Ես Եջանիկ Աստղի Տակ Ծնած Եմ. Գոհար Յարութիւնեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/Գոհար1.jpg)
Ապրիլ 7-ը հայ Առաքելական Ս.Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Աւետման տօնը, որ նաեւ մեր աստուածային, սրբասուրբ մայրերուն նուիրուած օրն է` Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնը:
Այս առիթով «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է«Միսս Հայաստան–1998», «Միսս ԱՊՀ–1999», «Միսիս կլոպ–2009» տիտղոսակիր գեղեցկուհի, երեք զաւակներու մայր Գոհար Յարութիւնեանի հետ, որ իր նուրբ ու քնքուշ կերպարով, ընտանիքին հանդէպ անսահման նուիրումով մէկ անգամ եւս կ’ընդգծէ հայ կնոջ` յանուն զաւակներուն եւ ամուսնուն ինքնազոհութեան բացառիկ կարողութեամբ օժտուած ըլլալը:
–Գոհա՛ր, արդէն 10 տարի է, որ ամուսնացած էք, խաղաղ ընտանիք ունիք, սիրուած կին էք: Ինչպէ՞ս յաջողած էք պահպանել ընտանեկան խաղաղութիւնը:
-Ճիշդ նկատած էք. այս տարի յունիս ամսուն կը լրանայ մեր համատեղ կեանքի տաս տարին: Տարիներու հեռուէն նայելով` ընտանեկան կեանքին մէջ, ի հարկէ, դժուարութիւններ եղած են, որոնք առանց բարդացնելու յաղթահարած եմ: Ընդհանուր առմամբ` զգացմունքային հրաշալի տարիներ ունեցած եմ: Փորձած եմ կեանքս, ըստ կարեւորութեան, կատարեալին հասցնել. չնայած երեք երեխայ մեծցնելով` ընտանիքէն ներս գրեթէ անհնարին է կատարելութեան հասնիլը: Զուգահեռաբար չեմ մոռցած նաեւ կեանքի բարիքները վայելելը:
Երջանիկ պահեր շատ ապրած եմ. ի վերջոյ, մայրութեան բերկրանքը վայելած եմ, որ իւրաքանչիւր կնոջ կը պարտաւորեցնէ եւ հպարտութեան զգացում կը պարգեւէ:
–Նկատելի է, որ ընտանիքը գերադասած էք աշխատանքէն: Օրը յագեցած է միայն ընտանեկա՞ն եռուզեռով, թէ՞, այնուամենայնիւ, այլ զբաղուածութիւն ալ ունիք. չէ՞ որ աշխարհի մէջ ընդունուած է` տուեալ երկրի տիտղոսակիր գեղեցկուհիները հասարակական գործունէութեամբ զբաղուին:
–Դեռեւս մինչեւ ամուսնանալս զբաղուած եմ հասարակական գործունէութեամբ: ԱՄՆ հինգ տարի ապրելով` տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ աշխուժօրէն աշխատած եմ: Յետագային նաեւ մեր ընտանեկան գործարարութեան աշխատանքներուն ներգրաւուած եղած եմ եւ հնարաւորինս ամուսնուս օգնած:
Ամուսնանալէ յետոյ Մոսկուայէն Հայաստան տեղափոխուելով` զիս տարբեր հասարակական աշխատանքներ առաջարկեցին, ներառեալ` ընտրական քարոզարշաւներուն մասնակցիլը, որուն չհամաձայնեցայ : Կը կարծեմ` մեր կարգավիճակին գտնուող կանայք այդ դաշտէն պէտք է ձեռնպահ մնան: Ժամանակի ընթացքին դադրեցայ հասարակական գործունէութեամբ զբաղուելէն` գերադասելով ժամանակն ամբողջութեամբ ընտանիքիս նուիրելու:
–Հե՞շտ է արդեօք գեղեկցկուհիի տիտղոս կրել, միշտ եւ ամէնուր խնամուած տեսքով ներկայանալ: Այս առօրեայով ապրիլը չի՞ ձանձրացներ Ձեզի:
-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրելու տարիներուս շատ աւելի ազատ էի, քանի որ ընտելացած էի այնտեղի կենցաղավարութեան: Ի հարկէ, միշտ ուշադրութեան կեդրոնին ըլլալը որոշակի լարուածութիւն կ’առաջացնէ:
Առհասարակ, կը հետեւիմ հասարակական կարծիքին. եթէ մրցոյթի մէջ յաղթելով` կը դառնաս երկրիդ թիւ մէկ գեղեցկուհին, հռչակ ձեռք կը բերես` պարտաւոր ես մարդոց վայելուչ ներկայանալ եւ կնոջն անյարիր պահուածք թոյլ չտալ:
Մեր տարիներուն գեղեցկուհիի տիտղոսը նուաճած կանանց մինչեւ հիմա այդպէս կը դիտարկեն, տարբեր ձեռնարկներու եւ նախագիծերու մասնակցելու կը հրաւիրեն, եւ մենք ուզած, թէ չուզած` պէտք է կարենանք մեզի վստահուած տիտղոսը պահել:
Մարդիկ ինծի նաեւ առանց դիմայարդարման կը ճանչնան եւ ջերմ խօսքեր կ’ըսեն, որոնք, ի հարկէ, ականջս կը շոյեն: Խորհուրդ կու տամ կանանց` իրենց բնական տեսքէն չհեռանան, ես միշտ կը փորձեմ մայրական կերպարի մէջ ըլլալ. կնոջ իրական գեղեցկութիւնը հէնց ատիկա է: Կինը մէկ ժպիտով ալ կրնայ ծածկել բոլոր թերութիւնները:
–Իսկ որո՞ւն գեղեցիկ կին կը համարէք:
–Ինծի համար ինքնաբաւ եւ սիրուած կինը գեղեցիկ է: Իմ ճակատագիրս այնպէս դասաւորուեցաւ, որ ինծի շրջապատող մարդիկ ինքնագնահատականս բարձրացուցին: Ես երկար տարիներ շատ բարդոյթաւորուած եղած եմ եւ զարմացած, թէ ինչու զիս մրցոյթներուն յաղթող կը ճանչնան` իբրեւ գեղեցկուհի: Եւ ատիկա իր նախապատմութիւնը ունի. դպրոցական տարիներուն բարձրահասակ ըլլալուս պատճառով մեր դասարանի տղաները ինծի գեղեցիկ աղջիկ չէին համարեր եւ երբեք ուշադրութեան չէին արժանացներ: Իրական գեղեցկութիւնս չեմ կրցած ճիշդ գնահատել: Իսկ մրցոյթներուն, որոնց հետաքրքրութենէ դրդուած մասնակցեցայ, ինքնավստահ չեմ եղած. միւս աղջիկներուն համարձակ պահուածքը տեսնելով` ակամայէն կ’ընկճուէի, սակայն ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ բնականոն հունի մէջ ինկաւ:
–Ունի՞ք կնոջ կերպար մը, որ Ձեր վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի:
-Բարի կանանցով կը հրապուրուիմ, որոնք իրենց ժամանակն ու ջանքերը կը ներդնեն մարդոց օգնելու համար: Շրջապատիս մէջ այդպիսի բարեսիրտ կանանց շատ գիտեմ, որոնցմէ մէկն ալ «Հայմայրեր» ՀԿ հիմնադիր նախագահ Նարինե Մանուկեանն է: Անոր ծաւալած գործունէութիւնը մեծ գովասանքի արժանի է:
–Դուք ճանչցուած կին էք, գեղեցկուհիի տիտղոսակիր, որ միշտ տղամարդոց ուշադրութեան կեդրոնին մէջ եղած է եւ սիրոյ խոստաւանութիւններ լսելու պակաս չէ ունեցած: Ինչպէ՞ս հասկցաք, որ Ձեր ապագայ ամուսինը այդ «սկզբունքով» չէ առաջնորդուած, այլ պարզապէս ընտրած այն կնոջ, որուն հետ ցանկացած է իր կեանքը կապել:
-Ինծի համակրող տղամարդոց կողմէ այդ հանգամանքը միշտ զգացած եմ: Ամուսինս` Մնացականը, գիտէր, որ գեղեցկուհիի տիտղոսակիր էի: Կը կարծեմ` ոչ բոլոր տղամարդիկ կը խիզախէին ամուսնանալ հանրային կնոջ եւ յատկապէս` գեղեցկուհիի հետ. հայ տղամարդիկ աւելի շատ ստուերի տակ գտնուող կանանց կը նախընտրեն:
Մնացականը ուժեղ տղամարդ է, ան այդ պահուն համարեց, որ արժանի եմ իր կողքին գտնուելու: Հէնց այդ համարձակութեամբ գրաւուեցայ: Ան յստակօրէն եւ պատրաստակամ գնաց այդ քայլին` հետս հաւասարը հաւասարին վերաբերելով: Հիմա վստահաբար կրնամ ըսել, որ ամուսնութիւնս յաջողուած է, քանի որ հասուն տարիքի մէջ այդ որոշումը կայացուցած ենք: Անգամ տաս տարի անց համոզուած ենք, որ ընտրութեան հարցով չենք սխալուած:
–Ինչպէ՞ս գտած է Մնացականը իր գեղեցկուհին:
–Ապագայ ամուսինս ռուսաստանաբնակ հայ գործարար էր, որ աշխատանքի բերումով պարբերաբար Հայաստան կու գար: Անոր նախնիները Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներէն եղած են, որոնց յիշատակը վառ պահելու համար ընկերներուն երդուած էր` միայն հայ աղջկայ հետ ամուսնանալ:
Հայաստանի մէջ տարբեր աղջիկներու հետ փորձած են ծանօթացնել, յետոյ լուսանկար մը ցոյց տուած են, որուն մէջ ես եւ ուրիշ աղջիկ մը պատկերուած եղած ենք: Վերջինիս հետ ցանկացած են Մնացականը ծանօթացնել, որովհետեւ մտածած են, որ ես այնքան «անհասանելի» եմ, որ դժուար` ոեւէ բան ստացուի (ծիծաղելով-հեղ.):
Բայց ան յամառօրէն ընտրեց զիս, եւ մեր ընդհանուր ընկերոջ միջոցով ձեռնարկներէն մէկուն ժամանակ ծանօթացանք: Մեր ընտանիքը երբեք չէ պառակտուած: Ճիշդ է, ամուսնուս գործը Մոսկուայի մէջ է, բայց գործերն այնպէս կարգաւորած է, որպէսզի միշտ միասին ըլլանք, Հայաստանէն հազուադէպ կը բացակայի: Ան միշտ օգնած է զիս եւ ամուր յենարան եղած:
Իտէալական հայր է, երեխաները շատ կապուած են անոր հետ: Այս տարի առաջին անգամ իրենց հօր եւ հօրաքրոջ հետ գարնանային արձակուրդին Տուպայ` հանգիստի մեկնեցան: Ես հանգամանքներու բերումով չկրցայ միանալ իրենց:
Իմ հարցազրոյցներուս մէջ բազմիցս նշած եմ, որ պատրաստ ենք չորրորդ, հինգերորդ երեխան ունենալ: Այս որոշումը, բնաւ, մեր ընտանիքը գովերգելն ու մարդոց ուշադրութեան կեդրոնին մէջ ըլլալը չէ. Կը փորձեմ սեփական օրինակով Հայաստանի մէջ բազմածնութիւնը խթանել: Եթէ կ’ուզենք Հայաստանի մէջ առկայ մարտահրաւէրները լուծել, ապա նախ եւ առաջ ազգաբնակչութեան աճի մասին պէտք է մտածենք: Ես կրնայի այլեւայլ խնդիրներու հետեւանքով այլեւս չշարունակել երեխայ ունենալ, բայց հոգիիս պարտքը համարեցի առաջ երթալ եւ մեր ընտանիքի գաղափարախօսութիւնը կատարել:
–Կանանց նուիրուած մէկամսեակը Ձեր տան մէջ ինչպէ՞ս կ’անցնի:
–Ինծի համար այդ օրերուն ամէնէն շատ կ’ուրախացնէ երեխաներուս տօնական հանդէսներուն ներկայ ըլլալը, ուր սրտի թրթիռով կ’ունկնդրեմ անոնց բանաստեղծութիւններն ու երգերը: Առհասարակ, յատուկ տօներու չեմ սպասեր, որ օրս հետաքրքիր անցնի:
Կը յիշեմ, որ ես ու քոյրս ամէն ջանք կը գործադրէինք, որ մայրիկիս օրը տօնի վերածենք: Անոր համար նուէրներ եւ ծաղիկներ կը գնէինք, գունագեղ բացիկներ կը պատրաստէինք` այդպիսով ժպիտներ պարգեւելով մեր սիրելի մայրիկին:
– Եւ վերջին հարցս. Գոհա՛ր, Ձեզի համար այսպիսի ճակատագիր կը կանխատեսէի՞ ք:
– Երբեք չէի մտածած, որ կեանքս նման հունով կ’ընթանայ եւ շռնդալից փոփոխութիւններ կ’ունենամ` թէ՛ գործնական, թէ՛ անձնական առումներով: Կարծես «մոխրոտիկը» յայտնի հեքիաթի պատմութիւնը իմ հետս կրկնուեցաւ. չէի հասցներ բանի մը մասին երազել, յաջորդ օրն արդէն երազանքս իրականութիւն կը դառնար: Այդ պահուն չէի հասկնար, թէ ինչ կը կատարուէր ինծի, բայց հիմա անցած տարիներուն յետ հայեացք նետելով `կը հասկնամ, որ, իրօք, երջանիկ աստղի տակ ծնած եմ:
Իմ կեանքիս մէջ եղած են պահեր, որ գուցէ հեշտութեամբ գայթակղուէի եւ զարտուղի ճանապարհով երթայի: ըլլալով 17 տարեկան` ես գիտակցուած, բարոյապէս ճիշդ քայլերու գացած եմ: Երբեք սխալ քայլեր թոյլ չեմ տուած եւ միշտ ուժ ու հաւատք գտած եմ` դիմակայելու փորձութիւնները:
Վստահ եմ, որ այդ պահերուն հայրս երկինքէն ուղեկցած է եւ խօսած հետս (տաս տարեկան եղած է, երբ հայրը մահացած է-հեղ.): Իմ բոլոր յաջողութիւններս ու յաղթանակներս ես միայն ազնիւ ճանապարհով ձեռք բերած եմ:
Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի