«Իւրաքանչիւր Հայու Համար Արցախը Սրբավայր Է».Ամերիկահայ Իրաւաբան

«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը ԱՄՆ-ի Կլենտել քաղաքի «Միացեալ հայ երիտասարդներ» կազմակերպութեան նախագահ Յարութիւն Յարութիւնեանն է:

Ան ուսանած է Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ` ստանալով քաղաքագիտութեան պաքալաւրի աստիճան, ապա յաճախած  Հարաւարեւմտեան համալսարանի իրաւաբանութեան դպրոցը, իրաւագիտութեան դոկտոր է: Աշխատանքային գործունէութիւնը շարունակած է Կարօ Ղազարեանի իրաւաբանական գրասենեակին մէջ, ապա սեփական` «Յարութիւն Յարութիւնեան իրաւաբանական գրասենեակ»-ին մէջ ` որպէս իրաւաբան: Կլենտէլի իրաւաբանական խումբի հիմնադիր անդամ է եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու կազմակերպման յանձնախումբի գործադիր տնօրէն:

-Պարո՛ն Յարութիւնեան, ի՞նչ  եղած է  «Միացեալ հայ երիտասարդներ» կազմակերպութեան ստեղծման շարժառիթը:

-«Միացեալ հայ երիտասարդներ» անկախ կազմակերպութիւնն իր գործունէութիւնը սկսած է 2001 թուականին` Լոս Անճելըսի «Little Armenia» թաղամասին մէջ նախաձեռնած քայլարշաւ-ցոյցով:

Ստեղծելով կազմակերպութիւնը` նախ նպատակ ունէինք բարձրաձայնելու հայ երիտասարդը յուզող խնդիրները` ատոնց դրական լուծումներ տալու համար: Այնտեղ, ուր հակահայկական տրամադրութիւններ կը նկատենք, շտապ արձագանքելով` կը հակազդենք եւ համապատասխան  քայլեր կը ձեռնարկենք:

Կազմակերպութիւնը կը պայքարի Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ այլ ազգերու (Տարֆուր, Սուտան) դէմ տեղի ունեցած անարդարութիւններու դատապարտման եւ ճանաչման համար: Գործուն քայլեր կը ձեռնակենք նաեւ Արցախի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացքին առնչուող հարցերու ուղղութեամբ: Հասած ենք այն արդիւնքին, որ մեր ջանքերով 2014թ. ամերիկեան Քալիֆորնիա նահանգի Սենատը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը:

Շուրջ 10 տարուայ իրականացուցած աշխատանքերը բազմաթիւ են ու  տարաբնոյթ.ինչպէս յայտնի է,  Կլենտէլի մէջ «Ամերիքանա» առեւտրի կեդրոնի ղեկավարները մերժեցին Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Ժխտման ճարտարապետները» վաւերագրական ֆիլմի գովազդային պաստառի ցուցադրման համար տարածք տրամադրել, եւ այս խնդրի լուծման հետ կապուած մեր կազմակերպութիւնը նոյնպէս մասնակցութիւն  ունեցած է: Պուտապեշտի մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած ժամանակ կացինահարած ատրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովի դէմ ուղղուած բողոքի ցոյցերը  կազմակերպած ենք, մասնակցած ենք Կլենտէլի քաղաքապետի ընտրութիւններու աշխատանքներուն եւ այլն:

Նշեմ նաեւ, որ  2007 թուականին անվճար հիմունքներով հայկական դպրոց  բացած ենք, ուր կը դասաւանդուի հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, մշակոյթ: Դպրոցի աշխատանքները սկսանք  հինգ աշակերտով, իսկ այժմ եօթանասուն աշակերտ ունինք:

 –Արդարութեան դէմ պայքարին քանի՞ հոգի ընդգրկուած է, եւ ովքե՞ր կրնան ներգրաւուիլ կազմակերպութեան շարքերուն:

-Տարիներու ընթացքին կազմակերպութեան կազմին մէջ եղած են տարիքային տարբեր խումբեր, տարբեր երկիրներէ ԱՄՆ եկած աւելի քան 700 հայ մարդ: Մեր դռները բաց են բոլորին առջեւ: Պատրաստ ենք աշխատելու մեզի հետ համագործակցիլ ցանկացող շահագրգիռ բոլոր անհատներու եւ կառոյցներու հետ:

Մեր սերտ  համագործակցութեան ծիրէն ներս է նաեւ Կլենտէլի մէջ  ՀՀ հիւպատոսութիւնը:

– Ինչը՞  Ձեզի առաջ կը մղէ` այս աշխատանքները կատարելու:

-Կը կարծեմ` ամէն ինչ սկսաւ երիտասարդական շարժումէն: Կարեւոր բացթողում մը կար, որ պէտք էր լրացնել: Հարկաւոր էր համայնքը համախմբել, հայ երիտասարդներուն թոյլ չտալ կտրուիլ իրենց արմատներէն, կապուիլ Հայաստանին` այդպիսով անոնց ներգրաւելով հայապահպան աշխատանքներուն մէջ: Եթէ մենք` երիտասարդներս, նմանօրինակ քայլեր չձեռնարկենք ու պահանջատէր չըլլանք, ապա ո՞վ պէտք է մեր փոխարէն ատիկա ընէ:

Այս աշխատանքները կատարելուս շատ  կ’օգնէ իրաւաբանական կրթութիւնս: Ի դէպ, կազմակերպութեան ղեկավարներուն մեծ մասը իրաւաբաններ են:

-Ներկայիս ի՞նչ է կազմակերպութեան առաջնահերթ խնդիրը:

– Այժմ մեզի համար օրակարգային է Կլենտէլի փողոցներէն մէկը Արցախի փողոց վերանուանելու հարցը: Այս ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տանինք` մեր թիկունքին ունենալով Կլենտէլի չորս հայ քաղաքական գործիչներու աջակցութիւնը:

Երկու տարի առաջ Կլենտէլի ներկայիս քաղաքապետ Վարդան Կարապետեանի հետ կրցանք հարցը ներկայացնել համապատասխան ատեաններ: Լիայոյս եմ, որ  քանի մը ամիս յետոյ կ’ազդարարենք այս կարեւոր հարցի իրականութիւն դառնալու լուրը:

-Պարոն Յարութիւնեան, ըսէք, խնդրեմ, ինչպիսի՞ զգացողութիւն  կը պատէ Ձեզի` Արցախ ըսելուն:

-Համոզուած եմ` իւրաքանչիւր հայու համար Արցախը սրբավայր է, որ ամէն գնով պէտք է մեր համախմբուած աշխատանքի միջոցով պահպանենք:

ԱՄՆ-էն կը հետեւինք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Մենք չենք ուզեր որեւէ տարածք նահանջած տեսնել, այլ մեր սերունդներուն համար կը ցանկանք խաղաղ կեանք ապահովել: Գործնական քայլերով պէտք է հակառակորդներուն ստիպել լռել եւ ընդունիլ, որ Արցախը եղած է եւ կը մնայ հայկական տարածք.Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը մեզի շատ բան սորվեցուց:

Միացեալ հայ երիտասարդներ» կազմակերպութիւնն իր գործունէութեան ընթացքին Հայաստանի հետ կապը որքանո՞վ կը պահպանէ:

–Մեր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ է միշտ Հայաստանն  ու հայ ժողովուրդը` անկախ այն հանգամանքէն, կու գանք Հայաստան, թէ` ոչ: Յոյսով ենք` յետագային Հայաստան այցելութիւնները պարբերական բնոյթ կը կրեն եւ համագործակցութեան դաշտը կը սերտացնենք Հայրենիքի հետ:

Մինչ այս մտածած ենք Լոս Անճելըսի հայ համայնքը աւելի զօրացնելու եւ համախմբելու մասին: Մենք մտահոգ ենք Հայաստանի զարգացման համար, կ’ուզենք մեր Հայրենիքի մէջ դրական շատ փոփոխութիւններ տեսնել, իսկ այդ գործին մէջ կրնանք յաջողութեան հասնիլ միայն համակարգուած աշխատանքի շնորհիւ:

Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպեցայ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին: Սփիւռքի նախարարը կարեւոր նկատեց կազմակերպութեան աշխոյժ, ազգանպաստ գործունէութիւնը եւ նշեց, որ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ կատարած բարեխիղճ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար է, որ մեր կազմակերպութիւնն արժանացած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրին:

Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի

Scroll Up