«Կը Ծառայենք Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ Եւ Ժողովուրդին». Տէր Շնորհք Աբեղայ Պալոյեան
Յուլիս 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ձեռագրատան պատասխանատու Տէր Շնորհք աբեղայ Պալոյեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարարը կարեւոր նկատեց Երուսաղէմի մէջ եկեղեցւոյ, համայնքի, դպրոցի պահպանութեան հարցերը:
Տէր Շնորհքը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ներկայացուց համայնքային նորութիւնները, անդրադարձաւ ձեռագրատան խնդիրներուն: Ան նշեց, որ բոլոր 4000 ձեռագիրները Նորայր արքեպիսկոպոս Պողարեանի շնորհիւ հաշուառուած են, նկարագրուած, ուսումնասիրուած: Ձեռագրատունը նուէր ստացած է թուայնացնող սարք եւ շուտով կը սկսին ձեռագիրներու թուայնացման աշխատանքները: Հնարաւորութեան պարագային կը ցանկան ընդարձակել ձեռագրատան տարածքները: