«2018-ից՝ յարատեւ վերելք մեր թանկագին Հայրենիքին».Տէր Անդրանիկ քհնյ.Մալճեան

Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Նոր Տարուայ եւ Սբ. Ծննդեան բերկրալի առիթով կուգամ իմ սրտաբուխ մաղթանքներս յայտնել աշխարհի բոլոր հայերուն՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի Սփիւռս: Բնականաբար, նոր ակնկալիքներով կըդիմաւորենք Նոր տարին: Որպէս հոգեւոր հովիւ Հայց. Առաքելական Սբ. Եկեղեցւոյ Վալանսի եւ Շրջակայից, Տրօմ Արտէշի, թոյլ տուէք համեստաբար մաղթել նորանոր յաջողութիւններ եւ յարատեւ վերելք մեր թանկագին Հայրենիքին, վերջնական խաղաղութիւն հերոս Արցախին. թո՛ղ այլեւս հայ մայրերը չողբան իրենց հոգեհատոր զաւակաց կորուստը, թո՛ղ որ Սփիւռքը առաւել զարգանայ բոլոր բնագաւառներուն մէջ, որպէսզի ունենանք հզօր համագործակցութիւն նախ՝ միմեանց, ապա՝ Մայր Հայրենիքի հետ: Այս գործընթացքին մէջ Ֆրանսայի վալանսահայութիւնն ալ ունի իր աշխոյժ աւանդը և միահամուռ ջանքերով միայն պիտի կարենայ դիմագրաւել իրեն առջեւ գտնուած տարբեր մարտահրաւէրները: Սրտի անհուն զգացումներով ուրախ եւ հպարտ ենք Սփիւռքի նախարարութիւն ունենալու, որ մեզի թեւթիկունք է կանգնած: Այս առթիւ կը շնորհաւորեմ նախարար մեծայարգ տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը, որ բազմիցս գնահատեց մեր արդար աշխատանքն ու ներդրումը՝ ի նպաստ հայապահպանութեան վսեմ գործին: Կըշնորհաւորեմ նաեւ իր իսկ ղեկավարած ողջ աշխատակազմի անդամները, որոնց հետ աշխատակցիլն այնքան հաճելի եւ արդիւնալից է: «Դուն տարին կըպսակես քու բարիքներովդ, եւ քու հետքերդ պարարտութիւն կըկաթեցնեն։» (Սղմս. 65 ։11)

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սբ.Ծնունդ: «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի, մեզի մեծ Աւետիս»:

Օրհնութեամբ՝ Վալանսի եւ Շրջակայից, Տրօմ-Արտէշի hայոց hոգեւոր հովիւ, Տէր Անդրանիկ քհնյ. Մալճեան

 

Scroll Up