Քեսապահայերը Յառաջիկայ Օրերուն Օգնութիւն Կը Ստանան

Քեսապահայերը յառաջիկայ  քանի մը օրերուն ընթացքին նիւթական օժանդակութիւն կը ստանան: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին նշեց քեսապահայ Կարօ Մանճիկեանը` աւելցնելով, որ բնակիչներու ցուցակները արդէն պատրաստ են, եւ յառաջիկայ 4-5 օրերուն ընթացքին պիտի սկսի օգնութեան բաշխումը: Անոր խօսքով` օգնութիւնը տրամադրած է Համայակական բարեգործական ընկերութիւնը: «Շօշափելի գումարը Սուրիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլատեան փոխանցած է առաջին անգամ Քեսապ կատարած այցելութեան ժամանակ»,- նշեց Մանճիկեան` աւելցնելով, որ օգնութիւն  տրամադրած է նաեւ «Հայ Յեղափոխական Դաշանկցութիւն» կուսակցութիւնը, Սուրիահայ շտապօգնութեան մարմինը, օգնութիւն  տրամադրած են նաեւ այլ կազմակերպութիւններ: Օժանդակութիւնը հերթականութեամբ պիտի բաժնուի բնակիչներուն` անհրաժեշտ կարիքներ հոգալու պայմանները բարելաւելու համար:

Կարօ Մանճիկեան նաեւ տեղեկացուց, որ Քեսապի մէջ ենթակառուցուածքներն ընդհանուր առմամբ արդէն վերականգնուած են, ի հարկէ, որոշ շրջաններու մէջ, Քեսապի մերձակայ գիւղերուն մէջ, դեռ վերականգնողական աշխատանքները կը շարունակուին: 70 հաստատութիւններ այրուած ու քանդուած են եւ գրեթէ օգտագործելի չեն: Մնացած շինութիւններու, տուներու մասին ան նշեց, որ անվնաս տուն չկայ, բոլորն ալ ինչ-որ չափով վնասներ կրած են, մէկն` աւելի շատ, միւսն` աւելի քիչ:

Ինչ կը վերաբերի գիւղատնտեսութեան, Մանճիկեան նշեց, որ 3 ամսուան աշխատանքը կը փորձեն 3 շաբաթներու ընթացքին կատարել:

Բերքէն մաս մը կը հաւաքուի, մարդիկ կը փորձեն արտերու մշակման աշխատանքներ կատարել:

Քեսապահայ կիներէն մաս մը կը շարունակէ գիշերել Լաթաքիոյ մէջ, քանի որ
իրենց բնակարաններուն մէջ անհրաժեշտ պայմաններ չկան:

Կարօ Մանճիկեանի խօսքով` անոնց Քեսապէն Լաթաքիա հասնելու եւ վերադառնալու համար հանրակառքեր  տրամադրուած են:

Քեսապը սուրիական բանակի կողմէ ազատագրուած է յունիս 15-ին, եւ արդէն իսկ բնակչութեան մեծ մասը վերադարձած է այնտեղ:

armenpress.am

Scroll Up