Աշխատանքներու Կիզակէտին Պէտք Է Ըլլայ Հայ Երիտասարդներու Կեանքի Որակը Բարելաւելը.Կարօ Արմէն
Սեպտեմբեր 18-20 կայացաւ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը, ուր ի մի բերուեցան եւ ամփոփուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ձեռքբերումները` վեր հանելով հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ նախանշելով ապագային միտուած ընելիքները: Համաժողովին մասնակցեցան պետական բարձրաստիճան այրեր, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, համահայկական կառոյցներու եւ համայնքներուն մէջ գործող կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ անդամներ, լրագրողներ, տնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ հոգեւոր ոլորտներու ներկայացուցիչներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:
«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի հիմնադիր-նախագահ Կարօ Արմէն ‹‹Հայերն այսօր››-ի հետ զրոյցին յոյս յայտնեց, որ համաժողովի ծիրէն ներս հնչեցուած կարծիքները, առաջարկներն ու ծրագիրները թուղթի վրայ չեն մնար, այլեւ խօսքէն գործի կը վերածուին` հաշուի առնելով մեր երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաջնահերթութիւնները:
Ան շեշտեց նաեւ, որ աշխատանքներու կիզակէտին պէտք է ըլլայ հայ երիտասարդներու կեանքի որակը բարելաւելը, քանի որ այդ ամէնուն համար բոլոր նախապայմաններն առկայ են:
Աւելցնենք, որ Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամը (COAF) բարեգործական կազմակերպութիւն է, որուն նպատակն է բարձրացնել գիւղաբնակներու կեանքի որակը համայնքային զարգացման երեխայակեդրոն ծրագիրներու միջոցով: Հիմնադրամի համակողմանի ծրագրային օրինակի իրագործումը սկսած է 2004թ., եւ այդ ժամանակէն ի վեր զուգահեռաբար կ’իրականացուին կրթական, առողջապահական, սոցիալական եւ տնտեսական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ կը հիմնանորոգուին համայնքներուն համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքները: