Դժուարութիւնները Պէտք Չէ Պատճառ Դառնան, որ Սփիւռքահայը իր Հայրէնքէն Հեռու Մնայ. Հրաչ Ճապրայեան.

Գանադական «Դանդի փրիշս մեթալս Կապան» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Հրաչ Ճապրայեան ծնած է Լիբանան, ապրած Գանատա: Իսկ այսօր իր ընտանիքի հետ կ’ապրի ու կ’աշխատի Հայաստանի Կապան քաղաքի մէջ, այն նոյն Լեռնահայաստանի մէջ, որունն մինչեւ Հայաստան գալը ծանօթ եղած է միայն Գարեգին Նժդեհի մասին պատմութիւններէն:

Հ- Քանի՞ տարի է, որ Հայաստան կ’ապրիք:

Պ- Երեք ու կէս տարի առաջ (2011 թուականի Մայիսին) վերջնական փոխադրուեցայ Հայաստան: Մինչ այդ յաճախ Հայաստան կ’այցելէի, իսկ արդէն 2011 թուականին կնոջս, երեխաներուս հետ տեղափոխուեցայ Հայաստան:

Հ- Այժմ կարելի է ձեզ հայրենադարձ համարել:

Պ-Այո՛, ես սփիւռքահայ եմ, որ հայրենիքէն դուրս ծնած է, սակայն հայրենիք վերադարձած է` ապրելու, աշխատելու, եւ, ինչո՛ւ չէ, մասնակցելու հայրենիքի բարգաւաճման:

Հ-  Երբ որոշեցիք Հայաստան տեղափոխուիլ, աշխատանքի առաջարկ արդէն ունէի՞ք,

Պ- Քիչ մը հեռուէն սկսիմ: Առաջին անգամ Հայաստան այցելած եմ 1991 թուականին, երբ դեռ 17 տարեկան էի: Անմիջապէս սիրահարուեցայ երկրին, իմ հայրենիքիս ու մնացի երկու ամիս:

Յետոյ վերադարձայ Գանատա, ուսումս շարունակեցի եւ 2000 թուականէն սկսեալ դէպի Հայաստան պտոյտները յաճախակի դարձան: Գրեթէ ամէն ամառ, երբեմն  տարին երկու անգամ, Հայաստան կու գայի:

2002 թուականին Հայաստան այցիս պատճառները արդէն քիչ մը այլ էին, կ’ուզէի ծանօթանալ երկրի պիզնես հնարաւորութիւններուն:

2003 թուականին Երեւանի մէջ հանդիպեցայ տիկնոջս`Լիանային: Ան զիս աւելի շատ կապեց հայրենիքի հետ: 2004 թուականին ամուսնացանք Սաղմոսավանքի մէջ եւ գացինք Գանատա:

Բայց դեռ փոքր տարիքէն նպատակս հայրենիքի մէջ ապրիլն էր: Ես չեմ յիշեր, բայց քեռիս միշտ կը պատմէ, որ դեռ 13-14 տարեկանին իրեն ըսած եմ, որ երբ մեծնամ Հայաստանի մէջ պիտի ապրիմ եւ անպայման հայաստանցի աղջկայ հետ պիտի ամուսնանամ: Կ’երեւի ճակատագիրը այդպէս կանխորոշած էր:

Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու 4-րդ սերունդը ըլլալով` միշտ հայրենիքը մտքիս մէջ էր: 2010 թուականին արդէն Հայաստանի մէջ տուն գնեցինք այն մտքով, որ օր մը պէտք է մշտական վերադառնանք: Այդ նպատակով սկսայ աշխատանք փնտռել Հայաստանի մէջ: Որոշ պիզնես ծրագիրներ ունէի, Հայաստանի տարբեր մարդոց հետ հանդիպեցայ, դիմած էի Հայաստանի մէջ գործող տարբեր միջազգային ընկերութիւններու:

Բախտի բերմամբ կամ Աստուծոյ որոշումով  2010 թուականին գանատական խոշոր հանքարդիւնաբերող ընկերութիւններէն մէկը, որ Հայաստանի մէջ հանքեր ունէր, ինծի առաջարկեց ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը: Հայրենիք վերադարձի դուռը բացուեցաւ եւ տեղափոխուեցանք Հայաստան:

Հ- Ըսինք, որ առաջին անգամ հայրենիք այցելած էք 1991 թուականին, Հայաստանի համար ամենածանր ժամանակաշրջանին: Բայց, անկախ ամէն ինչէ որոշում կայացուցիք վերադառնալ ու ապրիլ Հայաստանի մէջ: Դժուարութիւնները խոչընդոտ չդարձա՞ն:

Պ- Մենք ընկերներով դեռ փոքր տարիքէն ներգրաւուած էինք ՀՅԴ շարքերը: Սփիւռքի մէջ Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը հայրենասիրութեան քարոզարշաւի ուղի է, ճանապարհ: Մենք կարդացած էինք Խոր Վիրապի, Արարատ լերան, Լեռնահայաստանի հերոսամարտի, Նժդեհի, Չաուշի մասին: Մեզի համար հայրենիքը իր պատմութեամբ ու հերոսներով դրախտային, իտէալական երկիր մըն էր: Երբ 1991 թուականին եկայ, անիկա իմ երազանքներուս իրականացման առաջին քայլն էր:

Ինչպէս ըսի, առաջին հայեացքէն սիրահարուեցայ երկրին, բայց նոյնը չեմ կրնար ըսել մարդկանց մասին: Ժողովուրդը քիչ մը խորթ էր ինծի համար: Ես չէի մտածեր, որ այդքան տարբերութիւն կայ (լեզուի, հոգեբանութեան) սփիւռքահայու եւ հայաստանցիի միջեւ: Քիչ մը ժամանակ պահանջուեցաւ, որ վարժուիմ: Այդ տարիներուն Հայաստանը շատ դժուար ժամանակներ կ’ապրէր: Եւ առաջին բանը, որ Հայաստանի մէջ ինծի հետ պատահեցաւ այն էր, որ դրամապանակս գողացան: Բնական է, որ այդ դէպքը լաւ ազդեցութիւն չէր կրնար ձգել:

Բայց ես հիացած էի Հայաստանով: Շրջեցայ երկրով մէկ, ժամանակ անցուցի նուիրեալ հայրենասէրներու հետ: Ծանօթացայ լաւ տղաներու, Վահան Յովհաննիսեանի պէս հեղինակաւոր մարդոց, որոնք զբաղած էին հայրենիքի ազատագրմամբ: Ծանօթացայ ուրիշ հերոս տղաներու, որոնք այսօր այլեւս չկան` Մոնթէ Մելքոնեան, Պետրոս Ղեւոնդեան, Կարօտ Մկրտիչեան, Հրաչ Մուրատեան, Վարդան Բախշեան, Տուշման Վարդան եւ այլք: Մարդիկ, որոնք հայրենասիրութեան իսկական օրինակ դարձան մեզի համար:

Հ-Սակայն, սփիւռքահայու եւ հայաստանցիի միջեւ եղած տարբերութիւնը չխանգարեց ձեզ, որ հայաստանցի կին ունենաք: Ընտանիքի մէջ այդ տարբերութիւնը ինչպէ՞ս  յաղթահարէ:

Պ- Ես շատ բախտաւոր մարդ եմ: Կինս` Լիանան, իւրայատուկ աղջիկ է: Կրնամ ըսել, որ կեանքիս ողնաշարը եղած է վերջին 10-11 տարուայ ընթացքին: Շատ հպարտ եմ իրմով:

Գիտէք, ոչ միայն սփիւռքահայերու եւ հայաստանցիներու, այլ տարբեր ժողովուրդներու միջեւ գաղափարաբանութիւններու եւ մշակոյթի տարբերութիւններ կան: Եւ ճիշտ չէ ըսել, որ մէկը ճիշտ է, միւսը` սխալ: Պարզապէս յարմարելու հարց է: Որոշ բաներ կան, որ կեանքի ընթացքին պէտք է զիջիս: Մինչեւ այսօր ես Հայաստանի մէջ յաճախակ դժուարութիւններու առջեւ կը կանգնիմ: Օրինակ` իմ եւ կապանցի գործընկերներուս մտածելակերպը տարբեր է: Ասիկա չի նշանակեր, որ ես ճիշտ եմ, իրենք` սխալ կամ հակառակը: Պարզապէս տարբեր ձեւով կը մտածենք:

Բայց եթէ դուն նպատակասլաց ես, եւ նպատակդ տկարութիւն չի ճանչնար, այդ բոլոր մանր դժուարութիւնները կրնաս յաղթահարել:

Հ- Իսկ երբեւէ մտածա՞ծ էք, որ պիտի ապրիք ու աշխատիք այն նոյն Լեռնահայաստանի մէջ, որուն մասին միայն կարդացած էիք: Կը ցանկայի, որ խօսէիք մտացածին ու իրական Լեռնահայաստանի տարբերութիւններու մասին:

Պ- Առաջին անգամ երբ կարդացի Լեռնահայաստանի հերոսամարտի, Զանգեզուրի սարերու մէջ Գարեգին Նժդեհի մղած կռիւներու, յաղթանակներու մասին, եթէ չեմ սխալիր, 14-15 տարեկան էի: Յետոյ կարդացի Ռուբէնի յուշերը, Րաֆֆիի, Մալխասի, Տեմիրճեանի, Զոհրապի գրութիւնները: Լեռնահայաստանի ու Նժդեհի տարած յաղթանակներու մասին պատմութիւնները երեւակայութեանս մէջ կը գծագրուէին իբրեւ ֆիլմ: Կարծես կը պատկերացնէի, թէ այդ ամէնը ինչպէս եղած է: Բայց երբեք մտքիս ծայրով չէր անցեր, որ երբեւէ կ’ապրեմ այդ հողերու վրայ, ուր Նժդեհը կերտած է իր հերոսութիւնը:

Իսկ հիմա, երբ կ’ապրիմ այնտեղ, ամէն առաւօտ կը զարթնիմ ու Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ ունեցած ենք Նժդեհի պէս հերոսներ, որոնք հայրենիք կերտած են, եւ դուն այսօր կրնաս քու չնչին մասնակցութիւնդ բերել այդ հողի հզօրացման գործին: Երբեմն տակաւին չեմ հաւատար, բայց ուրախ եմ:

Միակ տարբերութիւնը այն է, որ կը ցանկայի իմ ժողովրդս աւելի լաւ վիճակի մէջ տեսնել: Այսօր Սիւնիքի ժողովուրդը բաւականին դժուարութեան մէջ է, աշխատանքը քիչ է, կեանքը սուղ, աշխատավարձերը չեն բաւարարեր, լքուած ընտանիքներ, հերոս տղաներու ընտանիքներ կան, որոնք տակաւին հացի դրամ չունին:

Ցանկութիւնս է, որ ոչ միայն Սիւնիքը, այլեւ Հայաստանը տնտեսապէս աւելի հզօր ըլլայ, ժողովուրդը աւելի լաւ ապրի, գնահատուի: Դժուար է յատկապէս, երբ այդ բոլորը ամէն օր մաշկիդ վրայ կը զգաս, ապրելով, շփուելով ժողովուրդի հետ` կը տեսնես անոր ցաւը:

Մնացած ամէն ինչը դրախտ է ինծի համար:

Հ- Կ’ուզէի քիչ մը խօսիք ձեր ղեկավարած «Դանդի փրիշս մեթալս Կապան» ընկերութեան մասին:

Պ- Գանատական «Դանդի փրիշս մեթալս Կապան» ԲԲԸ-ն միջազգային ընկերութիւն է գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Տորոնթոյի մէջ), որ հանքեր ունի Պուլկարիոյ եւ Հայաստանի, ձուլարան` Նամիպիայի, հետախուզական տարածքներ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:

«Դանդի փրիշս մեթալս Կապան» ընկերութիւնը կը զբաղի թանկարժէք մետաղներու` ոսկի, արծաթ, պղինձ, ցինկ, արդիւնահանմամբ: Հանքավայրը առաջին անգամ շահագործուած է 1860 թուականին. 154 տարուան հանքավայր է: Մինչեւ 2002 թուականը պատկանած է պետութեան, ապա սեփականաշնորհուած է զուիցերիացի ներդրողներու, որոնցմէ ալ 2006 թուականին զայն ձեռք բերած է գանատական ընկերութիւնը:

Ընկերութիւնը այսօր 1200 աշխատող ունի: Նպատակ ունինք աշխատողներու թիւը 60-65-ով աւելցնել: Մեր աշխատակիցներու 99 տոկոսը տեղացի հայեր են, ունինք 23 օտարերկրեայ աշխատողներ:

2006 թուականէն ի վեր հսկայական ներդրումներ կատարուած են եւ հանքավայրը այսօր կը համապատասխանի միջազգային բարձրագոյն չափանիշներուն:

Ընկերութիւնը ունի իր ներքին դպրոցը: Պարբերաբար կը հրաւիրուին մասնագէտներ, որոնք մեր աշխատողներու համար մասնագիտական  դասընթացներ կ’իրականացնեն: Մեր աշխատողները կը վերապատրաստուին նաեւ արտասահմանի մէջ:

ՀՀ կառավարութեան տուեալներով Հայաստանի մէջ ամենաբարձր միջին աշխատավարձը Կապանի մէջ է: Դժբախտաբար, միաժամանակ ամենաբարձր գործազրկութիւնը նոյնպէս, մօտաւորապէս 30 տոկոս, մինչդեռ Հայաստանի այլ շրջաններու մէջ` 23 տոկոս է:

Երեւանի մէջ միջին աշխատավարձը կը կազմէ 150 հազար դրամ, Կապանի մէջ` 179 հազար: Ընկերութեան աշխատակիցներու միջին աշխատավարձը 240 հազար դրամ է:

Եւ այդ ամէնը` շնորհիւ «Դանդի փրիշս մեթալս Կապան» ընկերութեան վերջին տարիներուն ձեռնարկած քայլերուն:

Տակաւին բարելաւման ընթացակարգը կը շարունակուի: Մեր նպատակներէն մէկն ալ այն է, որ կամաց-կամաց ընկերութեան կառավարումը ամբողջութեամբ յանձնենք հայաստանցիներուն:

Հ- Իսկ ընկերութիւնը Կապանի, կապանցի հոգերով կ’ապրի՞:

Պ- Բնականաբար, մենք զանազան ծրագիրներու շուրջ միշտ կը գործակցինք քաղաքապետարանի, մարզպետարանի հետ: Երբ եկայ Կապան, առաջին ներդրումային ծրագիրը քաղաքի մանկապարտէզներուն համար մշակեցինք:

Ես երկու փոքրիկ ունիմ. Նարէն Յունուարին կը դառնայ 6 տարեկան, Մանէն 3,5 տարեկան է: Իբրեւ ծնող, բնականաբար, զիս շատ հետաքրքրեց քաղաքի մանկապարտէզներուն վիճակը: Երբ այցելեցի մանկապարտէզներ` սարսափեցայ պայմաններէն: Կը յիշեմ` տիկնոջս ըսի, որ երբեք իմ երեխաներս այս մանկապարտէզները չեմ ղրկեր: Ըսի, բայց յետոյ մտածեցի` եթէ մենք մեր երեխաները չենք ղրկեր, ինչո՞ւ ուրիշը պիտի ղրկէ:

Հանդիպեցայ այդ ժամանակուան Կապանի քաղաքապետին եւ ըսի, որ ընկերութիւնը կը հոգայ մանկապարտէզներու վերանորոգման ծախսերը: Քաղաքապետը շատ ուրախացաւ, մենք ծրագիր մշակեցինք եւ առաջին տարուան ընթացքին մօտ 500 հազար ԱՄՆ տոլարի ներդրում կատարեցինք: Ծրագիրը երեք ու կէս տարի է արդէն կը շարունակուի: Կապանի բոլոր 12 մանկապարտէզները օգտուած են այս ծրագրէն: Դպրոցները, եկեղեցիները, թանգարանները նոյնպէս ընկերութեան ուշադրութենէն չեն վրիպած:

Եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ` բացած ենք կիրակնօրեայ դպրոցներ, ուր յաճախող երեխաները Աստուածաշունչէն դրուագներ կը սորվին:

Ընկերութեան ուշադրութեան կեդրոնին են նաեւ ազատամարտիկներու ընտանիքները: Կապանի մէջ ունինք 216 զոհուած ազատամարտիկներ եւ 16-20 (ստոյգ թիւը յայտնի չէ) կորած ազատամարտիկներ: Կը համագործակցինք նաեւ Ղարաբաղի Ազատամարտի վետերաններու կոմիտէի հետ:

Կ’իրականացնենք նաեւ առողջապահական ծրագիրներ:

Ընկերութեան սոցիալական ծրագիրներու գումարը տարեկան կը կազմէ մօտ 1 միլիոն ԱՄՆ տոլար:

Վերջերս, ոչ պաշտօնական ձեւով, սկսած ենք Արցախի մէջ ներդրումներ կատարել: Ես նաեւ անձնապէս ներդրումներ կը կատարեմ եւ ուրախ եմ, որ կարելիութիւն ունիմ այդ մէկը ընելու:

Կովսականի մէջ, որ ազատագրուած տարածք է, կ’ապրի 880 բնակիչ: Այնտեղ մենք կառուցած ենք ռազմադաշտ, ուր մեր երիտասարդները կրնան ռազմահայրենասիրական դասընթացներ իրականացնել:

Կը քաջալերենք Արցախի պատանիներու, երիտասարդներու կատարած աշխատանքները, մշակութային ձեռնարկներ կ’իրականացնենք:

Հանդիպած եմ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, վարչապետ Արա Յարութիւնեանի, նաեւ` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Բաւականին լուրջ ծրագիրներ կան, յոյսով ենք, որ կը շարունակենք ներդրումներ կատարել ոչ միայն Սիւնիքի, այլեւ Արցախի մէջ:

Հ- Կարելի՞ է ըսել, որ ձեր ապագան այլեւս Հայաստանի մէջ է:

– Տա՛ Աստուած:

Հ- Եւ վերջին հարցը. առաջնորդուելով ձեր անձնական օրինակով` ի՞նչ խորհուրդ կու տաք այն սփիւռքահայերուն, ովքեր երկմտանքի մէջ են Հայաստան տեղափոխուելու , ներդրումներ կատարելու հարցով:

Պ- Չեմ մեղադրում այն մարդոց, ովքեր կը հեռանան Հայաստանէն կամ կը խուսափին ներդրումներ կատարելէ Հայաստանի մէջ: Հայաստանի մէջ պիզնես ընելը ոչ թէ դժուար է, այլ շատ դժուար է:

Մեր երկրի մէջ տակաւին խոչընդոտներ ունինք, կաշառակերութիւնը մեծ չափերու կը հասնի, թափանցիկութեան պակաս կայ: Որոշ նախարարութիւններու աշխատելաոճը պարզապէս զզուելի է:

Բայց ես մէկ բան գիտեմ, դու անոնցմէ աւելի զօրաւոր ըլլաս, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, հակամարտութեան մէջ պէտք է մտնես, եթէ ոչ, ապա քեզի կուլ կու տան:

Յաճախ ինքզինքիս կը հարցնեմ, թէ իբրեւ սփիւռքահայ չե՞մ վախնար, յատկապէս որ դաշնակցական եմ: Կ’ըսեմ` ոչ, իրենք պէտք է ինձմէ վախնան, մարդը ինչո՞ւ իր հայրենիքի մէջ պէտք է վախնայ: Ես միշտ հաւատացած եմ, որ պէտք է զօրաւոր ըլլամ, ինչպէս կ’ըսեն` լաւագոյն պաշտպանութիւնը յարձակումն է:

Իմ աշխատանքս շատ դժուար եղած է, շատեր փորձած են խոչընդոտել, բայց հարուածը աւելի զօրաւոր եղած է, զգացած են, որ ամէն սփիւռքահայ չէ, որ կրնան շահագործել:

Դուն պէտք է ըլլաս զօրաւոր եւ նպատակդ պէտք է ըլլայ մաքուր: Իսկ իմ նպատակներս մաքուր են. ես կ’ուզեմ` իմ ընկերութիւնս լաւ աշխատի, ըլլայ շահութաբեր, եւ մենք կարենանք մեր միջոցները օգտագործել մեր ժողովուրդին ծառայելու, առանց բացառութեան:

Դժուարութիւնները շատ են, բայց անոնք պէտք չէ պատճառ դառնան, որ ոեւէ սփիւռքահայ իր հայրէնքէն հեռու մնայ: Մենք պէտք է գանք հայրենիք, ներդրումներ կատարենք: Ըլլանք նպատակասլաց եւ զօրաւոր. ինչ ալ ըլլայ մեր հայրենիքն է` իր բոլոր դժուարութիւններով եւ առաւելութիւններով: Եթէ մենք չսկսինք, ով պիտի սկսի…

 Գանատայի “Հորիզոն”-ի համար զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up