«Հպարտ Եմ Ու Երջանիկ, Որ Հէ՛նց Հայ Ծնած Եմ. Հայկականութիւնը Իմ Արիւնիս Բջիջներո՛ւս, Հոգիի՛ս Մէջ Է». Պրազիլաբնակ Երգիչ Ժաք Օկչեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հիւրընկալ դռները միշտ բաց են Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն համար. անոնց, որոնք օտար ափերու վրայ կ’ապրին Հայրենիքի կարօտով, որոնք Աստուծմէ ի վերուստ տրուած ստեղծագործելու իրենց շնորհը կը ծառայեցնեն Հայրենիքին, որոնք Երկիր մոլորակի բոլոր անկիւններուն մէջ կը ներկայացնեն հայութիւնն ու Հայաստանը, որոնք իրենց շրթունքներուն կը պահեն հայոց լեզուն, հայ երգը, հայոց բառուբանը: Անոնցմէ մէկուն` լիբանանահայ, պրազիլաբնակ երգիչ Ժաք Օկչեանը, հանդիպեցայ Աղաւնաձորի «Արի տուն» ճամբարի հրաժեշտի ձեռնարկին ընթացքին եւ հիացայ պարոն Ժաքի հրաշալի կատարումներով, որոնց ճամբարին մէջ հանգստացող սփիւռքահայ պատանիներն ու աղջիկները արձագանքեցին խանդավառութեամբ, որմէ ետք «Հայերն այսօր»-ի համար զրոյց ունեցայ պարոն Ժաքի հետ: Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնեմք այդ հարցազրոյցը:

 -Պարո՛ն Ժաք, պատմէք, խնդրեմ Ձեր անցած ճանապարհին մասին:

-Ծնած եմ Պէյրութ, յաճախած  եմ տեղի Վահան Թէքէյեանի անուան վարժարանը, որմէ ետք` Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը: Կրթութիւնս շարունակած եմ Պէյրութի երաժշտանոցի վոկալի բաժինին մէջ, նաեւ յաճախած եմ դաշնամուրի դասերու: Շատ ելոյթներ  ունեցած եմ ձայնասփիւռով, հեռուստատեսութեամբ: Առաջին մենահամերգս կայացած է, երբ տակաւին շատ երիտասարդ էի` ընդամէնը 18 տարեկան: Երաժշտական խումբ  կազմած էի, կ’երգէինք տարբեր լեզուներով, սակայն մինչ այդ արդէն երգած էի հայկական երգեր, որոնք իմ հոգիիս մէջ մանուկ հասակէս  տպաւորուած էի. ըսեմ, որ երգել սկսած եմ դեռեւս 3-4 տարեկանէս:

-Ձեր խօսքերուն մէջ, Ձեր երգերու կատարումներուն մէջ այնքա՜ն սէր ու ջերմութիւն կայ Հայաստանի, հայ արուեստի ու մշակոյթի հանդէպ. ի՞նչը եղած է Ձեզի սնուցող ակունքը:

-Դեռ մանկութենէս ռատիօկայաններով ու հեռուստատեսութեամբ միշտ լսած եմ հայկական ժողովրդական երգեր, ատոնք եղած են իմ մանկութեան ու պատանութեան, երիտասարդութեան տարիներու անբաժան ուղեկիցները: Միշտ անհամբերութեամբ կը սպասէի, թէ երբ պիտի սկսի համերգային ծրագիրը. իմ ունկերուս Հայաստանի յայտնի երգիչներու զուլալ, հոգեհարազատ ձայներն էին` հայկական ժողովրդական երգերու կատարումներով, որոնք կը հնչէին Պէյրութի, Կիպրոսի ռատիօկայաններով. որքա՜ն  զմայլած եմ Յովհաննէս Պատալեանի երգերով:

-Պարո՛ն Օկչեան, Դուք, շրջելով եւրոպական  շարք մը երկիրներ, երգելով տարբեր վայրերու, դահլիճներու ու բացօթեայ տարածքներու մէջ` կրցա՞ծ էք արդեօք Ձեր կատարումներով ինչ–որ կերպ նպաստել հայաճանաչութեան:

-Այո՛, շրջած եմ տարբեր երկիրներ` ամէնուր տարածելով հայ երգը: Ես տարբեր լեզուներով երգեր  կատարած եմ համերգային տարբեր դահլիճներու, երգած եմ զբօսանաւերու մէջ, օտարերկրացիներու մօտ եւ ամէն անգամ պարտադիր հնչեցուցած եմ նաեւ մեր հայկական երգերը` անով կատարելով հայ երգի դեսպանի իւրօրինակ առաքելութիւն: Հանդիսատեսներէն շատերը կը հարցնէին` Դուք հա՞յ էք, ու ես հպարտութեամբ կը հաստատէի հայ ըլլալս: Այնչափ կը սիրեմ իմ Հայրենիքս, իմ արմատներս, իմ մայր լեզուս, հպարտ եմ, որ հէ՛նց հայ  ծնած եմ ու հայեցի դաստիարակութիւն ստացած, հայկականութիւնը իմ արիւնիս բջիջներո՛ւն, հոգիի՛ս մէջ է:

-Խօսեցանք Ձեր կատարումներուն, Ձեր անցած ստեղծագործական ուղիին մասին. իսկ որմէ՞  ժառանգած էք երգելու շնորհը:

-Հայրս ու մայրս երգելու շնորհ ունէին, լաւ ձայնով օժտուած էին: Մայրս շատ կը սիրէր Լուսիկ Քօշեանի, Աստղիկ Քամալեանի երգերը եւ կ’երգէր ինքն իրեն համար: Երբ մանուկ էի, հայրս միշտ կ’ըսէր, որ «Սիւնեաց սարեր» երգը երգեմ, ու ես սիրով կը կատարէի հօրս խնդրանքը, կ’երգէի հայկական ժողովրդական գրեթէ բոլոր երգերը: Հիմա ես էսդրատային երգեր կ’երգեմ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ հեռացած եմ ժողովրդական երգի ակունքներէն:

 Իմ նախնիներս ծնած են Կիլիկիա, հայրս Պէյրութ ծնած է, մայրս Սանճախէն է: Մերոնք հրաշալի գիտէին թրքերէն, սակայն մեր տան լեզուն հայերէնը եղած է, մեր տան մթնոլորտն այնքա՜ն հայկական եղած է, այնքա՜ն հայաշունչ: Ինծի համար սուրբ պատգամ  եղած են Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութեան հետեւեալ տողերը.`«Ու տե՛ս, որդիս, ուր էլ գնաս, Այս լուսնի տակ ուր էլ լինես, Թէ մօրդ անգամ մտքիցդ հանես, Քո մայր լեզուն չմոռանա՛ս»:

-Լիբանանահայ Ժաք Օկչեանը ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ Պրազիլի մէջ:

-Ես երգիչ եմ եւ, բնականաբար, կը շրջէի տարբեր երկիրներով. լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ արդէն Եւրոպա էի, այնտեղ կ’ապրէի ու այնտեղ կ’երգէի: Օր մը գրութիւն ստացայ, որուն մէջ կը յայտնուէր Պրազիլի մէջ կազմակերպուող երգի փառատօնի մասին. պրազիլացիներն ինծի նոյնպէս հրաւիրած էին` մասնակցելու այդ փառատօնին: Առաջին անգամ այդ ժամանակ  գացած եմ Պրազիլ: Երգեցի փառատօնի ընթացքին, երգեցի նաեւ տեղի հայութեան համար. ըսեմ, որ հայերն ամէնէն շատ տեղակայուած են Սան Փաուլոյի մէջ: Այդպիսով, Պրազիլի մէջ դարձայ հայ երգի իւրօրինակ դեսպան: Մնացի այնտեղ, սակայն յաճախ նաեւ Պէյրութ կ’երթամ: Պրազիլի եկեղեցիներուն մէջ կ’երգեմ նաեւ «Տէր ողորմեայ»: 200 միլիոնանոց այդ հսկայ երկրին մէջ հնչեցուցած եմ մեր հայկական երգերը: Հայկական շրջանակներուն մէջ երգած եմ նաեւ հարսանիքներու, յոբելենկան հանդիսութիւններու, զանազան խրախճանքներու ժամանակ, եւ իմ ունկնդիրներս եղած են նաեւ պրազիլցիները, որոնք կը հիանային հայկական երգերով:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, Ապրիլ 24-ին ուրիշ քաղաքի մը ասորական եկեղեցւոյ մէջ երգեցի. այնտեղ ներկայ էին ասորիներ, լիբանանցի արաբներ, հայեր գրեթէ չկային. բոլորը միասնաբար խնկարկեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Ես պատմեցի հայերու ու Հայաստանի, Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ամէն ինչ բացատրեցի ներկաներուն: Երգեցի «Ու՞ր էիր Աստուած» երգը (սա նաեւ ասորական եկեղեցւոյ մէջ  երգած եմ) եւ «Տէր ողորմեայ»-ն կատարեցի: Այդ օրերուն ելոյթ ունեցայ Պրազիլի կաթոլիկ եւ աւետարանչական եկեղեցիներուն մէջ եւ ըսի, որ մենք մեր Արարատ լեռը 100 տարի միայն Երեւանէն կը դիտենք, որ մեր Սրբազան սարը գերուած է…ներկաներէն շատերը չէին գիտեր ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Մարդիկ շատ ուշադիր կը լսէին:

 Հայաստան, Արմէնիա անունը հնչեցնելու, տարածելու համար այնտեղ նոյնիսկ անունս փոխեցի. ինծի Արմէնիօ կ’անուանեն նաեւ, ես ատիկա միտումնաւոր ըրած եմ: Կը ձգտիմ հնարաւոր բոլոր միջոցներով հնչեցնել Հայրենիքիս անունը:

-Պարո՛ն Ժաք, Դուք Ձեզի հետ Հայաստան  բերած էք Ձեր բառերով ու երաժշտութեամբ գրած երգը` «Նայիրի երկիր»-ը, որ կատարեցիք «Արի տուն» ճամբարին մէջ. ինչպէ՞ս  ծնած է այն:

 – Իմ ընդհանուր երգերուս բառերուն հեղինակը ես եմ:  Այդ երգն իմ գլուխգործոցս է, որ հնչեցուցած եմ աշխարհի շատ երկիրներու ու քաղաքներու մէջ, ուր հայկական օճախներ կան: Երգը գրած եմ Պրազիլի մէջ: Երաժշտութիւնը ծնած մէկ գիշերուան մէջ. կարծես հրաշքով ինծի տրուեցան բառերը:

…Ես կը հաւատամ, որ հայը յաւերժ պիտի ապրի, կը հաւատամ, որ Սփիւռքն ու Հայաստանը պէտք է մէկ բռունցք դառնան, ես կը հաւատա՛մ, որ Հայաստանը շատ պիտի հզօրանայ:

Ես ծնած եմ Լիբանան, ապրած Եւրոպա, հաստատուած Պրազիլ, շրջած աշխարհի տարբեր երկիրներ եւ այսօր եկած եմ Հայրենիք, ստացած ՀՀ քաղաքացիի անձնագիր, եկած եմ` շուտով այստեղ հաստատուելու ցանկութեամբ ու որոշմամբ: Հոգիով ու սրտով միշտ Հայաստանի հետ եմ. ես շա՜տ հայ եմ:

 Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up