ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Ներկայացուեցաւ Դասախօսութիւն Երուսաղէմի Հայկական Համայնքին Վերաբերեալ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/09/GetThumbnail.jpg)
Սեպտեմբեր 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները լսեցին դասախօսութիւն «Երուսաղէմը երէկ, այսօր, վաղը եւ մեր մարտահրաւէրները» թեմայով: Բանախօսը խմբագիր, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ, ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան անդամ Մինաս Գոճայեանն էր: Ձեռնարկին ներկայ էին Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սերխիօ Նահապետեան, կեդրոնական վարչութեան անդամ Յակոբ Անդրէասեան, հիւրեր:
Մինաս Գոճայեան հանգամանօրէն ներկայացուց Երուսաղէմի հայ համայնքի եւ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, ցուցադրեց հայկական թաղամասի պատկերները, պատմեց եօթերորդ դարու կէսերուն Երուսաղէմի մէջ կառուցուած Սուրբ Յակոբեանց եկեղեցւոյ եւ հայկական ժառանգութեան թանգարան ստեղծելու հեռանկարի եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն մասին, պատասխանեց ներկաները հետաքրքրող հարցերուն: