«Սփիւռքի Մէջ Հայերուն Միաւորողը Եկեղեցին Է». Անդրանիկ Աւագ Քահանայ Մալճեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, յիրաւի, տուն  է`տան մէջ, որուն  դռները  միշտ բաց են  աշխարհի բոլոր ծագերուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն համար: Անոնցմէ շատերն  օտար եզերքի վրայ  իրենց  շուրջը կը ստեղծեն  կանաչ ովազիս-Հայաստան` պահպանելու  մեր հաւատքն ու լեզուն, մեր դարաւոր մշակոյթը, մեր սովորոյթներն ու հայեցի դաստիարակութեան, կրթութեան աւանդոյթները: Անոնցմէ մէկուն` Ֆրանսայի Վալանս  քաղաքի  հայկական համայնքի հոգեւոր հովիւ  Անդրանիկ  քահանայ  Մալճեանի  հետ «Հայերն այսօր»-ի համար ծաւալուած հետաքրքիր զրոյցին  առանցքը,  որուն մասնակից էին  երէցկին  Ռուզան Մալճեանը եւ Վալանսի  հայկական  ձայնասփիւռ «Ա»-ի ներկայացուցիչ, հայկական մէկօրեայ դպրոցի արեւելահայերէնի ուսուցչուհի  Սուսան Փահլեւանեանը, կը վերաբերէր հէ՛նց այդ հարցերուն: Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք այդ զրոյցը:

Տէ՛ր հայր, բարով  եկած էք Հայրենիք. առաջին հարցս, որ կ’ուղղեմ Ձեզի, կը վերաբերի Ձեր շուրջ, հայկական եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած մեր հայրենակիցներու հաւատքի ամրութեան, հաստատակամութեան. որքանո՞վ զօրեղ է   հաւատքը:

-Ամէն  հայ հաւատացեալ է, սակայն այդ հաւատքը գործի դնելու դժուարութիւնները միշտ կան: Մարդիկ հաւատք ունին, բայց հաւատքի գիտութիւնը չունին: Վալանսի Սուրբ Սահակ հայկական եկեղեցին լի է հաւատացեալներով, բայց ատիկա  հաւատաւոր ժողովուրդի ընդհանուր պատկերը չի ներկայացներ, որովհետեւ Վալանսի մէջ 15 հազարէ աւելի  հայութիւն կ’ապրի: Սփիւռքի մէջ հայերուն միաւորողը եկեղեցին է, համայնքը:

Գուցէ   քիչ մը զարմանալի թուի,  բայց  ինծի կը  հետաքրքրէ նաեւ աղանդներու հետ կապուած հարցը. արդեօք  Վալանսի մէջ  ա՞լ կան աղանդներու  հետեւող հայեր:

–Այո՛, կան, եւ ատոնք հիմնական Եհովայի վկաներու հետեւորդներ են. քիչ  է անոնց թիւը, սակայն ատիկա, այնուամենայնիւ, մտահոգուելու  տեղի կու տայ: Այդ աղանդին համար մարդորսութիւնը նպատակակէտ է:

Տէ՛ր հայր, անշուշտ, կը կատարէք մկրտութեան, պսակադրութեան արարողութիւններ, հոգեհանգստեան  կարգ. ըսէք, խնդրեմ` արդեօք մկրտուողներու թիւ՞ը  շատ է, թէ՞ պսակուողներունը:

-Երկուքն  ալ շատ  եղած են, սակայն վերջերս աւելի  շատ է մկրտուողներու թիւը:

Դուք Ձեր հոտը կ’առաջնորդէ՞ք բոլոր  ձեռնարկներուն, կարեւոր իրադարձութիւններու  ժամանակ, ըսենք` Հայոց  ցեղասպանութեան յիշատակութեան օրուան, Արցախի հետ կապուած իրադարձութիւններուն եւ այլ առիթներու պարագային:

-Այո՛, հոգեւոր հովիւի ներկայութիւնը բոլոր առումներով կարեւոր է:

Տէ՛ր հայր, Դուք նաեւ  վանքապատկան մէկօրեայ հայկական դպրոցի տնօրէնն էք, ստանձնած էք երկու շատ կարեւոր` հոգեւոր հովիւի եւ դպրոցի տնօրէնի  պարտականութիւնները. դժուար չէ՞…

-Դիւրին չէ, անշուշտ, բայց, յիրաւի, շատ կարեւոր ու ազգապահպան առաքելութիւններ են, եւ ես սիրով  ատոնք յանձն առած եմ: Մեր դասերը կը սկսինք առտուն կանուխ եկեղեցւոյ մէջ փոքրիկ ժամերգութենէն յետոյ` երգելով «Առաւօտ լուսոյ»-ն եւ Տէրունական աղօթքով, որմէ յետոյ միայն կը սկսինք  պարապմունքները: Եթէ եկեղեցական, կամ հայկական աւանդական, Հայաստանի պետական որեւէ տօն  ըլլայ, նաեւ  փոքրիկ զրոյց մը կ’ունենամ այդ թեմաներով, համառօտ բացատրութիւններ կու տամ այդ մասին: Դպրոցին մէջ  երեխաները կը սորվին հայոց լեզու, գրականութիւն, հայոց պատմութիւն, կրօն. այս ամէնը համակցուած` կը մատուցենք մեր աշակերտներուն:

Ընտանիքներուն  հետ կապ ունի՞ք,  ծնողները ինչ-որ ձեւով կաջակցի՞ն  Ձեզի:

-Այո՛, կապը ընտանիքներուն հետ կայ, ծնողական յանձնախումբ ունինք, որ մեզի կ’օգնէ ձեռնարկներ կազմակերպելու հարցերուն մէջ: Ծնողներն ալ, իրենց հերթին,   թարմ, հետաքրքիր  գաղափարներ, նոր մտայղացումներ կ’առաջարկեն:

Երեխաները քիչ մը տեղեկացուա՞ծ են հայաստանեան հետաքրիքիր իրադարձութիւններուն մասին, արցախեան պատերազմին:

-Այո՛, այնքանով,  որքանով անհրաժեշտ է մանուկ հոգիներուն համար: Մեր դպրոցի աշակերտները նամակներ  գրած են հայ զինուորներուն, եւ այսօր մենք նախարարութենէն ստացած ենք ատոնց պատասխաններն ու կը տանինք Վալանս. Կը պատկերացնեմ երեխաներու ուրախութեան ու յուզմունքին չափը: Մեր նպատակն է, որ երեխաները միշտ կապ ունենան Հայրենիքին հետ: Ըսեմ, որ մեզի հետ կը տանինք նաեւ  2016 թ. Համահայկական մրցանակաբաշխութեան ժամանակ ստացած  շատ կարեւոր պարգեւատրում մը` տրուած Վալանսի մէջ գործող ռատիօ «Ա»-ին` հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած զգալի աւանդի համար: «Ա» ռատիօյի շարք մը հայրենասիրական, ազգապահպան հաղորդաշարեր կը ներկայացնէ մեր դպրոցի բարձր դասարաններու արեւելահայերէնի ուսուցչուհի, նոյն դասարաններու փոխտնօրէն Սուսան Փահլեւանեանը:

Ի՞նչ բանի կարիք ունի  ձեր դպրոցը` դասագիրքերո՞ւ,  գեղարուեստական  գրականութեա՞ն, ուսումնական ծրագիրներո՞ւ…

-Ունէինք  գիրքերու կարիք. այս տարի Սփիւռքի նախարարութենէն ստացանք եւ՛ գեղարուեստական գրականութիւն, եւ՛ դասագիրքեր, որուն համար այնչափ շնորհակալ ենք  ՀՀ սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին: Մինչ այդ` Նիւ Եորքի առաջնորդարանէն կը ստանայինք Սիլվա Ստեփանեանի արեւմտահայերէնով կազմած դասագիրքերը: 10-15 տարի առաջ զգացի, որ անհրաժեշտութիւն կայ` դասաւանդելու նաեւ արեւելահայերէնով, որովհետեւ  ունինք աշակերտներ, որոնք Հայաստանէն են եւ, առհասարակ, լաւ է գիտնալ եւ՛ արեւմտահայերէն, եւ՛ արեւելահայերէն: Արեւելահայերէնի 3 դասարան ունինք  այսօր: Դպրոց կը յաճախէ 175 աշակերտ:

Տէ՛ր  հայր,  երկու ծանր, պատասխանատու  պարտականութիւն  ստանձնած էք. ո՞րն է Ձեզի համար առաւել կարեւոր:

-Բնականաբար, երկուքն ալ շատ կարեւոր են եւ ունին հայապահպան առաքելութիւն, սակայն ինծի համար շատ կարեւոր է երեխաներու դաստիարակութիւնը, անոնց կրթելը, անոնց հոգիին մէջ հայրենասիրութեան կրակն անմար պահելը: Դաստիարակութեամբ կարելի է հասնիլ եւ՛ ճշմարիտ հաւատքի, եւ՛ գրագիտութեան, իսկ հաւատքի սերմերը մանկութենէն պէտք է սերմանել երեխաներու հոգիին մէջ: Դպրոցը, հոգեւոր  կեդրոնէն այն կողմ, առաջին կարեւորագոյն օղակներէն է:

«Սուրբ Սահակ» հայկական առաքելական եկեղեցւոյ  կից «Դաւիթ Դաւիթեան» հայկական մէկօրեայ դպրոցը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած է  մայրենի լեզուին նուիրուած շարադրութիւններուն ունեցած աշխոյժ մասնակցութեան համար: Շա՛տ շնորհակալութիւն տիկին Յակոբեանին` մեր աշակերտներու մասնակցութիւնն այդ մրցոյթին արժեւորելու եւ գնահատելու  համար:

Քիչ մը  անդրադարձ կատարենք  նաեւ Ձեր արմատներուն  ու կենսագրութեան. ինչպէ՞ս  կայացուցիք  հոգեւորական դառնալու Ձեր որոշումը:

-1974 –ին Սուրիայէն  եկած ենք ու հաստատուած Վալանսի մէջ: Ֆրանսերէնով  ստացած եմ կրթութիւնս, աշխատած եմ առեւտրային  կազմակերպութեան մը: 30  տարեկանիս  ընդունած եմ հոգեւորական դառնալու որոշումը. քեռիս` Նարեկ աւագ  քահանայ  Վարդանեանը,  առաջարկեց, որ  յաջորդեմ զիրեն:  Ես մօտ 6 ամիս մտածեցի եւ հասկցայ, որ ատիկա Աստուծոյ կանչն է. եկայ Հայաստան` Էջմիածին, երկու տարի յաճախեցի Քահանայի լսարան, սարկաւագ դարձայ, գտայ իմ  երկրորդ կէսը` Ռուզանը, ամուսնացանք եւ  վերադարձայ  Վալանս` ստանձնելով տեղի հայկական համայնքի հոգեւոր հովիւի, յետագային` նաեւ դպրոցի տնօրէնի  պարտականութիւնները: Երէցկին` Ռուզանը, երկար տարիներ հայերէն  դասաւանդած է, ի՛նքը դպրոցին մէջ դրած է արեւելահայերէնի հիմքը, եղած արեւելահայերէնի առաջին դասաւանդողը. որպէս երէցկին` միշտ իմ կողքիս  եղած է: Այժմ ան  կ´աշխատի քաղաքապետարանին մէջ:

Դպրոցի  հետ  կապուած` ինչպիսի՞ ցանկութիւն, ծրագիրներ ունիք:

-Ցանկութիւնս է, որ աւագ սերունդը ազգային բոլոր արժէքները փոխանցէ նոր սերունդին:  Դպրոցի շէնքի վերանորոգման լուրջ ծրագիր ունինք: Շէնքը շատ հին է, այն դեռեւս 1876-ին կառուցուած կաթոլիկ հին եկեղեցւոյ շինութիւն է: Մենք կրցած ենք վերանորոգել, բարեկարգել առաջին յարկը, 2-րդն ու 3-րդը դեռեւս վերանորոգուած չեն: Այս տարի Ֆրանսայի պետական աջակցութեամբ մեծ հնարաւորութիւն ունինք շէնքը վերանորոգելու եւ ձեռք բերելու 4 բնակարան` վարձակալութեամբ տալու եւ այդ գումարով հոգալու դպրոցի ծախսերը:

Տէ՛ր հայր, Դուք ծնած էք Սուրիոյ մէջ. այն, բնականաբար, Ձեր անմոռանալի ծննդավայրն է, հոգեւոր կրթութիւն ստացած էք Հայաստանի մէջ, կ´ապրիք ու կ´աշխատիք Ֆրանսայի` Վալանսի մէջ. ո՞ւր  է Ձեր հոգին:

-Այո՛, ծննդավայրս Սուրիան է, որուն հետ  կապուած են մանկութեաս յուշերը, ուր հարազատներ, ծանօթներ ունիմ: Կը սիրեմ Վալանսը, որովհետեւ գիտակցական կեանքիս մեծ մասը այնտեղ կ´ապրիմ, այնտեղ կ´աշխատիմ, Վալանսի հայկական եկեղեցւոյ մէջ է իմ փոքրիկ Հայաստանս,  իսկ հոգիս Հայաստանի՛ մէջ է` իմ Հայրենիքիս մէջ: Բախտաւոր ենք, որ Հայրենիք ունինք. որքա՜ն ազգեր մնացին անհայրենիք…պէտք է փայփայենք ու ամուր պահենք այս  բուռ մը Հայաստանը, հայոց լեզուն, մեր հաւատքը:  Հայապահպանութեան գործին մէջ մեծ դեր ունի  եկեղեցին:

Դուք հոգեւորական էք,  Աստուծմէ՛   ընտրուած էք,  ի՞նչ կը  յուշէ  հաւատքով զօրացած Ձեր  ներքին  ձայնը`  ինչպիսի՞ն  կը տեսնէք Հայաստանի ապագան:

-Լաւատես եմ. ես երկու տարի յաճախ   Էջմիածինի մէջ, ապրած եմ Հայաստանի մէջ: Ամէն անգամ Հայաստան այցելելուս` ես  յառաջընթաց կը տեսնեմ, որն աւելի լաւ ապագայի  շօշափելի  նշան է: Այսօր բոլորիս  միակ խնդիրը Արցախը պահելն է, անկարելի բան չկա՛յ Աստուծոյ համար: Ես յոյսով  լեցուած եմ Հայաստանի առաւել լաւ ու հզօր ապագայի հանդէպ:

Ահա  այսպիսի  լաւատեսական  խօսքերով ալ  կ´աւարտեմ  իմ  հարցազրոյցս Անդրանիկ աւագ քահանայ Մալճեանի հետ ` կրկին համոզուելով,  որ աշխարհի տարբեր  երկիրներ  ապրող ու արարող  մեր հայրենակիցներուն Հայրենիքի շուրջ համախմբելու ուղիղ  ճանապարհը  հաւատքն է ` առ Աստուած,  ինչպէս նաեւ ` Արարչագործ  հնամենի մեր ժողովրդին միաւորելու առաջին նախապայմաններէն մէկն ալ Սէ՛րն է` Հայրենիքի ու իրարու հանդէպ:

Կարինէ  Աւագեան

Յ.Գ. Աւելցնենք, որ օրերս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Տէր Անդրանիկ քհն. Մալճեանին փոխանցուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիր` «Իմ քաղցր լեզու» շարադրութիւններու մրցոյթին աշխոյժ մասնակցութեան համար,  իսկ Վալանս քաղաքին մէջ գործող «Ռատիօ Ա»-ի «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2016թ. մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն լրատուամիջոց» անուանակարգի տիպլոմը յանձնուեցաւ հաղորդավար Սուսաննա Փահլեւանեանին:

 

Scroll Up