաւագոյնս տիրապետող ու այն յիրաւի սիրող մասնագէտներով համալրուած պետական կառոյց, որ կը պաշտպանէ հայոց լեզուի անաղարտութեան իրաւունքը եւ կը պահպանէ հազարամեակներու հետ խօսող մեր մայրենին:
Միանգամայն համամիտ ըլլալով Ճուլիետ Մարտիրոսեանի արտայայտած բոլոր մտահոգութիւններուն հետ եւ կիսելով լեզուապահպանութեան առնչուող անոր մտորումները` կը մնայ յուսալ, որ դարերու խորքէն եկող, հազարումի սուրէ ու հուրէ փրկուած մեր սուրբ, մեր թանկ Մայրենին` Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն, անպայմանօրէն կ’ըլլայ բոլորիս հոգածութեան կեդրոնին մէջ:
Կարինէ Աւագեան