Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովը Հայութեան Միաւորող Նախաձեռնութիւն Է. Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ

‹‹Փոխադարձ վստահութիւն,  միասնականութիւն  եւ պատասխանատուութիւն›› խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք  6-րդ համահայկական համաժողովը շատ լաւ ընթացք ունեցաւ, բոլոր քննարկումներն ու ընտրուած թեմատիկ նիստերը դրական կը գնահատեմ, տարիէ տարի համաժողովն առաւել կառուցողական բնոյթ կը ստանայ: Նկատած եմ, որ կազմակերպուող համաժողովներուն նկատմամբ մասնակիցներու վստահութիւնն առաւել կը խորանայ, նաեւ համատեղ աշխատանքային ծրագիրներու իմաստով››,-‹‹Հայերն այսօր››-ի  հետ զրոյցին ըսաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան` աւելցնելով, որ տարակարծութիւններ, մտայնութիւններ, բնականաբար, միշտ ալ կ’ըլլան, եւ համաժողովէն յետոյ այդ ամէնը մէկտեղելու,  իրատեսական գաղափարները կեանքի կոչելու համար զգալի քայլեր կը կատարուին:

Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, մասնագիտական եւ ժամանակակից հնչեղութեամբ համաժողով կը կազմակերպէ, յատկապէս բարձր կը գնահատէ արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած սփիւռքահայերու նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութիւնը եւ նիստերու ժամանակ այդ ամէնուն առնչուող  արդիւնաւէտ քննարկումները:

‹‹Հայաստան-Սփիւռք համաժողովը հայութիւնը միաւորող մեծ նախաձեռնութիւն է, լիայոյս եմ` համաժողովէն բխող գաղափարներն ու առաջարկները նոր լոյս պիտի սփռեն մեր  կեանքին մէջ››,-զրոյցն ամփոփեց Տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան:

Գէորգ Չիչեան

 

 

Scroll Up