Կանանց Թեւեր Տուող «Oղակ»-ը
««Օղակի» ստեղծումը տարիներու ընթացքին բիւրեղացած որոշում էր, որ փորձեցի իրականութիւն դարձնել: Հայաստանի կեանքին մօտէն ծանօթ ըլլալով` միշտ մտածած եմ զբաղիլ աշխատանքով մը, որ օգտակար կ’ըլլայ Հայաստանին: Ճիշդ է` մեր փոքրիկ կեդրոնով ամբողջ Հայաստանի կարիքները չենք կրնար լուծել, բայց իւրաքանչիւր մարդ իր հնարաւորութիւններուն, մասնագիտութեան սահմանին մէջ պէտք է փորձէ օգտակար ըլլալ: Ինծի համար Հայաստանին օգտակար ըլլալու հիմնական միջոցներէն մէկը նման ծրագիրի մը իրագործումն է»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը պատմէ «Օղակ» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր, լիբանանահայ Վերա Սիսեռեան:
Ին՞չ է «Օղակ»-ը. Երեւանի Նորք Մարաշ թաղամասին մէջ գտնուող, ընտանեկան տաքուկ օճախ յիշեցնող կեդրոն մը, ուր կրնայ այցելել իւրաքանչիւր կին եւ մասնակցիլ այն անվճար դասընթացին, որ կը ցանկայ: 2015 թուականին հիմնադրուած կեդրոնի դռները բաց են բոլորին առջեւ: Ընդամէնը տունէն դուրս գալու ցանկութիւն պէտք է, որ երբեմն շատ դժուար է, յատկապէս երբ կինը չաշխատիր:
Կեդրոնին մէջ մշտապէս կը գործէ 7 խմբակ` պարի (6-15 տարեկան եւ 18-էն բարձր), մարմնամարզութեան (ֆիտնես), անգլերէնի, ձեռքի աշխատանքի, հոգեբանութեան, առողջապահութեան, գիրքի քննարկման: Միւսները` կարուձեւի, խոհարարութեան, նկարչութեան, ծաղկային ձեւաւորման, գերմաներէնի, Սվազի եւ Մարաշի աստեղնագործութեան եւ այլն, կը կազմակերպուին ըստ մասնակիցներու ցանկութեան եւ անհրաժեշտութեան: Դասընթացները կը տեւեն 3 ամիս, աւարտին մասնակիցները վկայագիրներ կը ստանան:
«Օղակ»-ի հիմնական հովանաւորը Հրաչ եւ Էլիզապէթ Սիսեռեաններն են, իւրաքանչիւր խմբակ ունի իր բարերարը, որ կ’օժանդակէ ե՛ւ ֆինանսապէս, ե՛ւ անհրաժեշտ պարագաներ, գործիքներ տրամադրելով: Ատոնք այն մարդիկն են, որոնք ծանօթանալով կեդրոնի գործունէութեան, նպատակներուն եւ ամենակարեւորը` վստահելով նախաձեռնողներուն` ցանկութիւն կը յայտնեն աջակցելու, ոմանք գումար կը յատկացնեն, միւսները` անհրաժեշտ պարագաներ կը տրամադրեն:
«Օրինակ` մեր ծանօթներէն մէկը ցանկացաւ Սվազի ասեղնագործութիւն սորվեցնել, ուրիշ մը` ֆրանսերէն դասաւանդել: Կիպրոսէն կին մը, որուն մայրը նկարիչ է, ցանկացաւ գումար յատկացնել նկարչութեան խմբակ բանալու համար: Ամառը մենք կազմակերպեցինք նկարչութեան դասընթացներ: Իւրաքանչիւր խմբակի մէջ կը դասաւանդեն արհեստավարժ մասնագէտներ: Դեկտեմբերին ձեռքի աշխատանքի խմբակի աշխատանքներով Պէյրութի մէջ ցուցահանդէս-վաճառք պիտի կազմակերպուի: Գումարով խմբակին համար անհրաժեշտ նիւթեր պիտի գնենք: Անցեալ տարի` «Օղակ»-ի տարեդարձին առիթով, Հայաստանի մէջ եւս ցուցահանդէս կազմակերպած էինք»,-կը պատմէ արդէն «Օղակ» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն, միաժամանակ պարի ուսուցիչ Սանան Գանտահարեան-Քերթէշեան, որ արդէն 7 տարի է` Լիբանանէն հայրենադարձուած, Հայաստանի մէջ կազմած է ընտանիք ու կը զբաղի աշխատանքով մը, որ ինչպէս ինք կը նշէ` իրեն համար աւելի է քան սովորական աշխատանք:
