Փըրմի Մեսրոպ Մաշտոցի Անունը Կրող Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցի Ուսուցիչները Հիւրընկալուեցան Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յուլիս 28-ին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցներ, Փըրմի Մեսրոպ Մաշտոցի անունը կրող հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչները հիւրընկալուեցան Սփիւռքի նախարարութեան մէջ:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան հիւրերուն փոխանցեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը եւ մասնաւորապէս նշեց. «Այս տարի նշուեց Փըրմի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի 15-ամեակը: Այս տարիների ընթացքում դպրոցը դարձել է հայապահպանութեան իւրայատուկ կենտրոն, շնորհիւ գիտակ եւ հայրենասէր ուսուցիչների` համայնքում պահպանուել եւ ծաղկել են մայրենին, հայ երգն ու պարը, հայի ոգին, երիտասարդ սերնդի մէջ սերմանուել են ազգային արժէքները, հայաճանաչութիւնն ու հայրենաճանաչութիւնը դարձել են առաջնային խնդիր»:

Բարձր գնահատելով Սփիւռքի մէջ հայ երեխաներու հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան գործին մէջ ունեցած  աւանդը` ՀՀ սփիւռքի նախարարի հրամանով կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէնը եւ խումբ մը ուսուցիչներ պարգեւատրուեցան մետալներով եւ պատուոգիրներով:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան Սփիւռքի մէջ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններուն եւ հայապահպանութեան գործին մէջ մեծ աւանդին համար Փըրմի Մեսրոպ Մաշտոցի անունը կրող հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Ժասմենա Հայրապետեանին յանձնեց  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Ոսկէ» մետալ: Դպրոցի ուսուցչուհի Զոյա Վարդանեան Սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման գործին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրման համար պարգեւատրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով: Ուսուցչուհիներ Աննա Հայրապետեան, Թագուհի Գրիգորեան, Նինա Վարդանեան, Ալեոնա Յարութիւնեան, Արմէնուհի Աբրոյեան, Լիլիթ Արսէնեան  եւ Անահիտ Նալբանդեան ստացան պատուոգիրներ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր գնահատանքի համար` Ժասմենա Հայրապետեան  նշեց, որ Փըրմի հայ համայնքն ու հայկական դպրոցը ամենաառաջիններէն  եղած են, որ սկսած են համագործակցիլ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ ամէն տարի կը մասնակցին նախարարութեան բոլոր ծրագիրներուն: «Մենք կը շարունակենք աշխատիլ այնպէս, որ դուք մեզմով հպարտ ըլլաք»,-ըսաւ Փըրմի կիրակնօրեայ հայկական դպրոցի տնօրէնը:

 

Scroll Up