«Հայաստանի Հետ Գործակցելով` Կրնանք Տարբեր Ծրագիրներ Իրականացնել». Կլէնտելի Քաղաքային Խորհուրդի Անդամ
Կլէնտելի քաղաքային խորհուրդի առաքելութեան, իրականացուցած ծրագիրներուն ու յառաջիկայ աշխատանքներուն մասին է«Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը Կլէնտելի քաղաքային խորհուրդի անդամ Վարդան Ղարպետեանի հետ:
–Պարո՛ն Ղարպետեան, ի՞նչ ճանապարհ անցած էք մինչեւ Կլէնտելի քաղաքային խորհուրդի անդամ դառնալը:
– Պայքարելով ու ամէնօրեայ աշխատանքի շնորհիւ հասած եմ այդ պաշտօնին: Իմ ընտանիքս համայնքային կեանքին մէջ միշտ աշխոյժ եղած է: 2003 թուականէն սկսած` ընդգրկուած եղած եմ Կլէնտելի քաղաքապետարանի տարբեր յանձնախումբերու մէջ: Ինչպէս օրինակ` ճարտարապետական յանձնախումբին, որուն որոշմամբ եւ թոյլտուութեամբ քաղաքին մէջ որեւէ շինութիւն կը կառուցուի: Այնուհետեւ աշխատանքներ ծաւալած եմ պատմական շինութիւններու յանձնախումբին մէջ: Այս յանձնախումբը իրաւունք ունի արգիլելու պատմական շէնքերու քանդումը եւ փոփոխութիւններու կատարումը:
Աւելցնեմ նաեւ, որ քաղաքային խորհուրդի անդամներու ընտրութիւնները 4 տարին անգամ մը տեղի կ’ունենայ: Մինչեւ քաղաքային խորհուրդի անդամ ընտրուիլս, երեք անգամ մասնակցած եմ ընտրութիւններուն:
– Պարո՛ն Ղարպետեան, խօսինք Կլէնտելի քաղաքային խորհուրդի կազմին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, նախագիծերուն մասին: Այդ ամէնը իրականացնելու` հիմնական ռազմավարութիւն ունիք:
– Հիմնական ռազմավարութիւնը այն է, որ ամէն ջանք կը գործադրենք բոլորի կեանքի որակը բարձրացնելու համար: Ի հարկէ, այդ ամէնէն կ’օգտուին նաեւ կլէնտելահայերը:
Երբ քաղաքային խորհուրդի անդամ ընտրուեցայ, առաջինը Կլէնտելի տարեց բնակիչներու բնակարաններու վարձավճարի հարցը քննարկման դրի. բնակարաններու ամսավճարը թանկացած է, անոնք չեն կրնար վճարում կատարել: Հետամուտ ըլլալով խնդրի լուծման` հիմա արդէն անոնց համար 80 բնակարան կը կառուցուի, որոնք առաւել մատչելի գիներով անոնց պիտի տրամադրուի:
Իսկ երիտասարդներուն համար դպրոցի բակերուն, այգիներուն մէջ ֆութպոլի դաշտեր կը կառուցենք: Միայն ֆութպոլի դաշտեր կառուցելու նպատակով` շուրջ 10 միլիոն տոլար տրամադրեցինք: Անոնց հաճելի ժամանցը ապահովելու համար կը կառուցենք այգիներ: Կարեւոր էր նաեւ ինքնաշարժներու կանգառներու կառուցման հարցը: Պիտի կառուցուի երեք յարմարաւէտ կանգառ, որպէսզի մարդիկ մեքենան շարելուն` խնդրի առջեւ չկանգնին:
– Հայ համայնքին համար կարեւոր ձեռքբերում է Կլէնտելի մէջ հայ–ամերիկեան թանգարանի ստեղծումը: Այդ նպատակով ԱՄՆ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաունը նահանգի 2016-2017թթ. պիւտճէյէն 1 մլն տոլար յատկացուցած է կառուցման համար: Այժմ ի՞նչ ընթացքի մէջ կը գտնուին շինարարական աշխատանքները:
– Այո՛, կարեւոր եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւն պիտի դառնայ այն Կլէնտելի հայ համայնքի կեանքին մէջ:
Հայ-ամերիկեան թանգարանի շէնքը իր մէջ պիտի ներառէ ցուցասրահներ, կրթական-մշակութային կեդրոններ, փոքրիկ թատրոն ու դասասենեակներ:
1.7 հարիւրակալ մակերեսով թանգարանը դուրսէն շրջապատուած պիտի ըլլայ գեղեցիկ պարտէզով, պիտի կանգնեցուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած յուշարձան: Այն պիտի գտնուի Կլէնտելի «Սիվիք Աուտիթորիում»-ի եւ Հանրային քոլեջի հարեւանութեամբ:
Թանգարանի կառուցման որոշումը կայացուած է 2014 թուականի Նոյեմբեր 4-ին Կլէնտելի քաղաքային խորհուրդի անդամներուն եւ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման յանձնախումբի միջեւ համաձայնագիրի կնքման հիման վրայ:
Նշեմ նաեւ, որ թանգարանի ընթացիկ աշխատանքները կանոնակարգելու համար ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ, որոնց հետ կապի մէջ կը գտնուինք: Տրամադրուած հողատարածքին համար անոնք մէկ տարի ժամանակ ունին, որպէսզի մեզի շինարարական աշխատանքներու հարցերուն հետ կապուած ճարտարապետական նախագիծեր եւ առաջարկներ ներկայացնեն:
Ատկէ յետոյ, անհրաժեշտութեան պարագային, մենք անոնց խորհուրդներով կ’օգնենք, որպէսզի ամէն ինչ լաւ ստացուի:
Յուսանք` երեք տարի յետոյ կ’ազդարարենք թանգարանի բացման ուրախալի լուրը:
– Կլէնտելի քաղաքային խորհուրդին մէջ միակ հայը Դու՞ք էք:
-Ո՛չ, երեք հայ անդամ ունի քաղաքային խորհուրդը, իսկ ընդհանուր հաշուով` հինգ հոգի են: Քաղաքապետի պաշտօնը ամէն տարի կը փոխուի: Եթէ պատմական ակնարկ կատարենք, ապա հարկ է նշել, որ մինչ այժմ Կլէնտելը հինգ հայ քաղաքապետ ունեցած է: Առաջին հայ քաղաքապետը Լարրի Զարեանը եղած է, որուն յաջորդած են Րաֆֆի Մանուկեանը, Պոպ Եուսեֆեանը, Զարեհ Սինանեանը եւ Արա Նաճարեանը:
Յաջորդ տարի, ամենայն հաւանականութեամբ, Կլէնտելի քաղաքապետ ես կը դառնամ:
–Պարո՛ն Ղարպետեան, հե՞շտ է արդեօք Կլէնտելի քաղաքապետի պաշտօնին հասնիլ եւ մարդոց վստահութեան քուէին արժանանալ:
-Քաղաքապետին բնակիչները չեն ընտրեր: Խորհուրդի կազմին մէջ գտնուող հինգ անդամները կ’որոշեն, թէ իրենցմէ ով պիտի ըլլայ քաղաքապետ: Կարելի է ըսել` այն աւելի խորհրդանշական պաշտօն է:
Իսկ քաղաքային խորհուրդի պաշտօնին ընտրուելու համար ընդամէնը ժողովուրդի վստահութեան պէտք է արժանանաս: Եթէ հասարակութիւնը վստահի քեզի, ապա կը քուէարկէ, եթէ ոչ, ապա պէտք չէ սպասել անոր աջակցութիւնը:
Ընտրութիւններուն ազգային պատկանելիութիւնը այլեւս դեր չի խաղար, այդ շրջանը արդէն անցած է. մարդիկ շատ աւելի փորձառու եւ քաղաքականապէս հասուն դարձած են: Անոնք պարզապէս հայ ըլլալուն համար չեն քուէարկեր քու օգտիդ:
–Ընտրուելով Կլէնտելի քաղաքապետի պաշտօնին` ի՞նչ նոր ծրագիրներով ու գաղափարներով հանդէս պիտի գաք:
-Քաղաքապետ ընտրուելէ յետոյ նպատակ ունիմ Կլէնտելի քաղաքապետարանի աշխատակիցներէն եւ Միացեալ կրթական խորհուրդի անդամներէն պատուիրակութիւն կազմել եւ Հայաստան բերել: Մտայղացում ունիմ, որ Կլէնտելի Ոստիկանութեան, Շտապ օգնութեան, Ճանապարհային երթեւեկութեան եւ միւս համակարգերու աշխատակիցները Հայաստան գան, ծանօթանան իրենց գործընկերներուն, տեսնեն այստեղի աշխատանքային պայմանները եւ ինչու ոչ` նաեւ փոխայցելութիւններ կատարեն` կիսուելով իրենց փորձառութեամբ:
Առհասարակ, Հայաստանի հետ գործակցելով` կրնանք տարբեր ծրագիրներ իրականացնել: Նախ սկսինք փոքր սարը բարձրանալէն, որպէսզի յետագային բարձունքի հասնինք: Ինչպէս կ’ըսեն` մեծ քար վերցնողը կը դժուարանայ այն իր ուսերէն ներքեւ դնելու:
– Արցախեան քառօրեայ պատերազմը մէկ անգամ եւս ապացուցեց հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը: Կլէնտելի հայ համայնքը ի՞նչ ծրագիրներով նեցուկ եղաւ Արցախին:
– Առաջին իսկ պահէն ականջալուր եղանք Արցախեան քառօրեայ պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Համայնքը անմիջապէս ոտքի կանգնեցաւ. հեռուստամարաթոններ կազմակերպեցինք, տարբեր հաշուեհամարներ եւ հիմնադրամներ բացինք, նաեւ անհատներ օգնութիւն ցուցաբերեցին:
Այդ ընթացքին մշտական կապի մէջ էինք ԼՂՀ կառավարութեան հետ` հասկնալու համար, թէ ինչ տեսակի օժանդակութիւն անհրաժեշտ է տրամադրել: Առաջարկեցինք նաեւ մարդուժով օգնել. եղան կամաւորներ, որոնք ցանկացան Արցախ մեկնիլ: Կամաւորները այդ մասին բարձրախօսով յայտարարեցին Ապրիլ 23-ին տեղի ունեցած համահաւաքին ժամանակ:
Կ’ուզեմ` Հայաստանի մէջ վստահ ըլլան, որ սփիւռքահայերը պատրաստ են ամէն ձեւով աջակցելու Արցախին եւ Հայոց բանակին:
Ապրիլեան պատերազմը մէկ անգամ եւս հնարաւորութիւն տուաւ տեսնելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իրական դէմքը եւ հասկնալու անոնց նպատակները: Մէկ անգամ եւս ականատես եղանք թշնամիի դաժան քաղաքականութեան, որուն զոհ գացին եւ վիրաւորուեցան հայ խաղաղ բնակիչներ եւ քաջարի զինուորներ:
Իբրեւ հայ, հպարտութիւնս մեծ է` տեսնելով, թէ ինչպէս հայ զինուորները անպարտ ոգով Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծած պատերազմը յաղթեցին: Գուցէ Հայոց բանակը հակառակորդին քանակապէս կը զիջէ, բայց որակի, պատրաստուածութեան եւ մարտունակութեան առումով, անկասկած, յառաջատար է:
Հիմա մեր տղաներուն միայն լաւ սպառազինել եւ առողջ սնունդով անհրաժեշտ է ապահովել:
–Պարո՛ն Ղարպետեան, Հայաստանի մէջ գտնուելու օրերուն մասնակցեցաք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի երրորդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Կը ցանկայինք լսել Ձեր կարծիքը ծրագիրին մասին:
– Անշուշտ, գովելի է «Արի տուն» ծրագիրի իրականացումը: Այն սփիւռքահայ երիտասարդներուն հայրենասիրութեամբ վարակելու, հայրենիքի պատմութեան, տեսարժան վայրերուն ծանօթացնելու, սեփական արմատներուն վերադառնալու մեծ ազդակ մըն է:
Կարեւոր է նաեւ այն, որ անոնք հնարաւորութիւն կ’ունենան հայկական հիւրընկալ ընտանիքի մէջ ապրելու եւ հայոց լեզուի դասընթացներուն մասնակցելու:
Աղջիկս նոյնպէս ներկայ էր «Արի տուն» ծրագիրի բացումին: Ան, տեսնելով մասնակից երեխաներու ուրախութիւնը, ոգեւորուեցաւ եւ ծրագիրին մասնակցելու ցանկութիւն յայտնեց: Գուցէ յաջորդ տարի ան նոյնպէս «Արի տան» կանչով Հայաստան գայ:
Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի