Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննէսեան, Ֆրանսահայ Գործարար Ռեմի Մակինաճեան Եւ Ֆրանսացի Բեմադրիչ Ատել Աւարտին Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, ֆրանսահայ գործարար, բարերար Ռեմի Մակինաճեանը եւ ֆրանսացի նշանաւոր բեմադրիչ Ատել Աւարտին:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը կարեւոր համարեց անոնց ազգանպաստ գործունէութիւնը եւ համայնքի ու եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող հայանպաստ զարգացումներուն:
Նախարարն առանձնակի ոգեւորութեամբ ողջունեց ֆրանսահայ բարերար Ռեմի Մակինաճեանի` Հայաստանի եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի մասին ֆիլմ նկարահանելու նախաձեռնութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Ռեմի Մակինաճեան կարեւոր համարեց Սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը եւ Հայաստանի զարգացման Սփիւռքի գործարարներու աշխոյժ մասնակցութիւնը: Ան ներկայացուց նշանաւոր բեմադրիչ Ատել Աւարտին, որ հայկական արմատներ ունի եւ հետաքրքրուած է Հայաստանով ու հայ մշակոյթով, ֆիլմի նկարահանումները սկսելէ առաջ ան եկած է տեսնելու եւ ընկալելու Հայաստան աշխարհը եւ խորապէս տպաւորուած է, արդէն ինքզինքը հայ կը զգայ:
Քննարկուեցան Ֆրանսայի հայկական համայնքային կառոյցներուն եւ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին համայնքի մասնակցութեան առնչուող հարցեր: