Սթամպուլի Աչքը, Սիրտն Ու Հումորը. Հարցազրոյց Արա Կիւլերի Հետ

-Հիմա պիտի հարցնես  ես ալ պիտի ըսեմ…

Չէ, ուղղակի զրուցենք: Այնքան հարց ունիմ Ձեզի տալու. Ո՞ր մէկը տամ, աւելի լաւ է պարզապէս զրուցենք:

-Ես վիժուալ հիսթըրի (visual history) գրած եմ, գիտե՞ս:

Այո գիտեմ, 800.000 նկար ունիք:

– Ին՞չ կը խօսիս, երկու միլիոն:

Կազմին մէջ երկու միլիոն նկար կա՞յ Ձեզի համար, որ մէկը` իւրայատուկ է:

-Իմ պատկերս (կը ծիծաղի): Ամէնն ալ ինծի համար կարեւոր են, չօփչի նկարն ալ կարեւոր է (չօփչի – թրք. աղբահաւաք): Ինծի համար մարդիկ  կարեւոր են: Ես մարդոց կը նկարեմ, ես սինարի, (scenery – անգլ. տեսարան) չեմ նկարեր:  Եթէ նոյնիսկ տեսարան կայ,  տեսարանին մէջ մարդուն ներկայութիւնը կայ: Ամէն բան մարդոց համար շինուած է, ամբողջ օդանաւները մարդոց համար շինուած են, կերակուրները ամբողջ մարդոց համար կը պատրաստուին, տուները, պատերը… (կը լռէ) Պատը վատ բան է: Պատը մարդկութեան սխալներէն մէկն է.. Պատը վտանգաւոր բան մըն է, (կը լռէ) պատը կը բաժնէ, մարդոց կը բաժնէ:

Աշխարհի տարբեր ծայրեր եղած էք, ի՞նչն է Ձեզի ամէն անգամ Սթամպուլ ետ բերողը, ի՞նչ կայ Սթամպուլի մէջ, որ ուրիշ տեղ չկայ:

– Հոս իմ տունս է:

Սթամպուլ ըսելուս առաջին պատկերը, որ կու գայ աչքիս առջեւ, Ձեր` ձկնորսներու լուսանկարն է:

– Հա, ձկնորսներուն նկարը: Հայեր են, գիտե՞ս, առաջին ձկնորսները հայեր եղած են:

Իսկ ի՞նչ նկար  Ձեր աչքին առջեւ կու գայ :

– Տունս կու գայ, ընկերներս, սիրածս կինը կու գայ:

Կը յիշէ՞ք Ձեր առաջին սէրը:

– Ես միշտ  սիրահարուած եմ: Ես կրնամ ծառին ալ սիրահարուիլ, գոյնին ալ, փողոցին ալ, լոյսի շողին ալ: Աշխարհի մէջ կարեւոր բան մը` կայ, սէր կայ: Մարդ չի գիտեր երբ պիտի սիրահարուի, երբ սիրէ: Կեանքը պատահականութիւն մըն է: Աշխարհի մէջ մեծ ու իսկական սէր կայ, կը հաւատա՞ս:

Չեմ գիտեր:

– Կայ, կայ..

Իսկ հայուհիի սիրահարուա՞ծ էք:

– Այ այդ մէկը պատահած չէ:

Սթամպուլէն ետք , որ քաղաքը՞ կը սիրէք:

– Փարիզը:

Սիրոյ քաղաքը:

– Սէր ամէն տեղ ալ կայ, ամէն տեղ ալ կանաչը, կանաչ է, կապոյտը` կապոյտ:

Հայաստան գազած էիք վերջերս, այնտեղ նկարեցի՞ք:

– Աւելի առաջ ալ Հայաստան գացած էի, ամբողջ եկեցեղիները նկարած եմ:

Երեւանէն Ձեզի շոքոլադ  բերած եմ` եկեղեցւոյ նկարով: Սա Սեւանի եկեղեցին է:

– Հա գիտեմ:

Աս ալ Տաթեւը, այցելա՞ծ էք այս եկեղեցին:

-չեմ գացած:

Աշխարհի մէջ ամենագեղեցիկն է, ինծի համար ամենայնդէպս: Նշանաւոր հայեր նկարած էք, Ուիլեամ Սարոյեան, Արամ Խաչատրեան:

– Արամ Խաչատրեանին հետ հարցազրոյց ունենալը շատ դժուար էր: Մարդը հայերէն անգամ չէր գիտեր: Ես ալ Գրողներու միութիւն գացած էի անոր նկարելու համար: Լոյսերը միացնել ուզեցի, սխալ բան մը ըրի ողջ շէնքին լոյսերը յանգեցաւ: (կը ծիծաղի)

Եղա՞ծ է ատեն մը, երբ զգացած էք, որ յոգնած էք ու կ’ուզէք այլ բանով զբաղիլ:

– Ոչ ջանըմ, ի՞նչ կը խօսիս, երբեք չեմ յոգնած:

Կը յիշէ՞ք ձեր կեանքի ամենաերջանիկ օրը:

– Հա, կնոջս սիրելու օրը: Սիրահար ըլլալը աշխարհի մէջ ամենալաւ բանն է:

Ին՞չ է հայրենիքը Ձեզի համար:
(ճռճռացնելով կը բանայ հայկական շոքոլադը)

-Հայրենիքը… ես այստեղ ծնած եմ, մարդ իր ծնած տեղը կ’ուզէ մեռնիլ, գիտես: Բան մըն ալ կայ. տես ես փողոցով կը քալեմ, պատուհանէն գեղեցիկ աղջիկ մը նայեցաւ ես սիրահարուեցայ, այդ աղջիկը իմ հայրենիքս է.

Այդքան մարդոց  նկարած էք, չէ՞ք ուզեր որ  օր մըն ալ Ձեզի պէս տաղանդաւոր մէկը Ձեզի նկարէ:

-Նկարած են ինծի:

Կը հաւնի՞ք:
(ուսերը կը  թոթուէ)

վերջաւորութեան կը  մակագրէ իր գիրքը եւ կը նուիրէ ինծի:

-Յաճախ եկուր , երեկոները միշտ հոս եմ:

Կու գամ, անպայման կու գամ:

Կը վերցնեմ գիրքն ու կը հեռանամ մեր լսած, բայց չտեսած պատմութեան ականատեսէն, 2 միլիոն  պատկերի պատմութիւն կերտած հանճարեղ ծերունիէն…

Արա Կիւլերն աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ-լրագրող է: Յաճախ անոր կը դիմեն «Սթամպուլի աչք» կամ «Սթամպուլի լուսանկարիչ» մականուններով: Ծնած է Սթամպուլ, հայկական ընտանիքի մէջ: «Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ» տիտղոսակիր Կիւլերը լուսանկարած է այնպիսի աշխարհահռչակ մեծերու, ինչպիսիք են Պերտրանտ Ռասելը, Ուինսթըն Չըրչըլը, Մարք Շակալը, Ալֆրետ Հիչքոքը, Թենեսի Ուիլեամսը, Փապլօ Փիքասոն, Սալուատոր Տալին, Ուիլեամ Սարոյեանը, Սերգէյ Փարաջանովը եւ այլք: Անոր լուսանկարչական աշխատանքները կը գտնուին աշխարհի  շարք մը թանգարաններու մէջ, մասնաւոր եւ ազգային հաւաքածուներու մէջ:

Աստղիկ Իգիթեան/ Սթամպուլ

Ermenihaber.am

03 04 05 06

Scroll Up