«Երբեք Չեմ Զղջացած Բժիշկի Մասնագիտութիւն Ընտրելու Համար». Նորվեկաբնակ Բժիշկ Հայրազատ Ղազարեան

Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող մեր շատ հայրենակիցներ իրենց մասնագիտական հմտութիւններով յաճախ աչքի կիյնան տարբեր ոլորտներու մէջ` բարձր պահելով հայ ու Հայաստան անունները: Անոնցմէ մէկն ալ Նորվեկիոյ Օսլօ քաղաքին մէջ ապրող, ճանչցուած երիտասարդ բժիշկ-վիրաբոյժ, շուրջ 35 գիտական յօդուածներու եւ 100 աշխատանքներու հեղինակ, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր Հայրազատ Ղազարեանն է, որուն հետ հարցազրոյց ունեցայ «Հայերն այսօր»-ի համար, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:

-Բժի՛շկ Հայրազատ, պատմէք, խնդրեմ, Ձեր անցած ճանապարհի, մասնագիտական գործունէութեան եւ այն մասին, թէ ինչպէս յայտնուեցաք հեռաւոր Նորվեկիոյ թագաւորութեան մէջ:

-Ծնած եմ Երեւան. ընտանիքով տեղափոխուած ենք Մոսկուա, երբ ընդամէնը 5 տարեկան  եղած եմ: Մինչեւ 25 տարեկան դառնալս` ապրած եմ Մոսկուայի մէջ, բժշկական կրթութիւն ստացած եմ տեղի Սեչենովի անուան բժշկական ակադեմիոյ մէջ: 2003-ին գիտական թեզ  պաշտպանած եմ` «Վերերիկամային հորմոնալ աշխոյժ ուռուցքներու լապարասկոպիկ եւ աւանդական վիրաբուժական մօտեցումներու համեմատական գնահատականները» թեմայով: Յետագային հրաւէրով տեղափոխուած եմ Օսլօ, աշխատած տեղի համալսարանական հիւանդանոցին մէջ` որպէս վիրաբոյժ: Այնուհետեւ պաշտպանած եմ դոկտորականս եւ մնացած այնտեղ: Հիմնականին մէջ լապարասկոպիկ վիրահատութիւններ կ’իրականացնեմ, նաեւ ակադեմիկոսի գիտական աշխատանքներ կը կատարեմ:

-Բարդ, յոգնեցուցիչ, մեծ պատասխանատուութիւն պահանջող աշխատանք է բժշկութիւնը. երբեք չէ՞ք զղջացած այդ մասնագիտութիւնը ընտրելու համար:

-Յիրաւի, ծանր եւ շատ պատասխանատու մասնագիտութիւն  ընտրած եմ, սակայն կայ նաեւ հարցի միւս` մարդասիրական կողմը, այսինքն` դուն գիտես, որ մարդկային կեանք կը փրկես: Երբեք չեմ զղջացած այդ մասնագիտութիւնը ընտրելու համար:

-Ձեր աշխատանքային գործունէութեան ընթացքին ի՞նչը  աւելի շատ կարեւոր կը համարէք` վիրահատական միջամտութիւն իրականացնելու բուն ընթացքը՞, թէ՞ հիւանդներուն խորհուրդներ տալը, անոնց յուսադրելը…

-Երեքն ալ շատ կարեւոր կը համարեմ, որովհետեւ կը կարծեմ` բժիշկը հոգեբան է, բժիշկը հիւանդի լաւագոյն բարեկամն է:

-Որ՞ն է բարդ վիրահատութեան պատրաստուող հիւանդի հետ շփուելու ամենածանր պահը:

-Ամենադժուար պահը հիւանդին հոգեբանօրէն բարդ վիրահատութեան նախապատրաստելն է, անոր յոյս ու հաւատք ներշնչելը, որուն, առաջին հերթին, հէ՛նց բժիշկը պէտք է պատրաստ ըլլայ:

-Որպէս բժիշկ` Հայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ, գիւղերու, Արցախի մէջ երբեք մասնակցա՞ծ էք բարեգործական գործողութիւններու:

-Երկու տարի առաջ նորվեկացի գործընկերներուս հետ եկած էինք Հայաստան, վիրահատութիւններ իրականացուցած եւ դասախօսութիւններ կարդացած` Բժշկական միջազգային օրերու ծիրէն ներս: Ցաւօք, Արցախ չեմ այցելած:

Հայաստանը բժշկութեան` Ձեր ընտրած բնագաւառին մէջ, նորարարական առումով շա՞տ  ետ կը մնայ նորվեկական բժշկութենէն, առհասարակ` միջազգային բժշկական հարթակի վրայ. եթէ այո` որո՞նք են պատճառներն ըստ Ձեզ:

-Անկեղծօրէն ըսեմ` այդ մակարդակին մէջ`այո: Ի հարկէ, ատոր առաջին պատճառը տեխնիկական է, սակայն կան նաեւ այլ պատճառներ` մասնագէտներու պակաս, համակարգային ինչ-ինչ խնդիրներ, որոնք չեն նպաստեր մասնագէտներու զարգացման: Ի հարկէ, կա՛յ նաեւ որոշակի յառաջընթաց:

-Պարո՛ն Ղազարեան, Օսլոյի մէջ Ձեզի կը ճանչնան որպէս լաւ բժի՞շկ, թէ՞ նաեւ ազգութեամբ հա՛յ բժիշկ:

-Բոլորը գիտեն, որ հայ եմ, որովհետեւ ես, հնարաւորինս, նաեւ Հայաստանի ու հայութեան քարոզչութեամբ կը զբաղուիմ. առիթը  չեմ փախցներ ֆէյսպուքեան իմ էջիս վրայ գրելու Հայաստանի, Արցախի մասին: Ըսեմ նաեւ, որ  հետս Հայաստան եկան իմ նորվեկացի գործընկերներս, որոնց ես ցոյց տուի Հայաստանի տեսարժան վայրերը, պատմեցի ատոնց մասին, հիմա ատոնք ալ կը վերադառնան Նորվեկիա եւ ուրիշ նորվեկացիներու կը պատմեն Հայաստանի մասին ունեցած իրենց տպաւորութիւնները: Սա օտարեկրացիներուն Հայաստանին ծանօթացնելու եւ մերձեցնելու ուղիղ ճանապարհներէն մէկն է:

Դուք մասնակցած էք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի Առաջնորդներու դասընթացներուն: Ըսէ՛ք, խնդրեմ, թէ ի՞նչ տուաւ Ձեզի այդ մասնակցութիւնը. Ձեզի առաջնորդի դերին մէջ կը տեսնէ՞ք արդեօք:

-Այդ առիթով արդէն երկրորդ անգամ կու գամ Հայաստան: Այդ ծրագիրին մասնակցութիւնը ինծի շատ բան տուաւ. այո՛, ինքզինքս կը տեսնեմ առաջնորդի դերին մէջ, երեւի ունիմ այդ ներուժը եւ կը ցանկայի ըլլալ այդպիսին իմ մասնագիտական գաղափարներովս ու ձեռքբերումներովս:

– Ձեր մասնագիտութեան ծիրէն ներս ո՞ր մէկը կը համարէք ամենամեծ ձեռքբերումը:

-Երեւի 2014 թուականին Նորվեկիոյ թագաւորին կողմէ գիտական հետազօտութիւններու մէջ նշանակալի ներդրումներու համար ստացած ոսկէ մետալը: Առողջապահութեան ոլորտին մէջ ունեցած իմ գործունէութեանս համար արժանացած եմ Ռուսաստանի, Նորվեկիոյ եւ միջազգային կարգի այլ մրցանակներու, որոնք, անշու՛շտ, կ’ոգեւորեն, սակայն, առանց ատոր ալ, իւրաքանչիւր մասնագէտ պէտք է իր աշխատանքը բարեխղճօրէն ու պատասխանատուութեան մեծ զգացումով կատարէ, առաւել եւս` բժիշկը:

– Արդեօք ժառանգաբա՞ր  Ձեզ փոխանցուած է բժիշկի մասնագիտութիւնը. Ձեր գերդաստանին մէջ եղա՞ծ են բժիշկներ:

-Մայրս բժիշկուհի է, կ’աշխատի Մոսկուայի մէջ, հայրս ֆիզիկոս, սակայն անոր ծնողները` տատիկս ու պապիկս, բժիշկներ եղած են, քոյրս նոյնպէս բժիշկուհի է…բժշկութիւնը, այո՛, ժառանգաբար կը շարունակուի մեր գերդաստանին մէջ:

-Ին՞չ առաքելութեամբ  Հայաստան եկած էք:

-Ամէն տարի կու գամ Հայաստան: Այս տարի եկած եմ յատուկ նպատակով` ընկերոջս զաւկին հարսանիքին մասնակցելու:

– Բժի՛շկ, եթէ որպէս լաւ մասնագէտ` Հայաստանի մէջ աշխատելու հրաւէր չստանաք, Ձեր կամքով երբեք կը վերադառնա՞ք Հայաստան:

-Եթէ որպէս մասնագէտ` իմ կարիքս զգացուի եւ աշխատելու նպաստաւոր պայմաններ ըլլան, կու գա՛մ:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

Scroll Up