Հրանոյշ Յակոբեան. «#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide» Շարժումը Բարոյական Մեծ Խթան Է

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ հանրային իրազեկման ու դատապարտման ուղղուած «#2015RTAG. Ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը» նախաձեռնութիւնը արդէն ստեղծած է յատուկ համացանցային կայք:
ինչպէս Tert.am-ի հետ զրոյցին ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան պետ, նախաձեռնութեան աջակից Հրաչեայ Ասլանեան, շարժումը նախաձեռնած է Մարսէլահայ համայնքը` համայնքային գործիչներ Անի Ստեփանովի եւ Ռիչարտ Ֆինտկեանի գլխաւորութեամբ:
«Ես այս նախաձեռնութեան հետ կապ ունիմ այնքանով, որ Մարսելէն ինծմէ խնդրեցին, որ օգնեմ այդ նախաձեռնութեան, որպէսզի շարժումն աւելի մեծ տարածում ունենայ: Նախարարին տեղեկացուցի նախաձեռնութեան մասին եւ հէնց առաջին օրը ան նկարուեցաւ «#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide» գրութեամբ պաստառով եւ տարածեց: Անոր հետեւեցան ՀՀ առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, յետոյ արդէն անոնց միացան Հրանդ Տինքի իրաւապաշտպան, ծագումով հայ Ֆեթհիէ Չեթին, յայտնի գործիչներ եւ այլոք»,- ըսաւ ան:
Վերջինիս խօսքով` անկէ ետք նախարարութիւնը խնդրեց բոլոր համայնքներու յայտնի անհատներուն, պաշտօնեաներուն, օտարազգի պատգամաւորներուն ներգրաւել շարժման մէջ եւ այդ հասցնել առաւելագոյնի: Եւ եթէ այսօր Ֆէյսպուքի վրայ Թուրքիա բառը հաւաքէք, միանգամէն կը բանայ այդ էջը: Եւ այդ նախադասութեան որեւէ բառ եթէ այդ սկզբնատառերով հաւաքուի, կը բանայ այդ էջը:
Արդէն տարբեր համայնքներէ կը տարածուին նկարներ: «Հունգարիոյ, Նորվեկիոյ, Ամերիկայի եւ շարք մը այլ համայնքներէ նկարներ ստացած ենք: Կը սպասենք Արթուր Աբրահամի, Սիւզի Կենտիկեանի, Շարլ Ազնաւուրի, Շուէտի խորհրդարանի ծագումով հայ փոխնախագահի նկարներուն: Կը փորձենք առաւել ճանաչում տալ մեր շարժման, ինչ-որ չափով օգտակար պիտի ըլլայ ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման գործին մէջ: Ամէն մէկ նկարուած նկար կը նշանակէ քար մը նետել Էրտողանի վրայ»,- ըսաւ Հրաչեայ Ասլանեան:
Շարժման յաջորդ քայլը եղաւ եօթ լեզուներով կայքի ստեղծումը, որն արդէն մէկ շաբաթ է կը գործէ եւ հասցուցած է 6000-էն աւելի հաւնող ունենալ Ֆէյսպուք ընկերային ցանցին վրայ:
«Եթէ հասնինք ինչ-որ մեծ բանի, արդէն յստակ կ’որոշենք ու տարբեր համայնքներու հետ կը համաձայնեցնենք յաջորդ քայլը: Այս պահուն կը նախատեսենք տեսանիւթ մը պատրաստել Ցեղասպանութեան տեսարանները նկարագրող սենարով, որուն ամէն մէկ հատուածը պիտի կարդան աշխարհի յայտնի հայերը»,- ըսաւ մեր զրուցակիցը եւ աւելցուց, որ բոլոր նախադրեալները կան, որ շարժումը տարածում ունենայ, եւ իրենց նպատակն է, որ այդ շարժումը տարածում ունենայ. «Ուղղակի պէտք է շատ աշխատիլ, բոլորին զօրաշարժի ենթարկել, որպէսզի մեր հայրենակիցները տարբեր երկիրներու մէջ կարենան շարժման ներգրաւել նաեւ տուեալ երկիրներու յայտնիները»:
Նշենք, որ ոեւէ մէկը կրնայ իր նկարին տակ ճիշդ նշել կայքի հասցէն, եւ բոլոր նկարները միանգամէն կը յայտնուին նաեւ կայքին մէջ: Այս նպատակով Facebook-ի եւ Twitter-ի մէջ բացուած է յատուկ էջ, ուր կը տեղադրուին շարժման միացած մարդոց նկարները:
Մեզի հետ զրոյցին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր ուրախութիւնը յայտնեց այն առթիւ, որ շարժման նախաձեռնողները Մարսէլի հայկական համայնքի եւ տեղի քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչներն են: «Բնականաբար, մենք ամէն օր աշխատում ենք մեր համայնքների հետ, եւ մեր առաջին մօտեցումը եղաւ այն, որ անմիջապէս պէտք է մենք եւս մասնակիցը դառնանք: Երբ նախարարութիւն տարբեր գործիչներ են այցելում, առաջարկում ենք միանալ շարժմանը»,- ըսաւ ան:
Նախարարի խօսքով` բոլոր պարագաներուն շարժումը բարոյական մեծ խթան է, Ցեղասպանութեան ճանաչման համար շատ կարեւոր է, երիտասարդութեան հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալու պատմութեան: «Կարծում եմ, որ ճանաչումը դաս եւ օրինակ է այն երկրների քաղաքական գործիչների համար, որոնք դեռեւս յապաղում են Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցում եւ մինչ այսօր չեն ճանաչել»:
Այս շարժումը մեծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ միջազգային հանրութեան վրայ, եւ ինչպէս նախարարը նշեց, օտարներու մասնակցութիւնը եւս մեծ խթան է հարցը հանրային առումով ճանաչելի դարձնելու գործին մէջ: «Մեր կարգախօսն է` յիշում եմ եւ պահանջում, եւ մենք յիշելով պահանջում ենք մեր կորցրած իրաւունքների, համայնքային եւ համազգային իրաւունքների վերականգնումը»:
Հրանոյշ Յակոբեան հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն հարցին վրայ, որ խոնարհելով Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին` պէտք է յիշել նաեւ, որ այդ մէկուկէս միլիոնը կրնար հայ ազգին նուիրէր շուրջ 10-12 միլիոն մանուկ. «Հետեւաբար Թուրքիան ոչ միայն մեզնից խլել է այդ մէկուկէս միլիոնի կեանքը, այլ նաեւ մեր ազգին զրկել է 10-12 միլիոն բնակչից: Մենք հիմա պէտք է լինէինք 22-25 միլիոն»:
Ան նաեւ նշեց, որ անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին այնքան գրուեցաւ ու խօսուեցաւ Ցեղասպանութեան մասին, որքան չէր խօսուած նախորդ 95 տարիներուն ընթացքին: Բայց, ցաւօք, հերթական անգամ հայութիւնը ականատեսն ու վկան է թրքական կեղծարարութեան, որ կը փորձէ հայ դատը կապել Առաջին համաշխարհային պատերազմին հետ, կը փորձէ ընդհանուր կորուստ հասկացութիւնը առաջ մղել, բայց այդ հարցով իրենք չեն յաջողիր:
Ինչ կը վերաբերի 100-րդ տարելիցին ակնկալուող յաջողութիւններուն, Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Ես կարծում եմ, որ ցանկացած քայլ արդէն յաջողութիւն է: Օրինակ` վերջերս Յունաստանի փառլամէնթի որոշումը, որը մենք պէտք է ողջունենք: Այն բոլոր տեղական, տարածքային կառոյցները, կազմակերպութիւնները, որոնք սկսում են ճանաչման գործընթացը, արդէն իսկ մեծ ձեռքբերում է: Եւ Ես այն կարծիքին չեմ, որ Թուրքիան 100-րդ տարելիցի օրը կամ դրա նախաշեմին կը ճանաչի Ցեղասպանութիւնը, բայց որ Թուրքիայում եւս ինքնութեան ճգնաժամ է, որ հասարակութիւնը եւս սկսել է ճանաչել իր պատմութիւնը, դա փաստ է: Դա այս շարժման հետեւանքն է: Այն, որ արդէն հարիւր հազարաւոր մարդիկ Թուրքիայում սկսել են իրենք իրենց ճանաչել, դա արդէն մեծ նուաճում է»: