ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Իրանահայ Ճարտարագէտ Արմէն Սագինեանը

Փետրուար 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ԱՄՆ-ի մէջ  բնակող իրանահայ ճարտարագէտ Արմէն Սագինեանը:

Ողջունելով հիւրը` նախարարը կարեւոր համարեց անոր ազգասիրական գործունէութիւնը Հայրենիքի մէջ, մասնաւորապէս անդրադարձաւ անոր նոր նախաձեռնութիւններուն ու ծրագիրներուն:

Քննարկուեցան Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, զբօսաշրջութեան աշխուժացման ուղղուած ներդրումային նախագիծեր, նախանշուեցան ատոնց իրականացման ուղիներն ու հնարաւորութիւնները:

Արմէն Սագինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, նշեց, որ խիստ կարեւոր կը համարէ Հայաստանի դերը`  որպէս գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ նորագոյն արհեստագիտութիւններու ներդրման տարածաշրջանային կեդրոն: «Ամէն ջանք պէտք է ներդնել, որ նախագիծերն իրական ու գործուն ծրագիրներ դառնան», – հաւաստիացուց իրանահայ ճարտարագէտը:

Ան 1955թ. տեղափոխուած է ԱՄՆ, ուսանած  Թենեսիի համալսարանի մեքենական ճարտարագիտութեան բաժինին մէջ, 1973թ. աւարտած է Քալիֆորնիոյ համալսարանը: Տարիներ շարունակ Սագինեան աշխատած է օդային, տիեզերական եւ հիւլէական ճարտարագիտութեան բնագաւառներուն մէջ` Boeing, General Dynamics, Rocketdyne եւ Garrett-Air Research ընկերութիւններուն մէջ, 1998թ.-ից New Horizons-ի գործադիր տնօրէնն է:

 

Scroll Up