Հալէպի Մէջ «Ապու Ազիզ» Մարդասիրական Հիմնադրամին Տասնամեակը Յիշատակուեցաւ

«Գանձասար»-Սուրիոյ մէջ «Ապու Ազիզ» անունը կը յուշէ մարդասիրութեան, ընկերասիրութեան եւ ծառայութեան օրինակ դարձած այն պարզունակ ու բարի մարդը, որ իր խանդավառ գործունէութեամբ բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած անհատականութիւն մը դարձած էր:

Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին,
Հալէպի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ապու Ազիզ» մարդասիրական հիմնադրամի տասնամեակին յիշատակումը, ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, հոգեւոր հայրերու, եկեղեցիներու թաղականութիւններու, հալէպահայ մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու, արաբական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ այս առիթով Հալէպ ժամանած հանգուցեալ Արտաւազդ Տնկիկեանի քրոջ՝ Անի Տնկիկեանի:

Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով հանդէս եկաւ Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան: Ան ներկայացուց Արտաւազդ Տնկիկեանի կենսագրութիւնը ու ըսաւ.  ««Ապու Ազիզ» յաւերժ պիտի ապրի մեր սրտերուն մէջ: Իր կտակին համաձայն, յետմահու  իր անունը կրող մարդասիրական հիմնադրամը քաղցկեղէ տառապողներուն պիտի ծառայէ: Այսօր մեր սրտերը հպարտութեամբ կը լեցուին, յատկապէս երբ մեր մէջ կը տեսնենք հանգուցեալին քոյրը, որ ժամանելով Ֆրանսայէն միացաւ մեզի՝ յիշատակելու այս հիմնադրամին տասնամեակը»:

Ապա հիմնադրամի վարչութեան խօսքը փոխանցեց Ռաֆֆի Մաղաքեան, որ ներկաները իրազեկ դարձուց հիմնադրամի հաստատման նպատակին եւ անոր ճամբով իրագործուող բարեսիրական աշխատանքներուն:

Այնուհետեւ Ճորճ Սապաա պատմեց «Ապու Ազիզ»ին հետ ապրած իր յիշատակելի պահերը, ուխտագնացութիւնները՝ դիտել տալով որ «Ապու Ազիզ» քաջ մարդ մըն էր, ու նուիրուած էր իր աշխատանքին: Ան կը սիրէր հայ եկեղեցւոյ շարականները եւ ուր որ ալ ճամբորդէր կը փափաքէր մասնակցիլ տեղւոյն եկեղեցական արարողութեան:

Գեղարուեստական յայտագրով Վեհան Պարսումեան ասմունքեց «Ով Հայ» ոտանաւորը:

Ապա փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան ներկայացուց «Ապու Ազիզ»  հիմնադրամին տասնամեակին առիթով հրատարակուած գիրքը ու ըսաւ. «Այսօր առիթ է վերակենդանացնելու քանի մը տասնամեակ հալէպահայութեան ուղեւորական գործին մէջ իր դրոշմը ձգած Արտաւազդ Տնկիկեանի յիշատակը: Անոր անունը կրող հիմնադրամի տասնամեակին նուիրուած հրատարակութիւնը կը բանայ Շահան սրբազանը՝ իր «Գիր Օրհնութեան» նախաբանով, այնուհետեւ Արտաւազդին ընկերները, բարեկամները, գաղութէս, Լոս Անճելըսէն, Մոնթրեալէն իրենց տպաւորութիւնները կը պատմեն: Գիրքին մէջ ներկայացուած են Տնկիկեանի եռալեզու կենսագրականը եւ հիմնադրամէն օգտուող միութիւններու շնորհակալագիրներէն օրինակներ: Յատուկ յիշատակութեան արժանացած է Սեպտեմբեր 2005-ին Ս. Քառասնից Մանկանց զանգակատան նորոգութիւնը՝ հանգուցեալին մօր նուիրատուութեամբ»:

Եզրափակելով Գաբրիէլեան մաղթեց, որ բոլոր բարերարներուն կեանքը երջանկութեամբ լեցուի և անոնց բարեգործութիւններով ներշնչուած նոր բարերարներ յայտնուին մեր ազգին մէջ: «Վարձքը կատա՛ր Տնկիկեան հիմնադրամին, անոր միտքը յղացողին, հիմնադիրներուն եւ աշխատանքը շարունակողներուն», ըսաւ Մարիա Գաբրիէլեան:

Գիրքին ներկայացման յաջորդեց Մարիա Չիթճեանի «Սարերի Հովին Մեռնեմ» մեներգը: Ապա խօսք առաւ հանգուցեալին քոյրը՝ Անի Տնկիկեան, որ ըսաւ. «Թող Արտոյին բարեկամները, ծանօթները, գործընկերները խօսին իր մասին: Պարտաճանաչ էր ան, կանոնապահ, աշխատասէր և հնազանդ, բնաւորութեամբ բարի ու ծառայասէր: Արտօն քսան տարեկան էր, երբ հայրս մահացաւ: Ուստի ան ստանձնեց մեր տան պատասխանատուութիւնը: Զօրաւոր անհատականութիւն ունէր, միաժամանակ ջերմ էր եւ հոգատար: Շրջան մը, գործիս բերումով, ստիպողաբար հեռու մնացի իրմէ: Կը ջանայինք մշտական կապի մէջ մնալ: Երբ երկարատեւ հիւանդութեան օրերուն իր կողքին եղայ, բացայայտեցի իսկական Արտօն՝ իմ պաշտելի եղբայրս… Իր լռելեայն տառապանքին մէջ տեսայ իր վեհանձնութիւնն ու քաղցր հոգին: Մարդասիրական հիմնադրամը, որուն հիմնադրութեան գործը յանձնեց ինծի, սրբազան հօր հետ համատեղ, մեծապէս սփոփիչ էր բոլորիս համար, որովհետեւ այսպիսով իր յիշատակը դրոշմուած պիտի մնայ զինք ճանչցող և սիրող անձերուն յիշողութեան մէջ: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք այս հիմնադրամի աշխատանքները կը շարունակեն, ես ստիպողաբար հեռուէն կը հետեւիմ»:

Յուզումնախառն այս մթնոլորտին մէջ հնչեց անմահն Կոմիտասի ստեղծագործութիւնը, զոր կատարեցին Ռուզան Պարսումեան (դաշնամուր) եւ Ռոզին Շուշանեան (ջութակ):

Ապա Սրբազան հայրը, Անի Տնկիկեանն ու հիմնադրամի վարչութեան անդամները հատեցին այս առիթով պատրաստուած կարկանդակը:

Օրուան եզրափակիչ պատգամը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, որ ըսաւ. «Սրտի ցնծութեամբ, հոգեկան բերկրանքով կը նայիմ տասը տարուան հորիզոնին, ուր կ՛երեւայ ոչ թէ ննջեցեալ մը, այլ՝ յարութիւն առած անձ մը, որ կ՛ապրի եւ կ՛ապրեցնէ:

Այս հիմնադրամը կազմուած է, որպէսզի բարեգործութիւնը շարունակուի: «Կը շնորհաւորեմ բոլոր անոնք, որոնք այս երեկոն կազմակերպեցին, յատուկ շնորհակալութիւն Անիին, որ Ֆրանսայէն ժամանեց մեզի հետ ըլլալու համար: Շնորհակալութիւն եւ գնահատանք տասնամեակի հատորը խմբագրող Մարիա Գաբրիէլեանին եւ երեկոյի յայտագրին մասնակիցներուն»:

Ապա սրբազան հայրը օրհնութեան աղօթքով փակեց երեկոն:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ապա ներկաները ստացան նորատիպ գիրքէն օրինակներ:

Ժիրայր Կարապետեան

Scroll Up