Գէորգ Չաքմանեանի Համերգը Նուիրուած Է Արցախեան Հերոսներուն Եւ Անոնց Ծնողներուն

Ժողովրդական երգիչ, ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, ԱՄՆ-ի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ գործող «Կանթեղ»  եւ «Տարօն» աշուղական երգչախումբերու գեղարուեստական ղեկավար Գէորգ Չաքմանեան, այս տարուան յունիսին բեմական գործունէութեան 25-ամեակը նշելէ յետոյ, միտք յղացած է Արցախեան հերոսամարտին եւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած հայորդիներու անմահ յիշատակին նուիրուած համերգային ձեռնարկ մը կազմակերպելու: Երկար տարիներ աշխարհի տարբեր բեմերու վրայ երգելով` երգիչին համար այս համերգը բոլորովին այլ նշանակութիւն ու խորհուրդ ունի, որուն յուզումով կը սպասէ:

Նոյեմբեր 24-ին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ «Կարօտի կանչով հերոսներուս հետ» խորագիրով տեղի ունեցող համերգին դահլիճին մէջ, ի թիւս այլ հիւրերու, ներկայ պիտի ըլլան նաեւ հերոս տղաներու ծնողները:

«Ըլլալով Արցախեան պատերազմին զոհուածի ընտանիքի անդամ (եղբայրը` Մանուէլ Չաքմանեան, զոհուած  1993 թուականին Ղափանի սահմանամերձ Տրիդցատկա գիւղին մէջ-հեղ.), շատ լաւ  հասկնալով անոնց հոգեվիճակը` որոշեցի գեղեցիկ օր մը նուիրել զոհուած հայ զինուորներու ընտանիքներուն, որպէսզի  քանի մը ժամ իրենց վիշտը մոռնան: Սկիզբը մտավախութիւն ունէի` համերգին գալու տրամադրութիւն չեն ունենար, բայց, Լոս Անճելըսէն  քանի մը ծնողներու հետ խօսելով` յուզումս ու զարմանքս աննկարագրելի դարձաւ. սուգի մէջ ըլլալով` հպարտօրէն ըսին, որ անպայման ներկայ կ’ըլլան իրենց զաւակներուն նուիրուած երեկոյին, նոյնիսկ աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին»,–«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ  Գէորգ Չաքմանեան` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւրիս պարտքն է տարբեր միջոցներով Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները պաշտպանելու  համար իրենց կեանքը զոհած տղաներու ծնողներուն նեցուկ ըլլալ:

Գէորգ Չաքմանեան տեղեկացուց, որ այսուհետ համերգը ամէն տարի պիտի կազմակերպէ:

Համերգին, Հանրային ձայնասփիւռի Արամ Մերանգուլեանի անուան ժողովրդական գործիքներու խումբի նուագակցութեամբ, ելոյթ պիտի ունենան նաեւ Գէորգ Չաքմանեանի որդին` Ասատուր Չաքմանեան, ժողովրդական երգչուհի Գոհար Յովհաննիսեան,  ասմունքով հանդէս պիտի գայ Արսէն Ղազարեան:

Աւելցնենք նաեւ, որ Գէորգ Չաքմանեան Հայաստան գտնուելու օրերուն` կը ցանկայ աւանդութեան համաձայն Տաւուշի մարզի սահամանամերձ Պառաւաքար եւ Մովսէս գիւղեր երթալ` իր երգով գիւղացիներուն, քաջարի զինուորներուն կողքին գտնուելու եւ անոնց խրախուսելու համար:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up