Տեղի Ունեցաւ Տեսաժողով Մխիթարեան Միաբանութեան Վարդապետներուն Հետ

Օգոստոս 16-ին տեղի ունեցաւ տեսաժողով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Մխիթարեան Միաբանութեան Միաբան Հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանի, Հայր Սերովբէ վարդապետ Չամուրլեանի եւ Հայաստանի մէջ Մխիթարեան կեդրոնի տնօրէն Հայր Եղիա վարդապետ Քիլաղպեանի հետ:
Օրակարգին մէջ էին Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան Միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպական հարցերը:
Քննարկուեցան շարք մը գիտաժողովներու, ցուցահանդէսներու կազմակերպչական, «Բազմավէպ» գրական, հասարակական, գիտական ամսագիրի 175-ամեակին ընդառաջ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ իրականացուելիք ձեռնարկին վերաբերող հարցեր, յստակեցուեցան ձեռնարկներու իրականացման հնարաւոր ժամկէտները, համատեղ իրականացման հնարաւորութիւնները:
ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան նշեց հայապահպանութեան եւ հայագիտութեան զարգացման գործին մէջ Մխիթարեան Միաբանութեան անգնահատելի դերը եւ վստահեցուց, որ 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները կ’իրականացուին բարձր մակարդակով: «Անհրաժեշտ է հայաստանցի եւ սփիւռքահայ մեր հայրենակիցների շրջանակներում հնարաւորինս լաւ ներկայացնել Մխիթարեան Միաբանութեան դերը: Այս իմաստով կարեւոր է գիտաժողովների ընթացքում ներկայացուող զեկուցումների թեմատիկ ընտրութիւնը, որոնք յետագայում մենք կը ցանկանայինք տպագրուած տեսնել «Բազմավէպ»-ի էջերում», – նշեց Սերժ Սրապիոնեան: