«Օտար Հողի Վրայ Դուն Միշտ Օտար Ես». Աւետիս Ափոշեան
Աւետիս Ափոշեան հայրենիք վերադարձած է մշտապէս հաստատուելու նպատակով: ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու ինստիտուտի սուրիահայ ուսանողին ու արդէն նաեւ աշխատակիցին հետ «Հայերն այսօրի» թղթակիցը զրուցած է հայապահպանութեան, հայկական սփիւռքին սպառնացող մարտահրաւէրներուն ու հայրենադարձութեան մասին:
–Աւետի՛ս, ծնած ու մեծցած ես Հալէպի մէջ: Ի՞նչ կ’աշխատէիր այնտեղ եւ ե՞րբ հասունացաւ հայրենիքի մէջ մշտապէս հաստատուելու միտքը:
– Հալէպի մէջ յաճախած եմ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանը: Այնուհետ ուսումս շարունակած եմ Հալէպի պետական համալսարանի գրականութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքին մէջ: 4 տարի ուսանեցայ այնտեղ, սակայն վերջին երկու տարիներուն արդէն դժուարութիւններ կային, քանի որ սկսած պատերազմի պատճառով վիճակը երթալով կը թէժանար: Նոյն համալսարանին մէջ դիմեցի նաեւ մագիստրոսական կրթութեան համար, ընդունուած էի, սակայն մնալն արդէն անհնար էր, եւ եկայ Հայաստան:
Ճիշդ է` պատերազմի բերած վտանգը, խուճապը, վախը շատերուն կը բերեն հայրենիք, գուցէ եթէ պատերազմը չըլլար, անմիջական պատճառ չհանդիսանար` սուրիահայերու այսքան մեծ հոսք դէպի Հայաստան չէր ըլլար, սակայն իմ պարագաս քիչ մը տարբեր է: Իմ մտքերուս մէջ մանկութենէս եղած է հայրենադարձուելու միտքը, միշտ վստահ էի, որ օր մը մշտական ապրելու կամ թէկուզ կրթութիւն ստանալու համար պիտի տեղափոխուէի Հայաստան: Հայրենի երկրի երազը իմ մտքերուս, մտածումներուս մէջ անընդհատ եղած է, եւ ես ի վերջոյ հասայ այդ երազին: Հեռաւոր ապագային, եթէ Սփիւռքի մէջ իմ կարիքս ըլլայ` որպէս ուսուցիչ կամ հայագէտ, ես պատրաստ եմ երթալու եւ ծառայելու: Ատիկա, թերեւս, կ’ըլլայ միակ պատճառը, որուն համար ես կը հեռանամ հայրենիքէս:
– Ինչպէ՞ս որոշեցիր կրթութիւնդ հէնց Հայագիտական հետազօտութիւններու ինստիտուտի մագիստրոսական ծրագիրին մէջ շարունակել:
– Հայաստան ժամանելէ յետոյ` ուսումնասիրեցի հայաստանեան զանազան համալսարաններու ծրագիրները: Կ’ուզէի հէնց մագիստրոսական որակաւորում ստանալ, քանի որ պակալաւրի կրթութիւն արդէն իսկ ունէի, եւ իմաստ չունէր զերոյէն սկսիլը: Անգամ նախապատրաստական տարուայ կարիք չկար: ՀՀԻ ցեղասպանագիտութեան մագիստրոսական ծրագիրը միանգամէն հետաքրքրեց զիս, քանի որ ցեղասպանութեան հետ կապուած անմիջական պատմութիւն ունի նաեւ իմ գերդաստանս. նախնիներս Կիլիկիոյ Այնթապ քացաքէն եղած են եւ 1915-ին ստիպուած տեղափոխուած ու հաստատուած են Սուրիա: Եւ երկրորդ պատճառը, որ ընտրեցի այս ծրագիրը, այն էր, որ այն կը ներառէ տարբեր առարկաներ` սկսած պատմագիտական-քաղաքագիտական դասընթացներէ մինչեւ միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին յարող դասաժամեր: Սերտելով այս ամէնը` անձս յետագային ճիշդ այս ոլորտին մէջ կը պատկերացնեմ` հայագիտութեան մէջ:
-Աւետի՛ս, ՀՀի-ի մէջ նաեւ կ’աշխատիս: Այս կառոյցին մէջ իւրաքանչիւրը իր առաքելութիւնը ունի, ո՞րն է քու առաքելութիւնդ:
– Այո՛, կ’աշխատիմ Վիրթուալ հայագիտութեան եւ տեղեկատուութեան բաժինին մէջ: Ինստիտուտի կայքին համար, իմ աշխատակազմիս հետ համատեղ, գիրքեր կը թուայնացնենք ու նիւթեր կը տեղադրենք կայքի տարբեր բաժիններուն մէջ, ինչպէս նաեւ արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն խմբագրումներ ու փոխարկումներ կ’ընեմ: Այսօր համացանացը մեծ զէնք է, եւ կը փորձենք այդ զէնքը ի նպաստ Հայկական սփիւռքին եւ Հայաստանին օգտագործել:
– Արդէն 2 տարի է` Հայաստանի մէջ ես: Որո՞նք եղած են մշակոյթի, կրթական համակարգի եւ մտածելակերպի այն հիմնական տարբերութիւնները, որ նկատած ես Երեւանի մէջ` համեմատելով այն Հալէպի հետ:
-Տարբերութիւններ պիտի ըլլան: Ատիկա բնական է: Ի վերջոյ անկախ ամէն ինչէն ասոնք տարբեր աշխարհագրական տարածքներ են, տարբեր քաղաքակրթութիւններու հետեւորդներ: Հալէպէն Երեւան գալով` մշակութային ցնցում չեմ ապրած, չնայած որ այստեղ աւելի ազատամիտ են, եւրոպական բարքերուն աւելի մօտ կանգած: Հալէպի մէջ հայերը իրենց ընտանիքներէն ներս առաւել քան աւանդապահ են: Իսկ կրթական համակարգին մէջ տարբերութիւնը հիմնականին մէջ այն է, որ Սուրիոյ մէջ պետական լեզուն արաբերէնն է, եւ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաժամերը բաւականին քիչ են: Կարիք կայ այդ ժամերը աւելցնելու:
Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հայկական համայնքներուն մէջ լեզուն, կարելի է ըսել, լաւ կը պահպանուի, հաւատքը` եւս, ինչ որ չեմ կրնար ըսել արեւմտեան երկիրներու հայկական համայնքներուն մասին: Տեսակ մը յարակարծական է, քանի որ հակառակը պիտի ըլլար: Եւրոպական կամ ամերիկեան մայրցամաքի երկիրները ժողովրդավարութեան կեդրոններ կը համարուին, այնտեղ պէտք է իւրաքանչիւր փոքրամասնութեան կամ համայնքի իրաւունքները` լեզուական, կրօնական, մշակութային, աւելի յարգուէին: Չի կարելի ըսել, որ հայապահպան կառոյցները վատ կ’աշխատին: Ո՛չ, անոնք մէկ դարէ աւելի կը փորձեն հայրենիքէն հեռու հայուն հայ պահել: Ուղղակի պէտք է ընտանիքներէն ներս ալ երեխաները հայեցի դաստիարակուին, Սփիւռքի հայ երիտասարդութիւնը շահագրգռուած ըլլայ իր արմատները պահպանելու հարցով:
-Մեծնալով Սփիւռքի մէջ` որո՞նք են, ըստ քեզի, անոր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:
-Ինչպէս նշեցինք` նախ լեզուի խնդիրը: Այսօր վիրթուալ հայագիտութիւնը նաեւ այդ ուղղութեամբ աշխոյժ կ’աշխատի: Բայց իմ անձնական օրինակով կ’ըսեմ, ես` որպէս անհատ, եւս կը փորձեմ օգտակար ըլլալ: Ընկերային ցանցերուն մէջ միայն հայատառ կը գրեմ ու հայերէնով կը հաղորդակցուիմ: Իմ միւս սփիւռքահայ ընկերներուս ատիկա կ’ոգեւորէ, եւ իրենք ալ կը շահագրգռուին ինծի պատասխանելնուն գրեն հայատառ: Այսպէս պէտք է ընէ իւրաքանչիւր հայ: Լեզուի նահանջը ընդհանուր հայութեան խնդիրն է: Ես յաճախ կը հետեւիմ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման ուղղուած գիտաժողովներուն: Այս թեմային մասին յաճախ կը մտածեմ, սակայն ժամանակի սղութեան պատճառով չեմ կրնար իմ ունեցած մտքերս գործի վերածել: Պէտք է ընտրել երկու տարբերակներու գրական բառապաշարները, արեւմտահայերէնը շատ զարգացած է եզրաբանութեան առումով, իսկ արեւելահայերէնը ունի շատ կարեւոր կազմութիւններ, որոնք պէտք են լեզուի զարգացմանը: Ի հարկէ, պէտք չէ բարդացնել լեզուն, քանի որ այն կենդանի երեւոյթ է, այն պէտք է պարզեցման երթայ` հաւատարիմ մնալով իր հիմքերուն:
– ինչպէ՞ս սկսիլ այդ մերձեցումը:
-Տեսէք` արեւելահայերէնը Սփիւռքին հասանելի է հեռուստատեսութեան, համացանցի եւ այլ նորագոյն տեղեկատուամիջոցներու շնորհիւ: Սակայն հակառակը ըսել չեմ կրնար: Հայաստան ապրող հայերը ծանօթ չեն արեւմտահայերէնին, հեռու են անկէ: Երբ այդ անջրպետը յաղթահարուի, մերձեցումը կը սկսի:
– Կ’ըսեն` Սփիւռքը միշտ համախմբուած է կուսակցութիւններու ու եկեղեցւոյ շուրջ: Հիմա ա՞լ այդպէս է:
– Ես որեւէ կուսակցութեան չեմ յարիր, բայց չեմ կրնար չնկատել, որ կուսակցութիւնները կապող օղակ կը հանդիսանան տուեալ երկրի կառավարութեան եւ համայնքի կեանքին միջեւ, թէկուզ եւ օրէնսդրական որոշակի հարցեր լուծելով: Սփիւռքի մէջ` հիմնականին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, Դաշնակցութեան դերը մեծ է հայապահպանութեան եւ հայկական համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով:
Հայկական եկեղեցին եւս կապող օղակ է: Թեմական առաջնորդները կը հսկեն հայկական դպրոցներուն մէջ կրթական ծրագիրներու իրականացումը, հետամուտ են ազգային ճեմարաններու զարգացման:
– Իսկ Սփիւռքի մէջ ինչպէ՞ս կը յաղթահարեն համապատասխան ուսուցիչներու պակասը:
– Ուսուցիչներու պակաս իրօք կայ: Սա նուիրական գործ է, շատ ջանք կը պահանջէ, սակայն լաւ ուսուցիչներ ալ շատ կան, որոնք իրենց աշխատանքին նուիրեալներն են, հայրենասէր կերպարներ:
ՀՀ-ի առաքելութիւններէն մէկն ալ այն է, որ Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն համար պատրաստէ բարձր որակաւորմամբ անձնակազմեր: Հիմա այդպիսի ծրագիր կ’իրականցուի Լիբանանի հայկական համայնքին հետ համատեղ, եւ կան երիտասարդներ, որոնք այստեղ կ’ուսանին, աւարտելուն պէս պիտի վերադառնան Պէյրութ` լծուելու հայապահպանութեան:
Հայագիտութիւնը այդքան ալ պարզ առարկայ չէ, եթէ իրական հարթակի վրայ չուսումնասիրես: Իսկ հայագիտութեան իրական դաշտը Հայաստանն է:
– Աւետի՛ս, դուն նաեւ ցեղասպանագէտ ես: Ինչպիսի՞ ուղիներ կը տեսնես Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման համար:
– Միայն ճանաչումը այդքան ալ բաւարար չէ: Պէտք է ճանաչումէն անցնիլ փոխհատուցման: Վերջինս դժուար է մասնաւորեցնել` այն կ’ըլլայ տարածքային, թէ` դրամական, որովհետեւ կան շարք մը քաղաքական տեսակէտներ` Քրտական հարց եւ այլն: Սակայն այսօր ալ Թուրքիան կ’իրականացնէ օսմանիզմի քաղաքականութիւն: Քեսապի ցեղասպանական դէպքերը, սուրիական Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ աւերումը, ուր կը պահպանուէին ցեղասպանութեան զոհերու շատերու մասունքները, ատիկա կը վկայեն: Թուրքիան այսօր ալ կը շարունակէ վերացնել պատմական փաստերը:
– Եւ աւարտին` ի՞նչ խորհուրդ կու տաք բոլոր անոնց, որոնք հայրենիքէն հեռու բախտ կ’որոնեն:
– Օտար հողի վրայ դուն միշտ օտար ես: Այն հպարտութիւնը, երբ որեւէ պաշտօնական նամակ կամ գրութիւն գրելուդ դուն հայերէնով կը գրես կամ մակագրես, արդէն իսկ ամէն ինչ արժէ: Յանուն հայրենիքի սիրոյ` անհրաժեշտ է որոշակի զիջումներու երթալ: Հայրենի հողին վրայ ապրելու հաճոյքը անփոխարինելի է:
Հարցազրոյցը` Ամալեայ Կարապետեանի