«Կարեւորը Հայրենիքն Է, Այն Է Կիզակէտը Եւ Անոր Հանդէպ Պարտք Ունինք Կատարելու». Սուրէն Պայրամեան
Յունիս 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Եգիպտահայ ազգային-հասարակական գործիչ դոկտ. Սուրէն Պայրամեանը եւ անոր տիկինը` Եգիպտոսի ձայնասփիւռի հայկական ժամի պատասխանատու Սոնիա Պայրամեան-Ոսկերչեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը կարեւոր համարեց Սփիւռքի մէջ անոնց հայանպաստ գործունէութիւնը, լեզուի եւ ինքնութեան պահպանութեան հարցերը:
Նախարարը ներկայացուց յառաջիկայ ծրագիրները եւ սփիւռքահայ գործիչը հրաւիրեց մասնակցելու սեպտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ կայանալիք «Հայրենիք-Սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովին:
Սուրէն Պայրամեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ արդիւնաւէտ զրոյցի համար, աւելցուց. «Ամէն անգամ սիրով ու կարօտով Հայաստան կու գամ: Կու գամ Հայրենիքի շունչը ստանալու, անով ոգեշնչուելու: Կարեւորը Հայրենիքն է, այն է կիզակէտը եւ անոր հանդէպ պարտք ունինք կատարելու»:
Եգիպտահայ գործիչը նախարարին ներկայացուց 2005թ. հրատարակուած «Հայ մամուլը Եգիպտոսի մէջ» իր աշխատութիւնը, որ իր մէջ կը ներառէ 1865-2005թթ. մատենագիտական ցուցակը` 61 տպարաններու մէջ տպագրուած 169 անուն թերթ: Գիրքը 2013թ. տպագրուած է անգլերէն եւ արաբերէն թարգմանութեամբ:
Ան նշեց, որ 2011թ հրատարակուած է իր «Հայ գիրքը Եգիպտոսի մէջ» (1888-2011թթ.) ուսումնասիրութիւնը, եւ այս տարի` 2017թ. տպագրուած է «Հայկական համայնքային կառոյցները Եգիպտոսի մէջ» աշխատութիւնը:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ համայնքային նորութիւններուն, մշակութային ձեռնարկներուն եւ բարեգործական ծրագիրներուն: