Լրագրողներու 8-րդ Համաժողովը Ամփոփեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները Երեւանի ՄԷջ

Հոկտեմբեր 21-ին Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի աշկատանքները շարունակուեցան «Տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրներն արտակարգ իրավիճակներու մէջ» առցանց քննարկումով, որուն կը մասնակցէին ոլորտի յառաջատար փորձագէտներ:
Քննարկումը կը վարէր մետիա փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան:
Հանրային ռատիոյի տնօրէն Արման Սաղաթելեան, կարեւոր համարելով ժամանակակից աշխարհի մէջ ռատիոյին դերը` որպէս յուսալի տեղեկատուութեան աղբիւր, նշեց. «Ռատիոն եղել է, կայ եւ մնում է տեղեկատուութեան տարածման ամենայուսալի, ամենակայուն համակարգերից մէկը: Ինչ վերաբերում է արտակարգ իրավիճակներում տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրներին` նշեմ, որ այսօր մենք ունենք բաւարար փորձառու եւ պատրաստուած կադրեր, տեխնիկական միջոցներ, եւ եթէ խօսենք ապրիլեան պատերազմի ընթացքում մեր տեղեկատուական ակտիւութիւնից եւ գործունէութիւնից, ապա նշեմ, որ մենք կարողացանք աշխարհի տեղեկատուական ընհանուր հոսքերի մէջ առաջ տանել, ապացուցել մեր տեսակէտներն ու դիրքորոշումը, միջազգային հանրութեանը ներկայացնել իրական պատկերը, եւ դա վկայել է միջազգային մամուլը»:
«Ռազմինֆօ» կայքի համակարգող Կարէն Վրթանէսեան խօսեցաւ այն մասին, թէ ռազմաքաղաքական արտակարգ իրավիճակներու ժամանակ ինչպիսի խնդիրներ կրնան ի յայտ գալ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Հայկական սփիւռքի լրագրողական դաշտին մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ սոցիալական ցանցերու մէջ ճշգրիտ եւ գործառնական տեղեկատուութիւն տարածելու հարցերուն:
Մետիա փորձագէտ Միքայէլ Եալանուզեան անդրադարձ կատարեց պատերազմական իրավիճակի մէջ լրագրողներու գործունէութեան ազատութիւններուն եւ սահմանափակումներուն եւ առաջարկեց կարգաւորել ոլորտը:
Ատրպէյճանական մամուլի փորձագէտ Անժէլա Էլիպեկովան անդրադարձաւ ատրպէյճանական մամուլի ստայօդ քարոզչութեան ու կեղծարարութեան հակադարձելու մեքենանութիւններուն եւ ուղիներուն:
Քննարկումներէն ետք տեղի ունեցան աշխոյժ շահեկան քննարկումներ, միտքերու փոխանակութիւն:
Այնուհետեւ մեկնարկեց «Հեռուստատեսութեան, ռատիոյի եւ ելեկտրոնային մամուլի համագործակցութեան հեռանկարները» թեմայով չորրորդ նիստը, որ վարեցին Լիբանանի «Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, ՌԴ «Երկրամաս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Տիգրան Թաւադեան, Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի թղթակից Աննա Կարապետեան, Յունաստանի «Արձագանք» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արտօ Դաւթեան:
Յունաստանի «Նոր Աշխարհ» թերթի խմբագիր Զաւէն Գրիգորեան ելոյթ ունեցաւ «Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ. Հայրենի հողը, Հայրենիքը եւ Պետականութիւնը» թեմայով:
Հանրային հեռուստաընկերութեան 2013-2016թթ. գործունէութիւնը եւ իրականացուող բարեփոխումները համապարփակ ներկայացուց Հանրային հեռուստաընկերութեան արտաքին կապերու պատասխանատու Էրիկ Անթառանեան:
Ան անդրադարձաւ Հանրային հեռուստաընկերութեան յոբելեանական 60-րդ եթերաշրջանի ընթացքին հեռուստադիտողներուն ներկայացուած 15 նոր հաղորդումներուն, տեխնիկական ձեռքբերումներուն, Հանրային հեռուստաընկերութեան համար տարիներ շարունակ գերխնդիր համարուող արխիւի պահպանման եւ թուայնացման հարցին, ինչպէս նաեւ «Մասս մետիա» գիտակրթական կեդրոնի գործունէութեան:
Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի թղթակից Սիլվա Գարավարդանեան անդրադարձաւ Լրատուական համահայկական գործելաոճի հիմնահարցերուն:
Ուքրանիոյ «Հայկական տեղեկատու» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Արտէմ Քարայեան հանգամանօրէն ներկայացուց սփիւռքեան կառոյցներուն հետ համագործակցութեան իրենց փորձը:
«Արեւելք» կայքի լրատուական փորձը հալէպահայերու դիմագրաւած տագնապներուն մասին» զեկոյցով հանդէս եկաւ Արեւելք լրատուական կայքի գլխաւոր խմբագիր Սագօ Արեան: Ան ներկայացուց սուրիահայերու հիմնախնդիրներու ճշմարիտ արծարծման կարեւորութիւնը լրատուամիջոցներուն մէջ:
Արժանթինի «Նոր դարաշրջան» թերթի գլխաւոր խմբագիր Էտուարտօ Նեսթրօ Պալեան խօսեցաւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայաստան առաւել ճանաչելի դարձնելու, հայ մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը պատշաճ ներկայացնելու հարցը:
Ելոյթ ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի լրագրող Կարինէ Աւագեան: Ան անդրադարձաւ Լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած լեզուական սխալներուն եւ կոչ ըրաւ առաւել հետեւողական ըլլալ հայոց լեզուի հարստութիւնն ու ճկունութիւնը ըստ արժանուոյն կրառելու հարցին:
Ամփոփելով համաժողովի` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հատուածը` նիստավար Համբիկ Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան եւ, մասնաւորապէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` Սփիւռքի լրատուամիջոցներուն հանդէպ ցուցաբերած ուշադրութեան, սերտ համագործակցութեան եւ նմանօրինակ համաժողովները կեանքի կոչելու համար, որոնցմէ իւրաքանչիւրը համահայկական տեղեկատուական դաշտի կատարելագործման, հայ լրագրողական հանրութեան համախմբման նոր հանգրուան է:
Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի երեւանեան երկօրեայ նիստը աւարտեց հետաքրքիր քննարկումներով, որմէ ետք ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան համաժողովի մասնակիցներուն բարի երթ մաղթեց դէպի պատմական Արցախ, ուր Հոկտեմբեր 22-23-ին կը շարունակուին եւ կ’ամփոփուին համաժողովին աշխատանքները: