«Շատ Ծանր Օրեր Ունեցանք Հալէպի Մէջ, Սակայն Մշտապէս Շարունակած Ենք Կրթական Աշխատանքը». Զեփիւռ Էքմէքճեան-Ռէիսեան

Սուրիոյ մէջ ծաւալած երկարատեւ պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին  մեր հայրենակիցներէն շատերը հայրենադարձուեցան. անոնց մէկ  մասը հաստատուեցաւ օտար ափերու վրայ, իսկ  մաս մըն ալ, վտանգի ենթարկելով իր կեանքը, մնաց Սուրիա…շատ հալէպահայեր չլքեցին իրենց բնակավայրը, ապրեցան ու  աշխատեցան դիպուկահարներու ու ռմբակոծութիւններու նշանառութեան տակ անգամ:  Անոնցմէ մէկն ալ` Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ժիրայր Ռէիսեանի յարգարժան տիկին, կոչումով մանկավարժ Զեփիւռ Էքմէքճեան-Ռէիսեանն է, որուն հետ, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի համար ծաւալած հարցազրոյցին ընթացքին, քանիցս համոզուեցայ, որ  բացառիկ է հայ կնոջ, հայ մօր, հայրենասէր հայուհիի տեսակն աշխարհի մէջ:

Տիկի՛ն Զեփիւռ, պատմէք, խնդրեմ Ձեր մանկավարժական բազմամեայ գործունէութեան մասին:

-Մանկավարժական կրթութիւնս ստացած եմ Երեւանի Խ.Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական ինստիտուտին մէջ` նախադպրոցական մանկավարժութեան եւ մանկան հոգեբանութեան մասնագիտացմամբ: 29 տարուան մանկավարժական գործունէութիւն ունիմ. սկզբնական շրջանին աշխատած եմ նախադպրոցական հիմնարկի մէջ, որ մենք մանկապարտէզ կ’անուանենք: Աւելի ուշ` 2010-ին,  արդէն  անցայ նախակրթարանի բաժին եւ դեռ  նոր այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնած էի, երբ Սուրիոյ մէջ ծաւալուեցան պատերազմական գործողութիւնները…շատ  ծանր պայմաններու մէջ շարունակեցինք կրթական աշխատանքը` իւրաքանչիւր տարուայ պայմաններուն համապատասխանող դասաժամերով:

Այդ  վտանգաւոր պայմաններուն մէջ ծնողները  թո՞յլ կու տային, որ իրենց երեխաները դպրոց յաճախեն:

-Նայած` ծնողներ. անշու՛շտ, կային երեխաներ, որոնք կը բացակայէին, կային այնպիսիները, որոնք բնաւ չբացակայեցան: Երբ շատ աւելի մեծ կ’ըլլար վտանգը, Ազգային իշխանութիւնը ի՛նք կը տնօրինէր, որ դպրոցը փակ մնար: Իմ պաշտօնավարած դպրոցը Սահակեան վարժարանն էր, որ կը գտնուի Նոր գիւղ թաղամասին մէջ: 2012-ի օգոստոսին, երբ պատերազմական գործողութիւնները սկսան թէժանալ այդ տարածքին մէջ, (ատիկա շատ վտանգաւոր գօտի էր), կամա-ակամայ  դպրոցական վերամուտը յետաձգուեցաւ` մինչեւ  իրավիճակը քիչ մը խաղաղի. 3 ամիս ուշացաւ վերաբացումը: Այս թաղամասին մէ կը   գտնուէին նաեւ  Զաւարեան  դպրոցը, Կարէն-Եփփէ ճեմարանը…հայութեամբ խիտ բնակեցուած շրջան է Նոր գիւղը, երեք դպրոցներն այդ շրջանին մէջ էին եւ հնարաւոր չէր դպրոց հասնիլ, որովհետեւ դիպուկահարներու թիրախին տակ  կը գտնուէր այն, աւելի  ուշ սկսան ռմբահարումները: Նոյն իրավիճակն էր նաեւ քաղաքին մէջ` Սալիպէյի շրջանը գտնուող  Հայկազեան վարժարանին մէջ…երեք ամիս ուշացաւ  դպրոցներու վերամուտը` մինչեւ 2012-ի դեկտեմբեր 25, որովհետեւ անապահով վիճակ էր: Միակ վարժարանը, որ համեմատաբար խաղաղ տարածքի մէջ կը  գտնուէր, Կիւլպէնկեան վարժարանն էր. Ազգային իշխանութիւնը գերադասեց փոքրիկներու ապահովութիւնը, նախընտրեց Սուլէյմանիէի շրջանը: Դեկտեմբերին շատ արագ կերպով կազմակերպուեցաւ դասերու կանոնակարգումը, եւ աշակերտներուն դպրոց կանչեցին`  Կիւլպէնկեան վարժարանի շէնքին մէջ շարունակելու դասերը: Չորս նախակրթարանները եւ ճեմարանը, կրճատուած  դասաժամերու  ժամանակացոյցով եւ խտացուած ծրագիրով, շարունակեցին աշխատիլ: Յաջորդ տարի երկու  վարժարանները ` Սահակեանն ու Զաւարեանը, տեղափոխուեցան Նոր գիւղ,  իսկ այնտեղ մնացին Կիւլպէնկեան ու Հայկազեան նախակրթարանները եւ Ճեմարանը:  Մէկ ուսումնական տարի այնտեղ անցնելէ յետոյ, յաջորդ տարի բոլոր  4 դպրոցները մէկտեղուեցան Կիւլպէնկեանի մէջ…այդ ընթացքին աշակերտներուն թիւը նուազեցաւ. Ընտանիքներէն մաս մը հաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ,  մաս մըն ալ մեկնեցաւ արտերկիր, շատերն ալ հաստատուեցան Սուրիոյ ծովեզրեայ, աւելի ապահով շրջաններու մէջ: 2015-16թթ. ուսումնական տարուան 4 վարժարանները միացուցին իրար,  վերածեցին երկուքի` Ազգային Սահակեան-Զաւարեան միացեալ գործեցին: Կիւլպէնկեան եւ Հայկազեան վարժարաններն ալ իրար միացան` առանձին տնօրինութեամբ, իսկ  մանկապարտէզի բաժինն  ալ, դարձեալ առանձին տնօրինութեամբ, անջատուեցաւ դպրոցներէն: Ես Սահակեան-Զաւարեան դպրոցի տնօրէնն եմ:  Նախակրթարաններուն մէջ ուսումը 6 տարիով է, որմէ ետք ուսումը կը շարունակեն միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ: Վարժարանները միացած են, սակայն չեն փակուած, ատոնք ունին իրենց  առանձին`   մէկ վարժարանի արտօնագիրները. որոշ շէնքեր վնասուած են, հերթով պէտք է վերանորոգուին: Նոր-նոր, երբ  խաղաղութիւն կը վերահաստատուի, սկսած ենք իրականացնել նաեւ մեր արտադասարանային ձեռնարկները:

Տիկի՛ն Զեփիւռ, աւելի շատ դասաւանդա՞ծ  էք,  թէ՞ վարչական աշխատանք կատարած էք եւ ատոնցմէ  ո՞ր մէկը առաւել սիրելի է  Ձեզի համար:

-Դասաւանդած եմ ընդամէնը մէկ տարի, որմէ ետք  ստանձնած եմ մանկապարտէզի պատասխանատուութիւնը: Այդ աշխատանքներէն իւրաքանչիւրն ունի իր առանձնայատկութիւնը, հետաքրքրութիւնը, սակայն մանուկներու հետ աշխատիլն ամէնէն հաճելի է: Բացի մանկավարժութենէն, վարչական աշխատանիքէն` ես զբաղուած եմ նաեւ բարեսիրական  աշխատանքով:

Դուք ստանձնած էք ոչ այնքան դիւրին աշխատանք, նաեւ քաղաքական գործիչ,լրագրող Ժիրայր Ռէիսեանի կինն էք, այսինքն` Ձեր ընտանիքը «Թէժ գիծի» վրայ է, դժուար  չէ՞…  ընտանիքի մը մէջ ազգային երկու գործիչ, երկու նուիրեալ…

-Անշու՛շտ, դիւրին չէ, սակայն կրցած ենք  նաեւ դժուարութիւններ յաղթահարել, խորհրդակցիլ շատ հարցերու շուրջ. բախտաւոր ենք այն իմաստով, որ միշտ իրար աջակցած ենք, քաջալերած:

–Շատերը պատերազմական լարուած օրերուն դուրս եկան Սուրիայէն, արտագաղթեցին արտերկիր. երբեք մտածա՞ծ էք  դուրս գալ Հալէպէն…

-Արտագաղթել…ոչ…շա՞տ ծանր օրեր ունեցանք…բայց կրցանք մնալ այնտեղ եւ հիմա կը մտածենք  մշտական խաղաղութեան մէջ ապրելու մասին: Պարբերաբար կու գամ Հայաստան, երկու զաւակներս կ´ուսանին Երեւանի ճարտարագիտական համալսարանին մէջ, շատ կապուած ենք Հայաստանին: Այս այցելութեանս նպատակն ալ կրթական  դասընթացքի մասնակցիլն է. այն կ´առնչուի արեւմտահայերէնով  ուիքիփետիան  հարստացնելուն, զարգացնելուն:   Ամէն  այցելութիւն Հայրենիք, բնականաբար, նաեւ կարօտի շունչ ունի:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

Scroll Up