Օքսֆորտի Համալսարանին ՄԷջ Հայկական Ուսանողական Միութիւն Ստեղծած Ենք. «Հայաստան. Ստեղծենք Միասին» Հաւաքի Մասնակից

«Հայերն այսօր»-ի  հարցազրոյցը  Օքսֆորտի համալսարանի «Մաթեմատիքական տրամաբանութիւն»  բաժանմունքի ասպիրանտ Վահագն Ասլանեանի հետ է, որ կը մասնակցէր Յունիս 11-14 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներուն հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած «Հայաստան. Ստեղծենք միասին»  երիտասարդական հաւաքին:

Վահա՛գն, մինչ Օքսֆորտի համալսարան ընդունուիլը, ո՞ւր կուսանէիր :

– Ծնած եւ մեծցած եմ Երեւանի մէջ:   Յաճախած  եմ «Քուանտ»  վարժարանը, նաեւ «Լոյս»  հիմնադրամի ուսանողներէն  եղած եմ: Այս կրթական հաստատութիւնները յաճախելը  հող նախապատրաստեցին, որ բարձրագոյն կրթութիւնս Օքսֆորտի համալսարանին մէջ շարունակեմ: 2011 թուականին ընդունուեցայ Օքսֆորտի համալսարանի «Մաթեմատիքական տրամաբանութիւն» բաժանմունքը:

Ինչու՞ ընտրեցիր հէնց բնական գիտութեան ճանապարհը:

– Դպրոցական տարիներէն հետաքրքրուած  եղած եմ մաթեմատիքայով, միշտ  մասնակցած եմ ողիմպիատաներու, յաղթող ճանչցուած, որոնք ալ յետագային գիտելիքներու հարուստ պաշար ամբարելու համար ոգեշնչման աղբիւր հանդիսացան:

Մասնագիտական ընտրութեան հարցով դիրքորոշումս արդէն յստակ էր. Կը ցանկայի մաթեմատիքոս դառնալ:

Կը կարծեմ` Օքսֆորտի համալսարանին մէջ ուսանիլը որքան բաղձալի, այնքան ալ բարդութիւններով լի է: Ին՞չ դժուարութիւններու կը  հանդիպիս ուսանելու տարիներուն:

– Շատ յագեցած եւ բազմաբովանդակ կ’անցնին օրերը: Այժմ ասպիրանտուրայի մէջ կ’ուսանիմ, դեռ մէկ տարի ալ ունիմ աւարտելու համար: Բնական է, սկզբնական շրջանին անծանօթ միջավայրի մէջ  յայտնուած էի, բայց նոր պայմաններուն արագ ընտելացայ:

Շրջապատին ընդելուզուելուս շատ օգնեց Օքսֆորտի հայ ուսանողներու եւ հայ ընտանիքներու հետ շփումը: Անոնք այնքա՜ն ջերմ, բարեհամբոյր վերաբերմունքի  կ’արժանացնեն զիս, որ կարծես` ընտանիքիս գիրկը ըլլամ: Ի դէպ, Օքսֆորտի մէջ ընդամէնը երեք հայ ընտանիք կ’ապրի:

Իսկ  քանի՞ հայ ուսանող կուսանի Օքսֆորտի համալսարանին մէջ:

-Այս դրութեամբ, 20-է աւելի հայ ուսանող կայ: Հայաստանն ու հայկական մշակոյթն ու պատմութիւնը օտարազգիներուն ներկայացնելու համար` հայ ուսանողներով որոշեցինք Հայկական ուսանողական միութիւն ստեղծել, որ համալսարանին մէջ տարբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպենք:

Ինչպէս օրինակ` անցեալ տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի  քանի մը ձեռնարկ  կազմակերպեցինք, որոնցմէ կ’առանձնացնեմ համերգային երեկոն: Իսկ միութեան կազմին մէջ գործող հայկական ուսանողական երգչախումբը տարբեր առիթներով համերգային ծրագիրներով  հանդէս կու գայ, որոնցմէ մէկը երկու ամիս առաջ տեղի ունեցած  հոգեւոր համերգն էր:

Կարեւոր նախաձեռնութիւն էր Անգլիոյ հայ համայնքի ջանքերով անցեալ տարի Օքսֆորտի կեդրոնական գրադարանին մէջ հայկական մշակոյթին նուիրուած ցուցահանդէսի կազմակերպումը, որուն շնորհիւ շատերը մեր ազգային հարստութիւններուն տեղեկացան եւ դրուատանքի խօսքեր հնչեցուցին:

Համալսարանին մէջ նաեւ հայագիտութեան ամպիոն կը գործէ, ուր հայերէն, գրաբար սորվելու եւ հայկական մշակութային արժէքները ճանչնալու կու գան ոչ միայն հայերը, այլեւ` այլազգիները: Ուսանողներէն նոյնիսկ  թուրք  աղջիկ մը կը ճանչնամ, որ  հայերէն կը սորվի: Հիմա երբ անոր  հանդիպիմ,  հայերէնով  «բարեւ» կ’ըսէ:

Թուրք ուսանողներու շրջանակ մըն ալ կայ, որոնք հայամէտ են եւ մեզի հետ  բարիդրացիական յարաբերութիւններու մէջ կը գտնուին:

Վահա՛գն, ապագադ ինչպէ՞ս կը պատրկերացնես: Օքսֆորտի համալսարանին մէջ ուսումը աւարտելէ ետք պիտի վերադառնաս Հայաստա՞ն, թէ՞ արտասահանի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալես:

-Աւարտելէ ետք Հայաստանի հետ կապը անպայման պիտի պահեմ: Ընտրածս մասնագիտութեան հեռանկարները Հայաստանի մէջ այդքան ալ գոհացուցիչ չեն: Պէտք է աւարտած ուսանողները այդ ուղղութեամբ սրտցաւ աշխատանքներ կատարեն, որպէսզի մաթեմատիքական գիտութիւնները Հայաստանի մէջ զարգացում ապրին:

Կարելի է յետագային մասնագիտական դպրոցներ բանալ, ուր աշխատելու  հրաւիրուին արտասահմանեան տարբեր համալսարաններ աւարտած  հայ ուսանողները: Այդպիսով, անոնք հնարաւորութիւն կ’ունենան իրենց գիտելիքները եւ տարիներու կուտակած փորձը յաջորդ սերունդներուն փոխանցել: Ճիշդ է, հեշտ բան չեմ ըսեր, բայց կարեւորը ցանկութիւնը եւ նպատակասլացութիւնն է:

Մասնակցեցար նաեւ «Հայաստան. ստեղծենք միասին» առաջին երիտասարդական հաւաքին: Տպաւորութիւնները ինչպիսի՞ն են հաւաքին մասին:

– Նախ ըսեմ, որ «Լոյս» հիմնադրամի ուսանողները ամէն տարի ամառը կու գան Հայաստան եւ նմանատիպ հաւաքներու կը մասնակցին:

Ինչ կը վերաբերի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներուն հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած երիտասարդական հաւաքին, ապա այն հետաքրքիր եւ ուսանելի  դարձաւ  ինծի  համար:

Յագեցած ծրագիրով կ’աշխատէինք. այցելեցինք տարբեր կազմակերպութիւններ, ուր ծանօթացանք աշխատանքային պայմաններուն, նաեւ լայնածաւալ քննարկումներ ունեցանք:

Հաւաքին ընդգրկուած էիր Տեղեկատուական արուեստաբանութիւններ աշխատանքային խումբին մէջ: Քու կարծիքով, Հայաստանի մէջ ՏՏ ոլորտը որքանո՞վ զարգացած է:

-Որքան նկատած եմ, Հայաստանի մէջ ՏՏ ոլորտը բաւականին զարգացած է, վարձատրութիւնը բարձր է, աշխատատեղեր կան:

Իմ շրջապատիս մէջ շատ մարդիկ գիտեմ, որոնք հէնց այս բնագաւառին մէջ աշխատելով` մեծ բարձունքներու  հասած են:

Ի հարկէ, դեռ ընելիքներ կան: Պէտք չէ բաւարարուիլ ունեցածով եւ տեղը կանգնած մնալ. նոր հորիզոններ նուաճելու  համար անհրաժեշտ է առաջ սլանալ:

Զրուցեց Գէորգ Չիչեան

Վահագն1

Scroll Up