«Իմ Հոգիս Ու Սիրտս Մշտապէս Հայութեան Ու Հայաստանի Հետ Են` Հայ Պարի՛ն, Հայ Երգին Ու Խօսքին». Հայկ Սահակեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած Մոսկուայի «Հայաստանի ծաղիկներ» պարային համոյթի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար Հայկ Սահակեանի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:

Պարո՛ն Սահակեան, շատ գեղեցիկ, խօսուն անուն ընտրած էք պարախումբին համար` «Հայաստանի ծաղիկներ». որո՞ւն մտայղացումը եղած է:

-Պարային համոյթը սկիզբը կը գործէր դպրոցին մէջ. այդ անուանումը խումբին տուած է մեր դպրոցի ուսմասվարը` Սուետլանա Մաթեւոսեանը: Ես ալ շատ հաւնեցայ այն, որովհետեւ բացի գեղեցիկ ըլլալէն` նաեւ հնչեղ է, ռուսերէնով եւս շատ տպաւորիչ է: Մեր համոյթը շատ կարճ ժամանակոան մէջ տարբեր պարեր դրաւ եւ ճանչցուեցաւ Մոսկուայի մէջ Խաչատուր Աւետիսեանի «Ծաղիկներու պար»-ով, որմէ յետոյ` «Բերդ» պարը բեմադրեցի:

Եր՞բ կեանքի կոչուած է համոյթը:

-2018-ի յունուար 20-ին կը լրանայ պարային համոյթի ստեղծման 20 տարին: Տարբեր տարիքի ու տարբեր մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ  ընդգրկուած են մեր խումբին մէջ, կան դեռեւս առաջին դասարան յաճախող երեխաներ: Գերակշռող մասը աղջիկներն են, որովհետեւ դուրսը ապրող տղամարդոց մեծ մասը ընտանիք պահելու խնդիր ունի:

Պարո՛ն Սահակեան, որքան հասկցայ` Ձեր խումբին մէջ արհեստավարժ պարողներ չեն. Դու՞ք կը սորվեցնէք անոնց պարել, թէ՞, այնուամենայնիւ, պարարուեստէն ունեցած որոշ գիտելիքներով կու գան Ձեր մօտ:

-Խումբի պարողներն արհեստավարժ չեն. Կու գան պարելու որոշակի շնորհ ունեցողներ, ինչպէս նաեւ` նոր սորվողներ: Ես սիրով ու համբերութեամբ  կը պարապիմ անոնց հետ, որովհետեւ օտար երկրի մէջ ասիկա՛ ալ հայապահպանութեան իւրօրինակ միջոց մըն է: Հայկական երգը, հայկական պարը, հայ խօսքը, հաւատքը, հայեցի դաստիարակութիւնն այն հզօր սիւներն են, որոնց վրայ դուրսըկը հենուի հայ մարդը եւ ատով կը պահպանէ իր ազգային ինքնութիւնը:

Ին՞չ նշանակալի ձեռնարկներու, փառատօններու ու համերգներու  մասնակցած է Ձեր ղեկավարած պարային համոյթը:

-Համերգներով հանդէս  եկած ենք ՌԴ-ի գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ, մասնակցած ենք Մոսկուայի եւ միւս քաղաքներու հայկական համայնքներու ձեռնարկներուն, Հայաստանի մէջ մասնակցած ենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» փառատօնին:

Մոսկովեան հանդիսատեսը ինչպէ՞ս կ’ընդունի Ձեր համոյթի ելոյթները:

-Մոսկովեան հանդիսատեսը մեզի շատ կը գնահատէ: Մոսկուայի մէջ, երբ կը մասնակցէինք ազգային փառատօնին, ուր ամէն ազգութիւն պէտք է ներկայացնէր իր պարը, դահլիճը  պահ մը կարծես նիրհած էր, հէնց սկսաւ մեր հայկական պարը, հանդիսատեսները  աննկարագրելի ոգեւորութիւն մը ապրեցան: Սկիզբը Արա Գէորգեանի «Արցախ» երաժշտութեան ներքոյ պարեցին, այնուհետեւ բեմին վրայ ես բարձրացուցի 2-րդ «Բերդ» պարը, որուն շարունակութիւնը եղաւ Արամ Խաչատրեանի «Գայեանէ» պալէէն «Սուսերով պարը»: Դահլիճը կը թնդար որոտընդոստ ծափահարութիւններէն: 2005-ին, Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 60-ամեակին առիթով, Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ կազմակերպուած մեծ ձեռնարկին ներկայացուցած ենք «Բերդ» պարը:

Ինչպէ՞ս  կը լուծէք տարազներուն հարցը. ունի՞ք ոճաբան, խորհրդատու-ազգագրագէտ:

-Այդ հարցի ֆինանսական խնդիրը տղաս կը լուծէ, իսկ ոճաբանական, ձեւաւորման հարցերով ես կը զբաղիմ: Ես երկար տարիներ պարած եմ Հայաստանի պարային տարբեր խումբերու մէջ, մանրամասն ուսումնասիրած եմ մեր հայկական տարբեր գաւառներու տարազները: Հայաստանի մէջ պարելուս տարիներուն  մասնակցած եմ տարազներու պատուիրման աշխատանքներուն, այժմ ունինք ոճաբան` Ռուբինան, որուն հետ ալ կը համագործակցիմ, ինչպէս նաեւ` ուսումնասիրած եմ տարազներու ալպոմ-գիրքերը:

Ըսիք, որ պարած էք հայաստանեան տարբեր պարախումբերու մէջ. քանի՞ տարեկանէն  սկսած էք պարել եւ ո՞ր պարախումբերուն մէջ  կատարելագործուած էք, վարպետացած:

-Պարել սկսած եմ շատ փոքր հասակէս, յետագային պարած եմ 1966-ին հիմնադրուած Երկաթուղայիններու մշակութային պալատի Վարդգէս Ռաշիդեանի ղեկավարած «Հայաստան» ժողովրդական պարերու անսամպլին մէջ: Այդ խումբին մէջ եղած եմ եւ՛ մենապարող, եւ՛ ղեկավարած եմ մանկական համոյթը` որպէս փոխարինող: Պարն իմ տարերքս է, իմ աշխարհս:

Ո՞ր պարը այժմ կը բեմադրէք:

-Շատ պարեր կան, որոնք կը ծրագրեմ բեմադրել: Վերջերս ունեցանք «Ղարաբաղի կանանց պարը», որուն տարազներուն վրայ աշխատած ենք Մոսկուայի համայնքի նիւթական աջակցութեամբ: Սկիզբը հայկական համայնքը մեզի կ’օգնէր, իսկ ներկայիս  տղաս` Արմէն Սահակեանը  հիմնականին մէջ կը ֆինանսաւորէ:

Ո՞ւր է Ձեր հոգին…

-Իմ հոգիս ու սիրտս մշտապէս հայութեան ու Հայաստանի հետ են` հայ պարի՛ն, հայ երգին ու խօսքին:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

Scroll Up