«Երբ ամէն առտու կեդրոնի դռնէն ներս կը մտնեմ, հոգեկան հանգստութիւն կ’իյջնէ վրաս, որովհետեւ գիտեմ, որ պիտի կարենամ 20-25 մարդու` իմ խմբակի անդամներուն, ժպիտ, ուրախութիւն պարգեւել: Նաեւ գիտեմ, որ Հայաստանի մէջ ունիմ փոքրիկ ու տաքուկ անկիւն մը, ուր կրնամ ներաշխարհս խաղաղեցնել` մարդոց շատ փոքրիկ բան տալով: Եւ ամենակարեւորը` «Օղակ»-ը միայն տալ չէ: Այն, ինչ մենք կու տանք, մեզի կը վերադարձուի կրկնապատկուած, որովհետեւ աջակցութիւնը փոխադարձ է: Կեդրոն յաճախող մարդոց շնորհիւ ես հնարաւորութիւն ունեցայ նաեւ աւելի մօտէն ծանօթանալու հայաստանեան կեանքին, ինչպէս նաեւ իւրացնելու պարզ, հասարակ մարդ ըլլալու մշակոյթը,-կը պատմէ Սանանը ու կը շարունակէ,– Երկու տարի առաջ երբ բացինք կեդրոնը` 31 հոգի էինք, այսօր արդէն մեր ընտանիքը մեծցած է եւ ունի շուրջ 374 անդամ: Սկիզբը շատերը թերահաւատ էին, չէին գիտեր, թէ ուր կ’երթան, ինչ կեդրոն է: Տեսնելով մեր աշխատանքը` կամաց-կամաց սկսան վստահիլ մեզի: Այսօր ո՛չ միայն հաճոյքով կը յաճախեն, այլեւ խորհուրդ կու տան հարեւանին, ընկերուհիին, ազգականին: «Օղակ» հասարակական կազմակերպութիւնը իւրաքանչիւր փետրուար ամսուն կ’իրականացնէ մամոգրաֆիայի արշաւ: Առաջին տարին հետազօտուած է 50 կին, անցեալ տարի` 80: 2018 թուականի փետրուարին կը նախատեսենք շուրջ 100 կնոջ հնարաւորութիւն տալ անվճար հետազօտուելու: Իւրաքանչիւր կին մէկ բարերար կ’ունենայ, որուն շնորհիւ անվճար կը հետազօտուի Մամոգրաֆիայի կեդրոնին մէջ»:
Անցնող երկու տարիներուն ընթացքին փոխուած է ո՛չ միայն վերաբերմունքը կեդրոնին, այլեւ մարդոց մօտեցումը սեփական անձին հանդէպ: Եթէ անցեալին անոնք շատ ներամփոփ էին, յաճախ վատ տրամադրութիւն ունէին, տխուր էին, երբեմն ընկճուած, այսօր արդէն ներս կը մտնեն ժպիտով, լաւ տրամադրութեամբ, կոկիկ հագած, ուրախ: Եւ սա այն պարզ պատճառով, որ կեդրոնի հիմնական նպատակներէն է, որ կինը, հա՛յ կինը, միշտ լաւ տրամադրութիւն, առողջ միտք ունենայ, ըլլայ գնահատուած:
«Երբ նոր կը սկսէինք մեր աշխատանքը, կը ցանկանայինք, որ «Օղակ»-ը նախ եւ առաջ ըլլայ վայր, որ ո՛չ միայն հմտութիւններ կը փոխանցէ կամ դասընթացներ կը կազմակերպէ, այլեւ ազդեցութիւն կ’ունենայ մարդու մտածելակերպին վրայ: Մասնագիտութեամբ հոգեբան եմ: Մօտէն ծանօթ ըլլալով մարդոց հոգեբանութեան` գիտեմ, որ երբ մարդ փորձէ փոխել իր մտածելակերպը, սկսի այլ կերպ մտածել, կը կարենայ այլ ձեւով գործել, առաւել խորքային մտածողութիւն ունենալ: Մեր աշխատանքի հիմնական նպատակը մարդոց մտածելակերպի փոփոխութիւնն է: Օգնել մարդոց վստահութիւն ունենալ սեփական անձին հանդէպ, ճանչնալ իր կարողութիւնները, հասկնալ, թէ ինչ բանի ունակ է, ինչպէս կրնայ դրական ըլլալ, դրական ըլլալով` իր ազդեցութիւնը ունենայ ընտանիքին մէջ: Հմտութիւններ փոխանցել, դասընթացները միջոց են` մեր հիմնական նպատակը իրականացնելու համար»,-մանրամասնելով «Օղակ»-ի նպատակները` կը նշէ Վերա Սիսեռեան:
«Օղակ»-ին մէջ հաւաքուած են ընտանիքի անդամներ, հարազատ մարդիկ, որոնք կը փորձեն միասնաբար աշխատիլ, օժանդակել, աջակցիլ մէկը միւսին ե՛ւ նիւթապէս, ե՛ւ ֆիզիկապէս: «Օղակ»-ի մէջ յարգուած է անգամ ամենակրտսերին կարծիքը:
«Կազմակերպութեան կողքին, անշուշտ, նաեւ մեր ընկերներն են, բարեկամները, որոնք կ’ապրին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Մարդիկ, որոնք կը վստահին մեզի եւ կը ցանկան օգտակար ըլլալ:
Միշտ չէ, որ մարդ մեծ կարելիութիւններ պէտք է ունենայ, որեւէ գործ նախաձեռնելու համար: Փոքրիկ քայլերով անգամ` կրնանք մեծ գործեր իրականացնել: Եթէ ունիս ցանկութիւն, նպատակ ու ստեղծագործական կարողութիւն, կրնաս յաջողիլ նաեւ քիչ միջոցներով»,-կը նշէ Վերա Սիսեռեան:
Կեդրոնը կ’օգնէ նաեւ բացայայտել կանանց թաքնուած կարողութիւնները, որոնք միգուցէ այլ պարագայի մէջ այդպէս ալ «չբացայայտուած» մնային: Օրինակ` մէկը չէր պատկերացներ, որ լեզուներու ուսուցումը իրեն այդքան հեշտութեամբ կը տրուի, միւսը, որ կրնայ նկարել, երբ երբեք իր ձեռքը վրձին չէր վերցուցած:
«Կեդրոն կը յաճախեմ մօտ մէկ ու կէս տարի: Կը մասնակցիմ պարի, մարմնամարզութեան, ձեռքի աշխատանքի, նկարչութեան դասընթացներուն: Երբեք չէի կրնար պատկերացնել, որ կրնամ նկարել, կեդրոնին շնորհիւ` բացայայտեցի:
Եթէ կինը հանգիստ է, ուրախ, գոհ` իր տրամադրութիւնը կ’անդրադառնայ նաեւ ընտանիքի անդամներուն վրայ: Կեդրոնին մէջ միշտ բարի մթնոլորտ է, երբ դուռը կը բանաս, կ’ընդունեն որպէս տան անդամի: Այստեղ մենք կը զգանք, որ կրնանք նոր բան սորվիլ, մեր առօրեան հետաքրքիր անցնել: Խոհարարութեան խմբակին մէջ շատ օգտակար են տիկին Սոնայի խորհուրդները, որոնք կը կիրառեմ նաեւ մեր տունը,- կը պատմէ «Օղակ» յաճախող կիներէն մէկը` Գայեանէ Համբարձումեան, որ նաեւ դասաւանդած է գերմաներէնի խմբակին մէջ ու կ’աւելցնէ,-փորձեցի` ստացուեց, դեկտեմբերէն դարձեալ կը շարունակենք»:
Կեդրոնը միաժամանակ հետաքրքիր հանդիպումներու վայր է: Ամառը, օրինակ, այցելած են ՀՄԸՄ համահայկական խաղերու մասնակից Ֆրանսայի խումբի անդամները: Շատ հետաքրքիր, ջերմ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող մարդոց միջեւ: Նման եղանակներով փորձ կ’ըլլայ փոխադարձ կապ ստեղծել Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, որպէսզի կեդրոն յաճախող կանայք իմանան, որ դուրսը իրենց մասին մտածող մարդիկ կան, իսկ վերջիններս ալ զգան, որ կրնան իրենց հնարաւորութիւններու սահմանին մէջ օգտակար ըլլալ` իրենց այցելութիւններով, գումարով, յաճախ իրենց հմտութիւնները փոխանցելով:
«Կարեւոր է` փոխադարձ կապ ստեղծելը: Նպատակը միայն Հայաստանին օգտակար ըլլալը չէ, Սփիւռքի մէջ ապրող մարդիկ կարիքը ունին Հայաստանէն սնունդ ստանալու, որպէսզի կարենան իբրեւ հայ գոյատեւել: «Օղակ»-ը իւրօրինակ կամուրջ է Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ, կ’օգնէ, որպէսզի անոնք զգան, որ իրենք ո՛չ թէ տարբեր են, ինչպէս յաճախ կ’ըսեն, այլ նման են իրար, պարզապէս կ’ապրին տարբեր երկիրներու մէջ:
Համոզուած եմ` փոքրիկ քայլերով ալ հնարաւոր է հասնիլ մեր նպատակին: Ու խօսիլ ոչ թէ մեզի բաժնող տարբերութիւններուն, այլ նմանութիւններուն մասին: Ես չեմ հաւատար տարբերութիւններուն, ես կը փորձեմ նմանութիւն, նոյնութիւն գտնել: Օրինակ` երբ Հայաստանի մէջ բառ մը լսեմ, որ մեծ մայրս կը գործածէր, անմիջապէս կը խանդավառուիմ, երբ որեւէ ծանօթ պատմութիւն, առակ կը լսեմ, կը փորձեմ նոյնութեան վրայ կեդրոնանալ, ո՛չ թէ տարբերութիւններու: Կը ցանկանք միաւորուիլ, իսկ միաւորուելու համար նմանութիւններ պէտք է փնտռել, ո՛չ թէ տարբերութիւններ: Եւ սա այն պարզ պատճառով, որ ինծի համար ամէնօրեայ մտահոգութիւն է Հայաստանը, Հայաստանի խնդիրները: Եթէ ես կարենամ 300 հոգիի փոխանցել, որ այլ կերպ մտածեն, կառչած մնան իրենց հողին, հայրենիքին, ատիկա կ’ըլլայ ամենամեծ հարստացնող գործօնը իմ կեանքիս: Հայաստան` իր փոքր ու մեծ սխալներով, խրճիթներով, դժուարութիւններով, կնճռոտ մարդոցմով, ինծի համար միշտ առաջնային դիրքերու վրայ է, –կը պատմէ Վերա Սիսեռեան ու կը շարունակէ,– Հաւանաբար կ’ուզէք հարցնել, թէ ինչը կը հարստացնէ զիս: Պատասխանս միանշանակ է` այն ամէնը, ինչ որ կ’ընեմ Հայաստանի համար: Եթէ աշխարհի ամենալաւ գործն ալ ունենայի, պիտի ուրախ չըլլայի, որքան ուրախ եմ այսօր: Ես ամէն օր կ’արթննամ ու կը քալեմ Երեւանի փողոցներով ու դեռ չեմ հաւատար, որ կը գտնուիմ ի՛մ հողիս վրայ: Ասիկա չի կրնար հասկնալ այն մարդը, որ օտար երկրի մէջ չապրիր, երբ փոքր տարիքէն քարտէզներու, դրօշներու գիրքերու մէջ իր երկրի դրօշը փնտռած է ու չի գտնելով` հարցուցած, պահանջած` ինչու՞:
Ես զգացական մարդ չեմ, իմ ոտքերս ամուր կառչած են հողին, բայց ինծի համար Հայաստան իմ կեանքէս առաւել է: Երանի իւրաքանչիւր մարդ այսպէս մտածէ, որպէսզի մնա՛յ այս երկրին մէջ, մարդիկ չհեռանա՛ն: Չեմ մեղադրեր հեռացողներուն, բայց կը ցանկամ, որ մեկնելէ առաջ` պահ մը մտածեն, թէ ինչ կը ձգեն»:
Հեռացողները, թերեւս, կը ձգեն աւելին, քան կը գտնեն այլ վայրի մը մէջ: Իսկ «Օղակ» յաճախող կանայք` կը գտնեն թէկուզ փոքրիկ «պատառիկներ», որոնք կ’օգնեն կեանքին նայիլ այլ աչքերով: «Կեդրոն յաճախելով` իմ կեանքիս մէջ շատ բան փոխուած է: Նոր շրջապատ, նոր մարդիկ, հետաքրքիր զրոյցներ, սեփական ես-ը գնահատելու եւ որեւէ բանով քու ընտանիքիդ, շրջապատիդ, օգտակար ըլլալու կարողութիւն: Կանանց համար շատ կարեւոր է կեդրոնի գոյութիւնը: Շնորհակալ եմ Վերային, Գոհարին, Սանանին: Կեդրոնը մեզի թեւեր տուաւ, այստեղ յաճախող կանայք թեւեր առին»,- կը նշէ «Օղակ»-ի անդամներէն Գայեանէ Բաղրամեան, որ, թերեւս, կեդրոնը բնորոշող իւրատեսակ հայելի է: