Պոլսահայ Երգահան Մաժակ Թոշիկեան Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Հոկտեմբեր 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց պոլսահայ երգահան Մաժակ Թոշիկեանը եւ օփերայի երգիչ Պօղոս Եղիազարը:
Նախարարը ողջունեց հիւրերը, կարեւոր համարեց տաղանդաւոր երգահանի ներդրումը` հայ երաժշտարուեստը պահպանելու, հայկական մշակոյթը սփիւռքի մէջ տարածելու գործին,եւ հետաքրքրուեցաւ տաղանդաւոր երգահանի նոր ստեղծագործական ծրագիրներով ու մտայղացումներով:
Մաժակ Թոշիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ խօսքերու համար, նշեց, որ կ’աշխատի Գէորգ Էմինի «Պարեց Սասուն» բանաստեղծութեան նոր երաժշտական կազմութեան վրայ, որ Հայաստանի մէջ ներկայացնելէ ետք մտադիր է բեմադրել նաեւ Թուրքիոյ մէջ. «Կ’ուզեմ հայ երգն ու պարը ակադեմական մակարդակով հնչեցնել նաեւ Թուրքիոյ մէջ», – աւելցուց երգահանը:
Հայրենիքին եւ Սփիւռքին մատուցած ծառայութիւններուն եւ հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրումներուն համար պոլսահայ տաղանդաւոր երգահան Մաժակ Թոշիկեան պարգեւատրուած է Սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ յուշամետալով: