Հայաստան Առաջին Անգամ Տեսնելով` Հպարտութեամբ Լեցուեցայ. «Արի Տուն-2016» Ծրագիրի Մասնակից

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի 2-րդ փուլի մասնակից Պըրքըր Ֆըսթըքը 18 տարեկան է, կ’ապրի Սթամպուլի մէջ:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Պըրքըր տեղեկացուց, որ կը յաճախէ հայկական «Եսայեան» վարժարանը 10-րդ դասարանի աշակերտ է: Հայոց լեզուի ուսուցչուհիէն իմացած է «Արի տուն» ծրագիրին մասին, որուն յորդորով ալ եկած է մասնակցելու:
Հայաստան առաջին անգամ տեսնելով` հպարտութեամբ լեցուած է: Հիացած եւ հպարտացած է, որ այդքան շքեղ կառոյցներ, յուշակոթողներ, հնամենի եկեղեցիներ եւ այլ պատմամշակութային վայրեր ունինք: Կ’ափսոսայ, որ մինչեւ հիմա չէ վայելած այդ ամէնը:
Հիւրընկալ ընտանիքին մասին, ուր այժմ կը բնակի Պըրքըր, գոհունակութեամբ կը խօսի: Կ’ըսէ` տարբեր հայկական ուտելիքներ կը հիւրասիրեն, կը ծանօթացնեն հայ ընտանիքի աւանդոյթներուն, որ ան շատ կը սիրէ:
Պըրքըր կարեւոր կը համարէ նաեւ ծրագիրի ծիրէն ներս հայոց լեզուի դասընթացներուն մասնակցիլը: Միայն արեւմտահայերէնէն-արեւելահայերէն անցման ժամանակ քիչ մը դժուարութիւններու կը հանդիպի, սակայն չի տրտնջար` մտածելով, որ անպայման պիտի յաղթահարէ զայն եւ վարժ պիտի տիրապետէ արեւելահայերէնին նոյնպէս:
Գէորգ Չիչեան