«Հայերու Ունեզրկումը Եղած է Հայոց Մեծ Եղեռնի Դրդապատճառներէն Մէկը…». Անահիտ Աստոյեան

2013-ին հրատարակուեցաւ Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Անահիտ Աստոյեանի «Դարի կողոպուտը. Հայերու ունեզրկումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1914-19 թթ.» գիրքը:

Հեղինակի վկայութեամբ հայ ժողովուրդի անհատական եւ հաւաքական ունեցուածքի իւրացումը պետութեան կողմէն ծրագրաւորուած ըլլալու մասին վկայութիւններ կան թէ՛ վերապրողներու, թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան տարածքի մէջ գործած օտար դիւանագէտներու զեկուցագիրներու մէջ եւ թէ՛ թրքական աղբիւրներու, որոնք կը  հաստատեն, որ հայերու ունեզրկումը հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագրի մէջ եղած է կարեւոր գործօն:

Այդ նպատակով երիտթրքական իշխանութիւնները 1915 թ. Յունիս 1-ին հրապարակեցին «Տեղահանութեան օրէնքը», որուն գործադրմամբ 1.500.000 հայ բռնի տեղահանուեցաւ ու բնաջնջուեցան:

Իսկ յետագային արդէն օրինականացուեցաւ հայերու անշարժ եւ շարժական գոյքերու, ամբողջ հարստութեան բացայայտ կողոպուտն ու իւրացումը, այս բոլորին  անդրադարձած է Անահիտ Աստոյեան, որուն հետ զրուցեցինք՝ պարզելով որոշ մանրամասնութիւններ

Հ- Ի՞նչ եղաւ ձեր գիրքի հրատարակման շարժառիթը:

Պ- Գիտնական Լեւոն Վարդանը, որ հեղինական է «1915 եւ հայերու լքեալ գոյքերը» գիրքին, ինք առաջին անգամ ուսումնասիրեց այս խնդիրը՝ միաժամանակ յորդորելով շարունակել ուսումնասիրութիւնները:

Որքան ալ զարմանալի հնչէ, բայց վերջին տարիներուն յատկապէս թուրք պատմաբանները սկսած են անդրադառնալ այս հարցին: Եւ վերջին 5-6 տարիներուն հրատարակուած է 5 գիրք, որոնց հեղինակներն են՝ Թաներ Աքչամ, Ունգուր Ումիթ, Սաիթ Չեթիօղլու, Նեվզաթ Օնարա, Այշէ Հիւրի:

Թուրք հեղինականերու կարծիքով, թրքական ժխտողականութեան հիմքը հայերու ունեցուածքի վերադարձի խնդիրն է: Եթէ թուրքերը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա ստիպուած պիտի հաշտուին այն իրականութեան հետ, որ պարտաւոր են հատուցելու հայերու կրած նիւթական կորուստները: Այդ պատճառով կը նախընտրեն ժխտել:

Ես զբաղած եմ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու տնտեսական գործունէութեան ուսումնասիրութեամբ, որուն ընթացքին պարզուեցան շատ հետաքրքրական փաստեր:

Հայերը Թուրքիոյ տնտեսութեան տէրն էին, այդ մէկը շատ կ’անհանգստացնէր թուրքերը, յատկապէս երիտթուրքերը, որոնք մտահոգուած էին, որ կարճ ժամանկահատուածէ մը ետք հայերը պիտի տիրանան նաեւ երկրի քաղաքական իշխանութեան: Հայերը Օսմանեան կայսրութեան բոլոր ասպարէզներու մէջ առաջանակարգ էին՝ ճարտարապետութիւն, երաժշտութիւն… Իսկ օսմանեան դպրոցներու 80 տոկոսը հայկական էին:

Շատ պատմաբաններու, քաղաքագէտներու, օտար դիւանագէտներու կարծիքով հայերու ունեզրկումը եղած է Հայոց մեծ եղեռնի դրդապատճառներէն մէկը: Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Մորկընթաուն բացայայտ կ’ըսէ՝ տեղահանութեան հիմնական նպատակը կողոպուտն է: Նոյնը կ’ըսեն նաեւ թուրք պատմաբանները:

Իսկապէս, ունեզրկումը առաջնահերթ նպատակներէն էր, որովհետեւ պետութիւնը մեծ պարտքեր ունէր: Նաեւ, երիտթուրքերը ունէին երկիրը թրքացնելու ծրագիր, որուն տնտեսական քաղաքականութիւնը իրականացուեցաւ հայերու եւ յոյներու ունեցուածքի թրքականացումով:

Հ- Ին՞չ ուսումնասիրութիւններ ըրած էք գիրքի պատրաստման համար:

Պ- Մատենադարանի մէջ կը պահուի Օսմանեան կառավարութեան ներքին գործերու նախարարութեան հրամանները` հայերու ունեցուածքը բռնագրաւելու մասին, որոնք կը վերաբերին Կեսարիոյ լքեալ գոյքերու յանձնաժողովներուն:

Հայերու տեղահանութենէն ետք՝ հայերու ունեզրկման գործընթացը դրուած է օրինական հիմքերու վրայ: 1915 թուականի Յունիս 10-ին հրապարակուեցան հայերու լքեալ գոյքերու հետ վարուելու 34 յօդուածէ բաղկացած հրահանգները, իսկ արդէն Սեպտեմբերին՝ «Լքեալ գոյքերու մասին» օրէնքը: Օսմանեան խորհրդարանի մակարդակով օրինականացուեցաւ հայերու ունեցուածքի իւրացումն ու բռնագրաւումը, որ արդէն կ’իրականացուէր ողջ երկրի տարածքով:

Ապա այս օրէնքի կիրառման համար պատրաստուեցաւ կանոնադրութիւն: Իսկ իրաւական ակտերու հիման վրայ ստեղծուեցան լքեալ գոյքերու յանձնաժողովներ, որոնք ալ կազմակերպեցին հայերու ունեցուածքի բռնագրաւումը: Այս փաստաթուղթերը կը պահուին Մատենադարանի մէջ:

Շատ կարեւոր փաստաթուղթեր են լքեալ գոյքերու յանձնաժողովներու արձանագրութիւնները, որոնք կրնան իրական պատկերը տալ, այն մասին, թէ մենք ինչ կորսնցուցած ենք:

Գիրքի համար օգտագործուած աղբիւրները շատ-շատ են:

1918 թուականի Հոկտեմբեր 30-ի Մուդրուսի զինադադարէն ետք Պոլսոյ թերթերը հարուստ են այս նիւթերով, հրապարակումներով, որոնք գլխաւորաբար թրքական թերթերու արտատպութիւններ էին: Պարտուած թուրքերը սկսած էին խոստովանիլ:

Հարցազրոյցներու ժամանակ ես միշտ կը կրկնեմ, որ միայն Պոլսոյ թերթերը բաւարար են, գիրք մը ստեղծելու համար:

Ապա օտար դիւանագիտական փաստաթուղթերը, օտար դիւանագէտներու կարծիքները: Հայոց ցեղասպանութեան մասին որեւէ աղբիւրի մէջ կարելի է գտնել հայերու ունեզրկման մասին նիւթեր:

Ինծի շատ օգնած են նաեւ այս վերջին շրջանին հրատարակուած թուրք պատմաբաններու աշխատութիւնները:

Հ- Եթէ հայերու ունեզրկումը, “օրինական” ձեւով կատարուած է, մենք այլեւս այդ բոլորը ետ պահանջել չե՞նք կրնար:

Պ- Լքեալ գոյքերու մասին օրէնքները, որոնք 1920 թուականին Անտանտի երկիրներու ճնշման տակ չեղեալ յայտարարուեցան, քեմալականները վերականգնեցին, եւ անոնք գործած են մինչեւ 1988 թուականը:

Իբրեւ իրաւական փաստաթուղթ` մեզի կրնայ օգնել Լօզանի դաշնագրի մէջ ընդգրկուած կէտերը, որոնք կը վերաբերին հայերու ունեցուածքին: Հանրապետական Թուրքիան պարտաւորուած էր վերադարձնել հայերու ունեցուածքը: Բայց Քեմալական Թուրքիան 1923 թուականի Սեպտեմբերին Լօզանի դաշնագրի յօդուածներու կիրառումը եւ յօդուածներու հիման վրայ Ազգերու լիգայի միջամտութիւնը բացառելու նպատակով, 1923 եւ 1927 թուականներուն ընդունեց օրէնքներ: Այդ օրէնքներով հայերը զրկեց իրենց հայրենի երկիրը վերադառնալու իրաւունքէն: Տեղահանուածներու կամ կամաւոր գաղթածներու անձնագրերու մէջ դրուեցաւ կնիք` Թուրքիա յաւէրժ վերադարձը արգիլուած է: Այդպիսով, ան տիրացաւ հայերու ձգած ունեցուածքին:

Քեմալական շարժման տարիներուն աւելի դաժանօրէն շարունակուեցան թէ կոտորածները, թէ հայերու ունեցուածքի բռնագրաւումը: Քեմալական շարժման շարժիչ ուժը` հայերու ունեցուածքն էր: Քեմալը ամէնուր կ’ըսէր` դուք ինծի պէտք է օգնէք, եթէ չօգնէք, ապա հայերը ետ կը վերադառնան եւ իրենց ունեցուածքին տէր կը դառնան:

Թուրք, քիւրտ մահմետական երեւելիները կը ֆինանսաւորէին քեմալական շարժումը, որուն յաղթանակի արդիւնքով 1923 թուականին ստեղծուեցաւ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը:

Հ- Արդեօք հնարաւո՞ր է հաշուել մեր նիւթական կորուստները:

Պ- Մարդկային ուղեղը ի զօրու չէ հաշուելու: Ես գիրքի մէջ անդրադարձած եմ մօտաւոր հանրագումարին` բերելով թիւերու վերածուած փաստեր:

Գոյութիւն ունին նաեւ տարբեր յանձնախումբեր, որոնք հաշիւներ ըրած են: Բացի 1919 թուականի Փարիզի վեհաժողովէն եւ Ազգային միացեալ պատուիրակութեան ներկայացուցած պահանջներէն, որ կազմուած է օտար մասնագէտներու միջոցով, հնարաւոր չէ ստոյգ հաշիւներ կատարել:

Օրինակ մը բերեմ. այս գիրքի հրատարակութենէն ետք Մատենադարան եկաւ կին մը, որուն մեծ հայրը վանեցի եղած է: Ան բերած էր մեծ հօր Օսմանեան դրամատան Վանի մասնաճիւղի գրքոյկը, որուն ան 7 հազար կտոր ձուլածոյ ոսկի պահ տուած էր: Եթէ  սովորական մարդը կրնար դրամատան մէջ այդքան ոսկի պահ տալ, ապա միւսնե՞րը, հարուստ ու երեւելի մարդիկ դրամատուներու մէջ որքա՞ն գումար կրնային ունենալ…

Ահռելի են նիւթական կորուստները, որ դարերու, հազարամեակներու տնքնութեամբ ստեղծուած հարստութիւն է:

Լքեալ գոյքերու հրահանգներու մէջ կար յատուկ կէտ, որ կը վերաբերէր հայկական եկեղեցական գոյքի եւ մշակութային արժէքներու կողոպուտին, որ անչափելի է:

Ըստ թրքական տուեալներու մինչեւ 1914 թուական հայերը Թուրքիոյ մէջ ունեցած են 2538 եկեղեցի, 451 վանք, 2000 դպրոց: Այս հաստատութիւններու մէջ պահուող հարստութիւնը եւս իւրացուեցաւ, կողոպտուեցաւ, աւերուեցաւ: Եւ ասիկա անդառնալի կորուստ է ոչ միայն հայ, այլեւ՝ համաշխարհային մշակոյթի համար: Հնարաւորինս մօտաւոր տուեալներով փորձած եմ ի մի բերել կորուստը. 30 հազար մասնատուփ, 600 հազար ծիսական առարկաներ:

Մինչեւ հիմա թուրքերը մեր հաշւուն կը հարստանան: Հայերու մեծամասնութիւնը վստահ եղած է, որ տեղահանութիւնը ժամանակաւոր է: Բոլորը իրենց հարստութիւնը «ապահով» տեղ մը թաղած են: Արդէն 100 տարի թուրքերու մօտ ոսկիի տենդ կայ` կը քանդեն, կ’աւերեն նոյնիսկ հայկական եկեղեցիներու, տուներու, գերեզմաններու հիմքերը: Առ այսօր յատուկ սարքաւորումներով որոնումներ կը կատարեն:

Հայերու ունեցուածքի հաշւուն թրքացուցին ոչ միայն տնտեսութիւնը. Թուրքիոյ ազգային դրամագլուխի 32-35 տոկոսը հայկական ունեցուածքն է. այս մասին կը վկայեն թուրք պատմաբանները: Թուրքերը վճարեցին արտաքին պարտքերու զգալի մասը, լեցուցին պետական պարապ գանձանակը: Փաստեր կան, թէ ինչպէս պետական պիւտճէն կ’աւելնայ պատերազմի տարիներուն, երբ պէտք է հակառակը ըլլար:

Կազմակերպեցին քեմալական շարժումը, որուն յաղթանակի արդիւնքով ստեղծուեցաւ Թուրքիան: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հենքի վրայ, անոր  նիւթական, ռազմական, քաղաքական շահոյթներու հիման վրայ:

Հայ ժողովուրդը այնքան սգացած է իր զաւակներուն կորստը, որ նիւթական կորուստը չէ կարեւորած, այդ մէկը անգամ մը եւս կը վկայէ հայ ժողովուրդի բարոյական նկարագրի մասին:

Հ- Արդեօք այլ պետութիւններ մասնակցա՞ծ են հայերու ունեզրկման:

Պ-Շատ տարօրինակ երեւոյթ կը նկատուի. մինչեւ 1914 թուականը Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ թերթերը ողողուած են օտար ապահովագրական ընկերութիւններու գովազդներով: 19-րդ դարու կէսերէն երկիրը սկսաւ ողողուիլ օտար ապահովագրական ընկերութիւններով, որոնք բոլորն ալ հայ  յաճախորդներ ունէին: Թուրքիոյ մէջ գործող 63 օտար ապահովագրական ընկերութիւն, ունեցած են հայ յաճախորդներ: Իսկ ապահովագինը կը ստանային ոսկէ դրամով: Ապահովագրական ընկերութիւնները կեդրոնական բոլոր քաղաքներու մէջ ունեցած են մասնաճիւղեր: Անոնք եւս իւրացուցած են մեր ունեցուածքը: Միայն «Նիւ Եորք Լայֆը» չնչին գումարներ վերադարձրուց:

Թուրքիոյ մէջ կը գործէին նաեւ օտար դրամատուներ: Ինչպէս նշեցի, Թուրքիոյ տնտեսութեան հիմնական մասը հայերու ձեռքն էր, եւ հայ առեւտրականները, արդիւնաբերողները կ’աշխատէին դրամատուներու հետ: Դրամատուները նոյնպէս հայերու գումարները իւրացուցին: Փաստեր կան, թէ ինչպէս գերմանական դրամատուները կ’իւրացնէին նաեւ հայերու լքեալ գոյքերը:

Հ- Գիրքը գրելու ժամանակ՝ ո՞ր փաստերու հետ առնչուիլը առաւել ծանր եղած է ձեզի համար:

Պ- Առնչուած եմ շատ ծանր փաստերու հետ, զորս յիշելը առ այսօր շատ ծանր են ինծի համար: Ամենասարսափելին վճարուող փրկագինն է: Հայերու քարաւանները փողոց, կամուրջ, գիւղէ-գիւղ անցնելու համար փրկագին կու տային, անընդհատ ոսկիներ կը բաժնուէին: Ժանտարմայի հրամանատար մը խոստովանած է, որ իրեն 40 արկղ (20 լ. տարողութեամբ) ոսկի հասած է հայկական քարաւանէն:

Մարդիկ իսլամանալու համար փրկագին կու տային: Յայտնի մեծահարուստ Իպրանոսեան 15 հազար թրքական ոսկիի համարժէք շէնք տուած է՝ իսլամանալու համար: Իսկ իսլամացած հայերու թիւը դեռ պէտք է պարզել:

Յայտնի է, որ 63 հազար երեխայ մնաց Թուրքիոյ մէջ, ըստ Մորկընթաունի,  250 հազար հայ կիներէն ու աղջիկներէն, որոնց մեծ մասը հարեմներու մէջ եղած են, միայն 10 հազարը հնարաւոր եղած է ետ բերել՝ ամերիկեան նպաստամատոյցի աշխատակիցներու ջանքերով:

Մարդիկ մեծ գումարներ կու տային գնդակահարուելու, այդ մէկ փամփուշտի համար:

Տեղեակ էք, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ յանցագործներու յատուկ կազմակերպութիւն կը գործէր: Բանտերէն դուրս հանուած յանցագործներու յատուկ կազմակերպութիւններու հետ երիտթուրքերը կը համագործակցէին պայմանով, որ անոնք ազատին քրէական հետապնդումէ պայմանով, որ հայերու կողոպուտը կիսէին:

Ըստ ամերիկեան տուեալներու, անոնց թիւը եղած է 300 հազար եւ հաշուած եմ, որ իւրաքանչիւրին հասած է 15 հազար հնչուն ոսկի: Եթէ բազմապատկենք, ապա միայն այդ յատուկ կազմակերպութեան հասած է 70 միլիառ թրքական հնչուն ոսկի…

Փաստեր, փաստեր, որոնք ինքնին ամէն ինչ կ’ըսեն: Ինծի կը մնայ միայն յուսալ, որ շատերը կ’անդրադանան այս խնդիրին: Թէեւ փորձած եմ հայերու ունեզրկման առարկայական պատմութեան ամբողջական պատկերը տալ, բայց սա ընդամէնը մէկ չնչին մասն է:

Շուտով լոյս պիտի տեսնէ նաեւ գիրքի անգլերէն հրատարկութիւնը՝ Մատենադարանի նախաձեռնութեամբ եւ պետական պատուէրով:

Յոյսով եմ, որ գիրքը իր նպաստը կը բերէ նաեւ Հայ դատին …

Գանատայի “Հորիզոն”-ի համար զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up