Տեղի Ունեցաւ Նկարչուհի Րիհամ Աֆիֆիի «The lands of legends» Պատկերագիրքի Շնորհանդէսը

Փետրուար 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտացի արաբ նկարչուհի Րիհամ Աֆիֆիի «Լեկենտներու աշխարհը» պատկերագիրքի (“The lands of legends”) շնորհանդէսը, ուր  ներկայացուած են հեղինակի` Հայաստան կատարած երեք ուղեւորութիւններու արդիւնքով ստեղծուած հայաստանեան բնանկարները:

Ձեռնարկին կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թարէք Մաաթին, ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան, Եգիպտոսի Հանրապետութեան Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Արմէն Մազլումեան, Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան, արուեստաբաններ, մտաւորականներ, հիւրեր:

Րիհամ Աֆիֆիի գեղանկարներու ցուցահանդէսը կայացած է 2016թ. Դեկտեմբերի  2-ին Գահիրէի «Փիքասօ» պատկերասրահին մէջ, որուն հասոյթը նուիրուած է «Թահեայ Միսր» հիմնադրամին`  երկրի կրթական ծրագիրներուն աջակցելու նպատակով:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Նախարարը բարձր գնահատեց Րիհամ Աֆիֆիի մեծ սէրն ու համակրանքը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ: «Մասնագիտութեամբ ակնաբոյժ-վիրաբոյժ Րիհամը 2015թ. Ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումների շրջանակում այցելելով Հայաստան` այնքան է տպաւորուել մեր մշակոյթով, եկեղեցիներով, յուշարձաններով եւ յատկապէս հիւրասէր հայ ժողովրդով, որ Հայաստանում ստեղծած գծանկարներն ու լուսանկարները դարձրել է գեղանկարներ, – նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը` ընգծելով, – հայ-եգիպտական բարեկամութիւնը դարերի պատմութիւն ունի, եւ մենք շնորհակալ ենք եգիպտական իշխանութիւններին, որ ստեղծել են բոլոր պայմանները հայ համայնքի պահպանման եւ զարգացման համար»:

Հայկական մշակոյթը ճանաչելի  դարձնելու գործին մէջ ներդրած ջանքերուն համար նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Գորկի» մետալով պարգեւատրեց Րիհամ Աֆիֆին:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թարէք Մաաթին: Ան նշեց, որ երկու ժողովուրդներն ալ հին եւ բարձրակարգ քաղաքակրթութիւններու կրողներ են, եւ հէնց այդտեղէն կու գայ փոխըմբռումը, հայ-եգիպտական դարաւոր բարեկամութիւնը: «Եգիպտոսի մէջ հայկական համայնքը միշտ ալ կարեւոր դեր  կատարած է երկրի քաղաքական, սոցիալական եւ հասարակական կեանքի զարգացման գործին: Մենք կը յարգենք հայերը եւ հայկական մշակոյթը: Այսօր այս ձեռնարկին դուք կը մեծարէք Րիհամ Աֆիֆիին: Յոյսով եմ` նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի անկեղծ հոգածութեան ներքոյ մեր երկու ժողովուրդները ա՛լ աւելի կը սերտացնեն իրենց բարեկամութիւնը», – նշեց դեսպան Թարէք Մաաթին:

ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան ընդգծեց, որ Հայաստանի մասին համաշխարահային մեծութեան շատ արուեստագէտներ գրած են, նկարած: «Անոնց կողքին այսօր իր ուրոյն հայեացքով առանձնացաւ Րիհամ Աֆիֆին», – ըսաւ ան:

Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան նշեց. «Այս պատկերագիրքն, անկասկած, Հայաստան աշխարհին հանդէպ Րիհամ Աֆիֆիի տածած մեծ սիրոյ պտուղն է: Զարմանալի է, որ Րիհամը, չունենալով նկարիչի մասնագիտական կրթութիւն, այսքան գեղարուեստօրէն եւ հարազատօրէն  վերարտադրած է հայկական բնապատկերները, յուշարձանները»: Կարէն Աղամեան աւելցուց, որ Րիհամ Աֆիֆին արժանի է դառնալու եւ կը դառնայ հայ նկարիչներու միութեան պատուաւոր անդամ:

Պատկերագիրքին մասին գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ արուեստաբան Մարինա Ստեփանեան: Ան նշեց, որ Րիհամ Աֆիֆին իրապէս ճանչցած եւ սիրած է  հայ ժողովուրդը: Վկան` անոր ջրաներկ նկարները, որ իւղաներկ նկարներու արժէքն ունին:

Եգիպտոսի Հանրապետութեան Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Արմէն Մազլումեան աւելցուց, որ արուեստագէտին համար շատ կարեւոր է նման գնահատանքը եւ այն նոր լիցքերով աշխատելու ուժ կու տայ:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Րիհամ Աֆիֆին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գնահատանքին համար եւ նշեց. «Այո՛, 1915 թուականը մեծ խարան է Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործած պետութեան համար, եւ անոնք, ի վերջոյ, պէտք է ընդունեն իրենց ոճիրը: Ես անբացատրելի զգացողութիւն ունեցայ` 2015թ Ապրիլին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մասնակցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման մեծ պատարագին: Ես ամէն անգամ կը զարմանամ հայերուն հետ խօսելուս: Անոնք շատ հիւրասէր են: Այստեղ ես յայտնաբերեցի, թէ հայերը որքան բարի են եւ որքան շատ կը սիրեն իրենց հողը: Կ’ըսեն, որ մեծ դժբախտութիւն է, երբ նռնենիները կը հատուին կացինով: Թող նռնենիները ծաղկին ամէնուր այս երկրին վրայ»:

3  5

26

4

Scroll Up