ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Քրիստոֆ Ֆրիետերիկ Օթթօ Պիերուիրթը

Սեպտեմբեր 15-ին  ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Քրիստոֆ Ֆրիետերիկ Օթթօ Պիերուիրթը:

Հանդիպման կը մասնակցէին «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի տնօրէն Լենա Հալաճեան եւ ՀՀ ՍՆ աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան:

Ողջունելով հիւրը` նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ շարունակական համագործակցութեան համար եւ ներկայացուց ատոնց լուծման ուղղութեամբ պետութեան եւ տարբեր համահայկական ու միջազգային կառոյցներու կողմէ իրականացուած աշխատանքները:

Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ ս/թ Մայիսէն շուրջ 2500 սուրիահայ տեղափոխուած է Հայաստան: Նախարարութիւն կը դիմեն եւ՛ նոր եկածները, եւ՛ անցեալին տեղափոխուածները: Անոնք հիմնականին մէջ տուն ու տեղ, ունեցուածք կորսնցուցած կարիքաւորներ են: Սուրիահայերու համար առաջնային են ժամանակաւոր կացարանով ապահովման, բնակարանի վարձերու փոխհատուցման, աշխատանքի տեղաւորման, կրթական եւ առողջապահական խնդիրները: «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»ին մէջ սուրիահայ բժիշկները բարեգործական հիմունքներով  ամէն շաբաթ կ’իրականացնեն հիւանդներու անվճար բժշկական քննութիւն: Նախարարը առաջարկեց հնարաւորութիւններ ստեղծել եւ նուիրեալ բժիշկներուն խրախուսելու համար, ապահովել անոնց անհրաժեշտ տարածքով, սարքաւորումներով եւ դեղորայքով:

Քրիստոֆ Ֆրիետերիկ Օթթօ Պիերուիրթ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ մինչեւ 2015թ. աւարտը UNHCR-ը պիտի շարունակէ սուրիահայերու բնակարանի վարձերու փոխհատուցումը եւ պիտի իրականացնէ ձմեռնամուտի ծրագիր:

Կողմերը երկուստեք կարեւորեցին եւ բարձր գնահատեցին Սփիւռքեան եւ միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցութեան շարունակականութիւնը եւ նոր ծրագիրներու իրականացումը:

Քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան հետ կապուած այլ  հարցեր:

 1 (9) 3 (4)

Scroll Up