ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գանատայի դեսպանը

Մարտ 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (համատեղութեան կարգով` նստավայրը Մոսկուա) Ճոն Ռոնալտ Քիւրին եւ Գանատայի «Հայկական առեւտրային ցանց»-ի նախագահ Վահրամ Փիրճանեան:
Դեսպան Ճոն Քիւրին շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին ընդունելութեան համար, պատմեց Հայաստանէն եւ հայ ժողովուրդէն ստացած իր տպաւորութիւններուն մասին` բարձր գնահատելով յատկապէս ազգային աւանդոյթներու, մշակոյթի եւ կրթութեան հանդէպ հայութեան վերաբերմունքը, իր նկատառումները յայտնեց Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ տարբեր մակարդակներով յարաբերութիւններու զարգացման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ: Ան շեշտեց, որ այդ յարաբերութիւններու զարգացման հարցին մէջ կրնայ գործուն դեր ունենալ «Հայկական առեւտրային ցանցը» եւ «Գանատայի առեւտրաարդիւնաբերական պալատը, որուն 19 գործարարներէն կազմուած պատուիրակութիւնը ներկայիս կը գտնուի Հայաստան: Ան տեղեկացուց նաեւ, որ պատուիրակութեան անդամներէն 2-ը հայ են:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հ. Յակոբեան գոհունակութիւն յայտնեց դեսպան Ճոն Քիւրիի` հայ-գանատական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ յայտնած տեսակէտներու եւ տեղեկութիւններու համար` ընդգծելով, որ Հայաստանի կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը բաց է, եւ կառավարութիւնը պատրաստակամ է ստեղծելու բոլոր հնարաւորութիւնները անոնց համար, որոնք ցանկութիւն ունին գալու Հայաստան եւ ձեռնարկատիրութեամբ զբաղելու: Նախարարը բարձր գնահատեց Վահրամ Փիրճանեանի հայաստանանպաստ գործունէութիւնը` անոր համարելով «Հայաստանի տնտեսական դեսպանը` Գանատայի մէջ», ինչպէս նաեւ ողջունեց Հայաստանի հետ տնտեսական համագործակցութիւն ծաւալելու գանատացի գործարարներու ցանկութիւնը: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու հայ-գանատական յարաբերութիւններու զարգացման եւ Հայրենիքի հետ գանատահայութեան կապերու սերտացման:
Նախարարը հիւրերուն ծանօթացուց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ սպասուող ձեռնարկներուն:
Դեսպանը նախարարին տեղեկացուց, որ Գանատան Ապրիլ 24-ին բարձր մակարդակով իր ներկայութիւնը կ’ունենայ Հայաստանի մէջ, իսկ Գանատայի շարք մը ձեռնարկներով գանատահայութեան հետ կը յարգէ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Ընդունելութեան աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առաջարկեց հայ-գանատական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը հանրութեան աւելի հասու դարձնելու նպատակով նախարարութեան մէջ կազմակերպել մամլոյ ասուլիս` «Հայկական առեւտրային ցանցի» եւ գանատացի գործարարներու պատուիրակութեան մասնակցութեամբ: Առաջարկը ընդունուեցաւ շնորահալութեամբ: