Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը
Յուլիս 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ վարչութեան անդամ, սկաուտական բաժինի պատասխանատու Վաչէ Նաջարեանը:
Նախարարը կարեւոր համարեց համահայկական կազմակերպութեան հայանպաստ գործունէութիւնը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ 10-րդ մարզախաղերը Հայրենիքի մէջ իրականացնելու համար եւ նշեց, որ Երեւանի հիմնադրման 2800 ամեակին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 100-ամեայ յոբելեաններու նախաշեմին նման մակարդակի կազմակերպումը իւրայատուկ խորհուրդ ունի:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Գառնիկ Մկրտիչեան նշեց, որ կառոյցը համախմբած է հայ երիտասարդութիւնը Հայաստանի շուրջ եւ այսօր ալ աշխատանքներ կը ծաւալէ Հայրենիքի մէջ: ՀՄԸՄ համահայկական խաղերը Հայաստանի մէջ երրորդ անգամ կը կազմակերպուին: ՀՄԸՄ 10-րդ մարզախաղերուն կը մասնակցի աշխարհի 19 երկրէ 1250 հայ երիտասարդ:
Քննարկուեցան մարզախաղերու կազմակերպման առնչուող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՄԸՄ միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման, նախարարութեան ծրագիրներուն, մասնաւորապէս սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին կառոյցի մասնակցութեան, 2018թ. կառոյցի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին: